Որոնել

Հրաւէր աղօթելու Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսին դիտաւորութեան Հրաւէր աղօթելու Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսին դիտաւորութեան 

Հրաւէր` աղօթելու Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսին դիտաւորութեան

Սիւնհոդոսին բացումը նախատեսուած է ուրբաթ` 4 Փետրուարի առաւօտեան ժամը 7:30-ին, Սիւնհոդոսական հայրերու մատուցած համապատարագով։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժին

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան դիւանը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ հրաւէր կ՛ուղղուի հաւատացեալ ժողովուրդին «ջերմօրէն աղօթելու» Հայ Կաթողիկէ Սիւնհոդոսին դիտաւորութեան համար»։

Հաղորդագրութիւն կը նշէ թէ «Նախագահութեամբ՝ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ  Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ մասնակցութեամբ՝ Նուիրապետութեան Արքեպիսկոպոսներուն ու Եպիսկոպոսներուն, Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսը պիտի գումարուի 4-էն 12 Փետրուար 2022-ին, Հռոմ՝ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանին մէջ»:

Սիւնհոդոսին բացումը նախատեսուած է ուրբաթ, 4 Փետրուարի առաւօտեան ժամը 7:30-ին, Սիւնհոդոսական հայրերու մատուցած համապատարագով։

Սիւնհոդոսական նիստերու օրակարգը հիմնականօրէն պիտի ընդգրկէ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ընդհանուր կացութեան արժեւորումն ու կարիքներու ուսումնասիրութիւնը, ինչպէս նաեւ թեմերու հարցերն ու մարտահրաւէրները։

Վերոնշեալ սիւնհոդոսը պիտի ըլլայ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքին պաշտօնապէս նախագահած առաջինը` Անոր անցեալ տարի 23 սեպտեմբերի ընտրութենէն ետք։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/01/2022, 08:54