Որոնել

Սուրբ Հաղորդութիւնը Սուրբ Հաղորդութիւնը  

Ո՞Վ Է ՔԱՀԱՆԱՆ` ՔԱՀԱՆԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀ. Տէր Կոմիտաս Տատաղլեան

Ստորեւ կը ներկայացնենք Տէր Կոմիտաս Ա. Քահանայ Տատաղլեանի քահանայական ծառայութեան նուիրուած խորհրդածութեան երկորդ մասը։

" ԵՍ ԵՄ ՃԱՆԱՊԱՐՀ, ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԿԵԱՆՔ"

" Այն հովիւը, որ կրնայ ըլլալ այնպէս ինչպէս Քրիստոս կը փափաքի,  այնպիսին աւելի պատուական կը նկատուի քան բիւրաւոր մարտիրոսներ, որովհետեւ մինչ անոնք: Քրիստոսի համար մէկ անգամ մեռան, իսկ ինք հաւատքի Համար բիւր անգամ կը նահատակուի"  ԲԱՐՍԵՂ ՄԱՇԿԵՒՈՐԵՑԻ - 14 Դար

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

 

ՔԱՀԱՆԱՅԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆՆԵՐԸ

Ժողովուրդէն առնուած եւ ժողովուրդին համար ծառայող քահանան ունի վսեմ պաշտօններ․

Ա․- ՈՒՍՈՒՑԱՆԵԼ
Ձեռնադրութեամբ՝ քահանան կը ստանայ պաշտօն ուսուցանելու․ "Գացէք ուրեմն աշակերտեցէք բոլոր ազգերը, մկրտեցէք զանոնք Հօր եւ Որդւոյ եւ Սուրբ Հոգիին անունով։ Սորվեցուցէք անոնց այն ամէնը, ինչ ու պատուիրեցի ձեզի" (Մատթ․ 28/19)։ Եւ այսպէս քահանան ցոյց կու տայ ճամբան որ կը տանի Աստուծոյ։ Կը բանայ հոգիներուն առջեւ հաւատքի լուսաւոր հորիզոնները։ Կը ջանայ փարատել խաւարը եւ լուսաւոր մարդը աստուածային ճշմարտութիւններով։
Քահանան պէտք է խոհեմութեամբ զրահուի իր առաքելութեան ընթացքին։ Իսկ իր խօսքերը՝ Յիսուսի խօսքերուն արձագանգն ըլլան, լի իմաստութեամբ եւ ճշմարտութեամբ։ Միշտ յիշէ Աւետարանին խօսքերը․"Եւ անոնք կը զարմանային անոր քարոզութեան վրայ, վասնզի անոնց կ՛ուսուցանէր իշխանութեամբ եւ ոչ թէ դպիրներու պէս" (Մրկ․ 1/21)։

Բ․- ԱՐՁԱԿԵԼ
Յիսուս ըսաւ․ " Առէք Սուրբ Հոգին։ Որոնց որ մեղքերը թողուք՝ թողուած ըլլան, ու որոնց որ կապէք՝ կապուած ըլլան" (Յովհ․ 20/23)։
Խոստովանանքի պահուն արձակումը քահանային առաւել մէկ փափուկ պաշտօններէն մէկն է․ ան ձկնորսութեան կը նմանի, որով մեղաւորը ձկան պէս՝ ինքնիր բերնովը կ՛իյնայ Աստուծոյ շնորհաց կարթին մէջ եւ խոստովանահայրը որ այդ կարթին թելը իր ձեռքն ունի, առանց սպաննելու՝ կը բռնէ զայն եւ անոր բերնէն թափուած մեղքի լեղուցն իսկ կ՛ընէ բուժարար դեղ ու դարման, եւ ապա կ՛արձակէ ողջացած ձուկը որ երթայ իր ծովագնաց կենցաղին մէջ աւելի զգուշաւոր իր առողջութեանը։ Այսպիսի հրաշագործ ու բուժարար ձկնորսութեան է որ կանչեց Յիսուս իր առաքեալներն ըսելով․ " Եկէք ինծի ես ձեզ մարդոց որսորդ պիտի ընեմ"։ Ուստի, քարոզութենէ յետոյ եւ անկից ալ աւելի առանձնայատուկ ու մօտէն հետապնդումն է հոգիներու՝ խոստովանութեան ձկնորսութիւնը։ Քարոզութիւնը կարթը կը նետէ, կը լարէ ուռկանը ծովի մէջ ու կ՛անցնի կ՛երթայ․ իսկ խոստովանահայրը, կը գործէ երբ կարթին եւ ուռկանին մէջ ինկած բռնուած են ձուկերը։
Ի՜նչ ահաւոր գործ, ի՜նչ սոսկալի պաշտօն, արձակել, կապել, թողուլ․․․ որմէ կախում ունի հոգիներու դատապարտութիւնը կամ փրկութիւնը; Ի՜նչ մեծ պատեհութիւն ձեռքի տակ ունենալ հոգի մը, որ եկած է խնդրելու այս շնորհքի արծարծումը։ Ի՜նչ մեծ պատասխանատուութիւն մը որ կը ծանրանայ միեւնոյն ատեն նոյնինքն քահանային վրայ, արժեւորելու քահանայական շնորհքին ճոխութիւնը։
Յիսուս աշխարհ չեկաւ միայն ճշմարտութիւն սորվեցնելու, ոչ ալ միայն մարդ-կային իմացականութիւնը լուսաւորելու, այլ մանաւանդ՝ Աստուծոյ ներումը երկրիս հաղորդելու։ Իր արիւնով լուալու, մարդուս հոգին՝ մեղքին գերութեան մէջ ահեղ կապերը խորտակելու․ "Ան սիրեց մեզ եւ իր արիւնով լուծեց կապանքները մեր մեղքերուն։ Ան մեզ ըրաւ թագաւորներն ու քահանաները իր Աստուծոյն եւ Հօրը, փառք եւ զօրութիւն անոր դարէ դար" (Յայտ․ 1/6):

