Որոնել

Մոգերն ու աստղը Մոգերն ու աստղը 

Հայր Գէորգ եպիս. Ասատուրեանին շաբաթական հաղորդաշարը «Ո՞ր մէկ աստղին պէտք է հետեւինք»։

« Անոր աստղը տեսանք արեւելքի մէջ եւ եկանք երկրպագելու անոր» ( Մտթ. 2:2)

« Անոր աստղը տեսանք արեւելքի մէջ եւ եկանք երկրպագելու անոր» ( Մտթ. 2:2)

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Վերոյիշեալ համարին մէջ Մատթէոս աւետարանիչ մեզի կը պատմէ այն աստղին մասին, որ մոգերուն երեւեցաւ եւ զիրենք առաջնորդեց դէպի մանուկ Յիսուսը: Արդեօ՞ք կարելի է այս մոգերը 'իմաստուն մարդիկ' անուանել. նկատի ունենալով, որ անոնք կրցան զանազանել այն աստղը՝ որ զիրենք պիտի առաջնորդէր դէպի երջանկութիւն, խաղաղութիւն եւ մանաւանդ դէպի մանուկ Յիսուսը: Իմաստութեան կողքին անոնց մէջ կարելի է տեսնել նաեւ այլ առաքինութիւններ ինչպէս՝ քաջութիւն, հաստատամտութիւն եւ հետեւողականութիւն: Այս կ'ըսենք, որովհետեւ անոնք հաստատամիտ էին իրենց փնտռտուքին մէջ, չվախցան Հերովդէսի սպառնալիքէն, եւ մանաւանդ զօրաւոր փափաք ունէին նորածին թագաւորը տեսնելու համար:

Մոգերը երբ տեսան փայլող աստղը, անոնք իրենց ճամբորդութեան պարկն ու պայուսակը պատրաստեցին, նուիրելիք ընծաները ապահովեցին եւ ճամբայ ելան իրենց նպատակը իրականացնելու տեսլականով:
Աստղը առաջնորդեց զիրենք դէպի այն վայրը, ուր մանուկ Յիսուսը կը գտնուէր: Տեսնելով նորածին արքան ուրախացան, երկրպագութիւն ըրին, եւ իրենց նուէրները մատուցին անոր ՝ ոսկի, խունկ եւ զմուռս:

Մեր այսօրուայ աշխարհին մէջ շատ աստղեր կը գտնուին մեր շուրջը՝ ըլլան անոնք քաղաքական, նիւթական հրապոյրներու, գիտական, փիլիսոփայական, ճարտարարուեստի եւ մանաւանդ արուեստի հրապուրիչ աշխարհէն ներս: Կարեւոր է քեզի համար, որպէս մարդ անհատ եւ մանաւանդ որպէս քրիստոնեայ՝ ո՞ր մէկ աստղին պէտք է հետեւիս: Անշուշտ պիտի փափաքէիր, որ միշտ երջանիկ ըլլայիր եւ ամբողջական (կատարեալ) կեանք մը ունենայիր: Կը խրատեմ քեզի մոգերու աստղին հետեւիլ, որովհետեւ ան զանոնք իսկական երկնային երջանկութեան հասցուց, բան մը՝ որ այս աշխարհը երբեք չի կրնար շնորհել քեզի: Դուն ալ մոգերուն նման մանուկ Յիսուսին քով գնայ եւ երկրպագէ անոր: Բաց քու սիրտդ եւ միտք Քրիստոսի եւ անոր առջեւ դիր քու ապագայի ծրագիրներդ եւ մտահոգութիւններդ: Իրէն առաջարկէ քու գաղափարներն ու ծրագիրներդ, հաւատքի զօրութիւնդ եւ անհուն սէրդ:

Մոգերը իրէն նուիրեցին ոսկի՝ դուն ալ ներկայացուր անոր քու կարողութիւններդ, կորովդ եւ ժամանակդ:
Մոգերը նուիրեցին խունկ՝ դուն ալ քու սրտի խորքերէն բխած աղօթքներդ ընծայէ, որ խոնարհ սրտէ կը բխի եւ կը հասնի մինչեւ Աստուծոյ գահը:

Մոգերը նուիրեցին զմուռս՝ դուն ալ ներկայացուր իրէն քու բոլոր յոգնութիւններդ ու դժուարութիւններդ եւ մանաւանդ քու խաչերդ:
Մոգերը Յիսուսի հանդիպելէ ետք, այլ ճամբով վերադարձան իրենց երկիրը, որպէսզի Հերովդէսի չհանդիպին: Դուն ալ Յիսուս մանուկին հանդիպելէն ետք, քու կեանքի ճամբադ շարունակէ նոր եւ նորոգուած ուղիով մը:
Աղօթենք սիրելիներ իրարու համար, հասկնալու համար աստուածային պատգամը, որ մեզ կ'ուղղէ դէպի սէր, հաւատք եւ խաղաղութիւն:

Հայր Գէորգ Եպիսկ Ասատուրեան
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/01/2022, 08:20