Որոնել

Ճշմարիտ հացը որ յաւիտենական կեանք կու տայ Ճշմարիտ հացը որ յաւիտենական կեանք կու տայ  

Կիրակի 23 Յունուար 2022 – Երրորդ Կիրակի Յիսնակաց Ճշմարիտ հացը որ յաւիտենական կեանք կու տայ (Յովհաննէս Զ. 22-38)

Այն անձը որ կամաւոր կերպով կը զրկէ ինքզինք այս երկնաւոր հացէն, կը մնայ հոգեպէս անօթի եւ երբեք չի կշտանար իր կեանքի ընթացքին։ Նաեւ այն անձը որ անարժանաբար կը մօտենայ ու կը ճաշակէ այդ հացէն, նոյնպէս կը դատապարտէ ինքզինք յաւիտենական կորստեան։ Որովհետեւ` ինչպէս մեր ձեռքերը կը լուանք ճաշի նստելէ առաջ` նոյնպէս ալ մեր հոգիները լուալու ենք ամէն մեղքերէն, արժանաւո-րապէս հաղորդութեան մերձենալու համար։
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Առաքեալները կը վերադառնան Սամարիոյ այդ ջրհորին մօտ ուր թողած էին Յիսուսը եւ մեկնած՝ կերակուր բերելու: Իսկ երբ կ'առաջարկեն իրեն ուտել այն հացէն եւ կերակուրէն զոր բերած էին, ահա Յիսուս կը մերժէ եւ կ'ըսէ իրենց. «Մարդ միայն հացով չ՛ապրիր» ։ Յիսուս կը կերակրուի այնպիսի հացով մը որ նիւթական չէ. որով բնական հացը կը կշտացնէ որովայնը մի քանի ժամուան համար, սակայն մարդս դարձեալ կ՛անօթենայ. Օրուան մէջ առ նուազն երեք անգամ ճաշի կը նստինք եւ ասիկա բնական կը գտնենք, որովհետեւ մեր մարմնի պահանջքին համաձայն կ՛ընթանանք։ Իսկ հարց տանք մենք մեզի. մարդը միայն մարմնէ՞ կը բաղկանայ։

Ոչ, այլ նաեւ հոգիէ: Հոգին է կենդանարար եւ էական մարդկային կեանքին մէջ. Ան է որ մեզ կ՛անցնէ  մահուընէ ալ անդին եւ կը հասցնէ յաւիտենական կեանքի. Սակայն հոգին եւս պէտք ունի սնունդի, եթէ ոչ` կը սպառի ու մեր կեանքէն աներեւոյթ կ'ըլլայ, մեզ թողլով վատ եւ անել վիճակի մը մէջ։ Իսկ հոգւոյ կերակուրը ի՞նչն է. Արդեօք խանութներ կա՞ն որոնք հոգւոյ կերակուր կը ծախեն։ Ոչ, հոգւոյ կերակուրը Աստուծոյ խօսքն է, մեր հաղորդակցութիւնն է Աստուծոյ Որդիին հետ։

Ասոր համար է որ Քրիստոս կը խօսի ճշմարիտ հացին մասին, որ, նիւթական չըլլա-լով` կը մնայ անսպառ, այսինքն թէ այդ հացէն ճաշակողը միանգամ ընդ միշտ  կը կշտանայ եւ այլեւս պէտք չունենար ուրիշ կերակուրի։

Ինչպէ՞ս կարելի է այդ հացն ստանալ. Ամէն օր, եկեղեցիներու խորաններուն վրայ, վարդապետները կը պատրաստեն այդ հացը եւ կը բաժնեն ժողովուրդին։ Ամէն պատա-րագի ընթացքին` այդ հացը կը գոյանայ վարդապետի խօսքերուն ազդեցութեամբ եւ կու գայ կերակրելու բոլոր այն հոգիները որոնք անօթութիւնը կը զգան Աստուծոյ խօսքին։

Շատ բնական կը թուի մեզի որ մարդ մը իր բոլոր կեանքը աշխատի որպէսզի իր ամենօրեայ հացը կարենայ ճարել, եւ այսպէսով ինք եւ իր ընտանիքը կրնան հանգիստ կերպով ապրիլ։ Ինչու՞ ուրեմն բնական չենք գտներ երբ մարդ իր հոգեկան հացը ճարելու համար, եկեղեցի կը յաճախէ, իր առօրեայ աղօթքները կը կատարէ եւ կը հետեւի առանց տարակոյսի Քրիստոսի ճշմարիտ վարդապետութեան։

Քրիստոս աւելի մեծ է քան Մովսէս, քանի որ Մովսէս պարզապէս հնազանդեցաւ Աստուծոյ մէկ հրամանին եւ կերակրեց իրեն հետեւող ժողովուրդը անապատին մէջ։ Քրիստոս ինք նոյն Աստուծոյ Միածին Որդին է, որ իր իշխանութեամբ կը պարգեւէ երկնաւոր հացը եւ կը խոստանայ որ անկէ կերողը յաւիտեան պիտի ապրի։ Սուրբ հաղորդութիւնը որ կը բաշխուի սուրբ պատարագի ընթացքին` Քրիստոսի կենդանի մարմինն ու արիւնն է, որով ան կեանք կու տայ բոլոր իրեն հաւատացողներուն։

Այն անձը որ կամաւոր կերպով կը զրկէ ինքզինք այս երկնաւոր հացէն, կը մնայ հոգեպէս անօթի եւ երբեք չի կշտանար իր կեանքի ընթացքին։ Նաեւ այն անձը որ անարժանաբար կը մօտենայ ու կը ճաշակէ այդ հացէն, նոյնպէս կը դատապարտէ ինքզինք յաւիտենական կորստեան։ Որովհետեւ` ինչպէս մեր ձեռքերը կը լուանք ճաշի նստելէ առաջ` նոյնպէս ալ մեր հոգիները լուալու ենք ամէն մեղքերէն, արժանաւո-րապէս հաղորդութեան մերձենալու համար։

Ուստի չզրկենք մենք մեզ այսպիսի մեծ շնորհքէ մը, նախապէս անշուշտ մեր սրտերը մաքրելով, որպէսզի արժանի դառնանք այս մեծ շնորհքին. Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/01/2022, 08:55