Որոնել

Համամիութենական աղօթք Թաքսիմի Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ Համամիութենական աղօթք Թաքսիմի Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ 

Համամիութենական աղօթք Թաքսիմի Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ

Մեր աղօթքն է` որ Տէր Յիսուս միացնէ իր Եկեղեցին եւ Աստուածամայրը միջնորդ ըլլայ, որպէսզի Եկեղեցին խաղաղ ու համերաշխ ապրի այս աշխարհի մէջ եւ բարի օրինակ ըլլայ համայն մարդկութեան։

Վատիկան Նիուզ - Հայկական բաժին

Ուրբաթ 21 Յունուար 2022 «Ակիա Դրիատա» Թաքսիմի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Ամենապատիւ Բարթողոմէոս Կ. Պոլսոյ Յունաց Պատրիարքին, տեղի ունեցաւ 2022-ի միութենական աղօթքը։

Աղօթքին մասնակցեցաւ որպէս Արհի. Տէր Լեւոն Արք. Զէքիեանի Ներկայացուցիչ՝ Գերյարգելի Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, որ իր աղօթքի բաժինը կարդաց հանրութեան։

Աղօթքի երեկոյին մուտքը սահմանափակուած էր համաճարակի պատճառաւ։ Սակայն ներկայ էին Թուրքիոյ բոլոր քրիստոնեայ հասարակութիւններու ներկայացուցիչները։

Մեր աղօթքն է` որ Տէր Յիսուս միացնէ իր Եկեղեցին եւ Աստուածամայրը միջնորդ ըլլայ, որպէսզի Եկեղեցին խաղաղ ու համերաշխ ապրի այս աշխարհի մէջ եւ բարի օրինակ ըլլայ համայն մարդկութեան։

Համամիութենական աղօթք Թաքսիմի Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ
Համամիութենական աղօթք Թաքսիմի Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/01/2022, 08:20