Որոնել

Senza-titolo-21.jpg

Սուրբ Վլասի տօնը Հռոմի մէջ` նախագահութեամբ Ամեն. Հոգեւոր Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.ին

Պատարագիչ Հայրապետին քարոզին առանցքը կազմեց` Յիսուս, Բարի Հովիւը։ «Անոր է որ հետեւեցաւ Սուրբ Վլասը» ըսաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.ը, «Անոր օրինակով ապրեցաւ եւ հովուեց իրեն յանձնուած հաւատացեալները, իր կեանքը տալով Քրիստոսին»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 3 Փետրուար 2022-ի երեկոյեան ժամը վեցին, Հռոմի «Via Giulia» պողոտայի վրայ գտնուող Սուրբ Վլասի անուան Հայ Կաթողիկէ պատմական եկեղեցւոյ մէջ, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք` Ամենապատիւ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ-ի նախագահութեամբ մատուցուած սուրբ պատարագով, յիշատակուեցաւ Սեբաստիոյ երբեմնի եպիսկոպոս, կոկորդի ցաւերու պաշտպան սուրբ` Սուրբ Վլաս Հայրապետին ծիսական տօնը։

Սուրբ Վլասի տօնը Հռոմի մէջ
Սուրբ Վլասի տօնը Հռոմի մէջ

Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ սիւնհոդոսական հայրերը, որոնք այս օրերուն Հռոմի մէջ պիտի մասնակցին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսին, Անարատ Յղութեան Հայ քոյրերու միաբանութեան անդամները,

Հռոմի Լեւոնեան Ք. Հայ Վարժարանի սաներն ու մեծաւոր Հայրը, Հռոմ գտնուող հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրեր, Գարեգին Բ Վեհափառի  ներկայացուցիչ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Սուրբ Վլաս եկեղեցւոյ հոգատարութեամբ զբաղող մայրպետները, եւ Հռոմի հայ եւ իտալացի համայնքի հաւատացեալները։

Սուրբ Վլաս` արեւելքի եւ արեւմուտքի սուրբը

Պատարագին սկիզբը Եկեղեցւոյ Ռէկտոր` Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի ենթաքարտուղար` Հայր Ֆլավիօ Փաչէ շնորհակալական խօսք ուղղեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ որ յօժարած էր նախագահել սուրբ պատարագին հաւատացեալներէն խնդրելով նաեւ, որ իրենց աղօթքներուն մէջ յիշեն` 4 փետրուարին սկիզբ առնող Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսը։

Հայր Փաչէ նկատել տուաւ, որ եկեղեցւոյ մէջ համախմբուած են ըլլայ արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցւոյ, ըլլայ արեւմտեան կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատկան հաւատացեալներ եւ այս մէկը «խորհրդանիշն է սուրբ Վլասին` որ եղաւ կապ ընդմէջ արեւելքին եւ արեւմուտքին» ըսաւ Ան։

Սուրբ Վլասի տօնը Հռոմի մէջ
Սուրբ Վլասի տօնը Հռոմի մէջ

Հետեւիլ Բարի Հովիւին` Քրիստոսին

Պատարագիչ Հայրապետին քարոզին առանցքը կազմեց` Յիսուս, Բարի Հովիւը։ «Անոր է որ հետեւեցաւ Սուրբ Վլասը» ըսաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.ը, «Անոր օրինակով ապրեցաւ եւ հովուեց իրեն յանձնուած հաւատացեալները, իր կեանքը տալով Քրիստոսին»։

«Բարի Հովիւը օրինակ է բոլորիս, ոչ միայն կղերական դասին. Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ պէտք է օրինակ առնէ Բարի Հովիւէն ու հետեւի անոր ցոյց տուած ուղիին։ Ամէն ոք իր միջավայրին մէջ կարող է դառնալ բարի հովիւ, հայրերն ու մայրերը իրենց ընտանիքին մէջ, աշխատաւորները իրենց աշխատանքի միջավայրին մէջ, մեր ապրած ընկերութեան մէջ» ըսաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը խրախուսելով հաւատացեալները միշտ ի միտ ունենալու այս մէկը ու Քրիստոսը ընտրելու որպէս իրենց կեանքի տիպար։

Սուրբ Պատարագի աւարտին հաւատացեալները հերթով մօտեցան խորան ընդունելու համար Սուրբ Վլասի մասունքով կոկորդի օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/02/2022, 09:30