Որոնել

Աղօթք Աղօթք 

«Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» կազմակերպութեան հրաւէրը աղօթելու Միանմարի համար

ՄԱԿի գաղթականներու գրասենեակին տուեալներուն համաձայն, Միանմարի մէջ տեղահանուածներու թիւը կը հասնի աւելի քան 405.700ի։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Յառաջիկայ մէկ փետրուարին կը նշուի Միանմարի մէջ կայացած յեղաշրջումին առաջին տարեդարձը։ Այս առթիւ «Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» բարեսիրական հաստատութիւնը կազմակերպուած է աղօթք՝ Միանմարի դիտաւորութեան, որ տեղի պիտի ունենայ մէկ փետրուարին։

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ Միանմարի մէջ ժողովուրդի ցոյցերու դէմ բանակի կողմէ կատարուած գործողութիւնները դաժան ու անողոք էին, ու  այդ պատճառով «Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» կազմակերպութիւնը ընդառաջելով Միանմարի եպիկսոպոսաց դասի հրաւէրին, տեղական եկեղեցւոյ հետ միութեան ի նշան կը հրաւիրէ աղօթելու Ասիսական երկրի համար՝ յառաջիկայ մէկ փետրուարին։

Բարեսիրական կազմակերպութեան հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի թէ Միանմարի մէջ ամենէն շատ տուժուած տարաշարջանները մաս կը կազմեն Չին, Քայա եւ Քարէն մարզերուն։ Դեկտեմբեր ամսոյն կէսին, անձրեւներու դադարումէն ետք վերսկսած են ճամբորդութիւնները։ Այդ մարզերէն ներս կը բնակին Քրիստոնեաներու մեծամասնութիւնը։ Քայայի մարզէն ներս 14 ժողովրդապետութիւններ լքուած վիճակի մէջ են։ Շատ մը քահանաներ ու կրօնաւորներ ընկերանալով իրեցն ժողովուրդներուն, գաղթած են այլ վայրեր։ Այդ տեղահանուածներուն մեծամասնութիւնը ծերեր, կիներ ու մանուկներ են՝ անորոշ վիճակի մէջ գտնուելով։

Հաղորդագրութեան մէջ յիշուած է նաեւ անցեալ Յիսուսի ծնունդի տօնին օրը, 35 քաղաքացիներու սպանութիւնը Քայայի մարզին մէջ, նկատելով զայն վայրագ մակարդակով կատարուած արարք։

ՄԱԿի գաղթականներու գրասենեակին տուեալներու համաձայն, Միանմարի մէջ տեղահանուածներու թիւը կը հասնի աւելի քան 405.700ի։

Եկեղեցին ամէն ջանք ու պարտականութիւն կը կատարէ դէմ յանդիման գալու ու օգնելու Միանմարի բնակիչներուն։ Ինչպէս միշտ բոլոր զոհերը իրենց դաւանած հաւատքէն անխտիր զօրակցութիւն կը ստանան կազմակերպութենէն։

Միանմարի եպիսկոպոսները, անհատապէս ինչպէս նաեւ հասարակապէս այլ դաւանանքներու ներկայացուցիչներու հետ կոչ ուղղեցին դադրեցնելու բռնութիւնները ու երկխօսութեան վերադառնալու։ Անոնց ձայնին միացաւ նաեւ ֆրանչիսկոս Պապ, որ Յիսուսի ծնունդի տօնին օրը աղօթեց Միանմարին համար։

«Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» կազմակերպութիւնը կ՝արձականգէ Հովիւներու ձայնին, կազմակերպելով աղօթքի ձեռնարկ մաղթելով, որ ասիական երկիրը անմիջապէս վայելէ մշտական խաղաղութիւն։ Նշուած է բարեսիրական հաստատութեան հաղորդագրութեան մէջ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/01/2022, 11:10