Որոնել

Կեանքի պայքար՝ ընդմէջ խաւարին եւ լոյսին Կեանքի պայքար՝ ընդմէջ խաւարին եւ լոյսին 

Երկրորդ կիրակի յետ Յայտնութեան.Կեանքի պայքար՝ ընդմէջ խաւարին եւ լոյսին (Յովհաննէս 3, 13-21)

Մենք կը գտնուինք խաւարին եւ լոյսին միջեւ. Խաւարը միշտ մեզ կը հետապնդէ եւ կ՛ուզէ մեզ կլանել, սակայն լոյսը մեզ կը քաշէ դէպի իրեն եւ մեզի յոյս կը ներշնչէ հասնելու մեր նպատակին, ապրելու լուսաւոր աշխարհի մէջ, հեռու խաւարային ամէն ազդեցութենէ եւ ճնշումէ։
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Յովհաննէսի աւետարանը լոյսի աւետարանն է: Ան միշտ կը խօսի լոյսի մասին եւ իրեն համար, լոյսը՝ Յիսուս Քրիստոս ինքն է, որ աշխարհ եկաւ մարդոց մտքերը խաւարէն ազատելու եւ ճշմարտութեան լոյսով լուսաւորելու:

Իսկ ինչ որ Յիսուսէն չի գար, անիկա խաւար է, սուտ է, կը պղտորէ մարդոց մտքերը եւ կ'առաջնորդէ զիրենք դէպի դատապարտութին:

Ընտրել խաւարը` կը նշանակէ մերժել լոյսը եւ հեռանալ ու փախչիլ լոյսէն։ Յիսուս կը խօսի այն մարդոց մասին որոնք կարելիութիւնն ունին ընտրութիւն ընելու, շատ լաւ կը տեսնեն ճշմարտութիւնը եւ սակայն կը փնտռեն սուտը եւ կամովին կ՛իյնան չարին ճիրաններուն մէջ։ Անշուշտ կը խօսի նախ իր շուրջը գտնուող Փարիսեցիներու մասին, որով այս խօսքերը ուղղուած են Նիկոդեմոս փարիսեցիին, որ եկած էր գիշերով իր մօտը` լուսաբանուելու իր վարդապետութեան շուրջ։ Փարիսեցիներու մեծամասնութիւնը, որոնք ըմդհանրապէս ուղիղ մարդիկ էին, սակայն, տեսնելով հանդերձ ճշմարտութիւնը Յիսուսի քարոզութեան, չէին ուզեր հաւատալ անոր։

Իսկ մենք, այսօր, ի՞նչ է մեր նախընտանքը։ Մտիկ ընել Քրիստոսի խօսքերուն եւ հաւատա՞լ անոր, թէ ըսել. Շատ կարծր են քու խօսքերդ, դժուար է հետեւիլ քեզի, կը նախընտրենք մենք մեր ազատ ճամբէն քալել, եւ ընթացք տալ մեր քմահաճոյքին, կատարելով մեր կամքը, այսինքն ազատ ապրելով Աւետարանի դրած արգելքներէն։ Նիկոդեմոս հաւանաբար մէկն էր այդ հազուագիւտ փարիսեցիներէն որ Քրիստոսի խօսքերուն հաւատաց եւ հետեւեցաւ անոր։ Բայց շատերը բռնեցին կորստեան ճամբան։

Մենք կրնանք շատ լաւ օրինակելի կեանք մը ապրիլ, պահելով բոլոր կանոնները, հաւատարիմ ըլլալով բոլոր պատուիրաններուն եւ որեւէ մէկուն իրաւունքը չառնելով, այլ նոյնիսկ աղքատներուն օգնելով։ Սակայն այս բոլորը չի բաւեր լոյսի մէջ քալելու համար. Իրական լոյսը Յիսուսն է, որուն միակ օրէնքը կը կայանայ հետեւեալին մէջ. Սիրէ՛ քու ընկերս քու անձիդ պէս, օգնութեան հասիր անոր` նեղութեան մէջ եւ, եթէ պէտք է, զոհէ քու անձդ իրեն համար։ Այսքան մեծ զոհողութեան`որեւէ մէկը պատրաստ չէ. ասոր համար ալ բոլորովին լոյսի մէջ չենք, այլ կը դիմենք դէպի լոյսը։

Մենք կը գտնուինք խաւարին եւ լոյսին միջեւ. Խաւարը միշտ մեզ կը հետապնդէ եւ կ՛ուզէ մեզ կլանել, սակայն լոյսը մեզ կը քաշէ դէպի իրեն եւ մեզի յոյս կը ներշնչէ հասնելու մեր նպատակին, ապրելու լուսաւոր աշխարհի մէջ, հեռու խաւարային ամէն ազդեցութենէ եւ ճնշումէ։

Խուսափելու համար խաւարին իշխանութենէն հարկ է որ միշտ արթուն մնանք, աղօթքով, ապաշխարանքով եւ սրտի տրամադրութեամբ օգտակար դառնալու մեր շուրջը ապրողներուն, անոնց օրինակ ըլլալով մարդկային արժէքներով լեցուն կեանքի մը, ինչպէս նաեւ հոգելից կեցուածքի մը կեանքի դժուարութիւններուն դիմաց։

Ամենամեծ անխելքութիւնը պիտի ըլլար, մեր կողմէն, տեսնելով լոյսին առաւելութիւնները, շարունակել մնալ խաւարին մէջ։ Իրազեկ ըլլալով մեր քրիստոնեայի ինքնութեան, շարունակել ապրելու, նման անաստուածներուն եւ առանց յոյսի ապրողներուն, որոնք կ'անտեսեն իրենց կրօնական պարտականութիւնները, առարկելով թէ անդենական կեանք գոյութիւն չունի եւ թէ ամէն ինչ պիտի վերջանայ այս աշխարհին վրայ երբ մեր աչքերը վերջնականապէս փակենք։ Ոչ, Լսենք մենք Տիրոջ խօսքը, մօտե-նանք լոյսին, հեռանալով խաւարէն եւ անպայման փրկութեան հասած կ՛ըլլանք։ Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/01/2022, 08:43