Ամենաբարին Աստուած չի պահանջեր անկարելին մէկուն եւ միւսին կողմանէ․ երկուքին ալ բարի կամքը, հնարաւորը բաւական կը համարի, մնացածը կը լրացնէ Ինքը։ Կարեւորը հաւատքի մարդ ըլլայ քահանան, ըլլայ հաւատարիմ, գաղտնապահ եւ գիտակից իր պաշտօնին՝ եւ շնորհքը որ ի Ձեռնադրութենէ, պիտի գործէ առանց արգելքի, զօրութիւն է այն որ ի վերջոյ Փրկչէն կ՛ելլէ եւ կը բուժէ, կ՛արձակէ, ոտքի կը հանէ մեղքի անդամալոյծները։
Ուստի քահանան ոչ մէկ ճիգ պէտք է խնայէ հոգի մը փրկելու համար։

Գ․- ՊԱՏԱՐԱԳԵԼ – ԱՆԱՐԻՒՆ ԶՈՀԱստուծոյ եւ մարդուն միջնորդ մը պէտք էր, այդ միջնորդը Քրիստոս Ինք իսկ եղաւ։ Բայց մարդը այնչափ ողորմելի է, որ պէտք ունի Քրիստոսի եւ իր միջեւ այլ միջնորդի մը եւ այդ միջնորդը եղաւ Քահանան։ Եւ Քահանան է որ կը պատարագէ։

Պատարագամատոյցին մէջ քահանան կը հանդիպի հետեւեալ խօսքերուն․

" Անարիւն զենման զքահանայութիւն աւանդեցեր մեզ․․․․"

" Բաւականացո զիս զօրութեամբ Սուրբ Հոգւոյդ, որ զգեցեալ եմ քահանայականս շնորհ"։ Որովհետեւ առանց այդ Շնորհքին՝ մարդս պիտի չկարենար սպասարկել Ս․ Սեղանի ահաւոր Խորհուրդին․ " Ոչ ոք արժանի է ըմբռնելոցս մարմնաւոր ախտիւք կամ ցանկութեամբ մատչիլ ի սեղանս կամ սպասաւորել արքունական փառաց քոց․ քանզի պաշտել զքեզ մեծ եւ ահաւոր երկնային զօրութեանց իսկ է"։

Ուստի հարկ է յաճախ յիշէ քահանան պատարագէ առաջ ստացած այս վսեմ պաշտօնը․ " Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ․․․․․"

Յիսուս Քրիստոս ըստ Կարգի Մելքիսեդեկի իր յաւիտենական քահանայութեան մեծավայելչութեամբ՝ Իր Հօրը Աստուծոյն ընծայեց իր Մարմինը ու Արիւնը՝ հացի եւ գինիի տեսակներու տակ եւ զանոնք ներկայացուց իր աշակերտներուն ըսելով․

" Առէ՛ք, կերէ՛ք, այս է իմ մարմինս"․ եւ բաժակը առնելով գոհութիւն յայտնեց, տուաւ անոնց ըսելով․ " Խմեցէ՛ք անկէ ամէնքդ, որովհետեւ այդ է Նոր Ուխտի իմ Արիւնս, որ կը թափի շատերուն վրայ՝ մեղքերու թողութեան համար" (Մատթ․ 26/26-28)։ Եւ միեւնոյն ատեն զանոնք Նոր Ուխտի քահանայ կարգեց․ " Այս բանը ըրէք իմ յիշատակիս համար" (Ղուկ․ 22/19):։

Յիսուս անոնց կը հրամայէ որ իր Նուիրական Մարմինը եւ Ս․ Արիւնը ընծայեն անարիւն պատարագով մը։ Այսպէսով, Վերնատան մէջ կը կտակէ երկու Հրաշալի ստեղծագործութիւն՝ Ս․ ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՔԱՀԱՆԱՅՈՒԹԻՒՆԸ։

Ի՜նչ հրաշալի բառեր․․․ պատարագել․․․ սրբագործել․․․ Յիսուսի Մարմինը եւ Արիւնը ընել հացն ու գինին, որ ընծայուած են այդ նպատակաւ։

Երնէ՛կ քահանային, որ կը մատուցանէ անարիւն զոհը։

Լամբրոնացին քահանայութեան համար կ՛ըսէ․ " Աստուածավայել Շնորհ է" անով է որ քահանան Յիսուսի մէջ է եւ Յիսուս քահանային մէջ․ " Դուք իմ մէջս էք եւ ես ձեր մէջ" (Յովհ․ 14/20):

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/01/2022, 12:55