Որոնել

Ամեն. եւ Գերեջ. Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Ամեն. եւ Գերեջ. Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ  

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Պատրիարքին հարցազրոյցը Վատիկան Նիուզի իտալական բաժանմունքին հետ։

«Եթէ մենք խորապէս մտախոհինք Եկեղեցւոյ միութեան մասին կը տեսնենք թէ Քրիստոս կեդրոնն է մեր կեանքին, ըլլայ կաթողիկէ, ըլլայ օրթոտոքս եկեղեցւոյ մէջ»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ամեն. եւ Գերեջ. Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Տանն կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը, որ անցեալ երկուշաբթի օր ժամանեց յաւիտենական քաղաք Հռոմ, Քրիստոնեաներու միութեան շաբթուան առթիւ հարցազրոյց մը ունեցաւ Վատիկանի Պաշտօնական հաղորդամիջոց` Վատիկան Նիուզի Իտալական բաժնին հետ, անդրադառնալով Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան կարեւորութեան մասին ու նաեւ անցեալ կիրակի օր Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած այս դիտաւորութեամբ աղօթքի հաւաքին մասին։

Հարցազրոյցին մէջ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը խօսեցաւ քրիստոնեայ եկեղեցիներուն «դարերէ ի վեր պատճառուած խոր եւ տանջալից ցաւերով վէրքերու մասին», որոնց դարմանը «աղօթքն ու ապաշխարանքն» է, ըսաւ Ան, դարձեալ վերահաստատելով` որ «Կաթողիկէ Քրիստոսը տարբեր չէ օրթոտոքս Քրիստոսէն» ու բացատրելով` թէ այս նախադասութիւնը ինք լսած էր իր մօրմէն, Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրող որբուհի մը։

«Եթէ մենք խորապէս մտածենք Եկեղեցւոյ միութեան մասին կը տեսնենք, թէ Քրիստոս կեդրոնն է մեր կեանքին, ըլլայ կաթողիկէ, ըլլայ օրթոտոքս եկեղեցւոյ մէջ», ըսաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ-ը, դիտել տալով` թէ մեր բաժանումով մենք կը պատժենք Քրիստոսը, որ իր կեանքը զոհեց մեզի համար, այս ծիրէն ներս ընդգծելով` թէ «մեզ միացնող միակ իրականութիւնը աղօթքն է, որովհետեւ անիկայ երկխօսութիւն է Փրկիչին հետ` Աստուծոյ հետ։ Եւ երբ մենք Անոր դիմենք աղօթքի մէջ, Ան մեզի նայելով մեզի հարց պիտի տայ. Ես քեզի յանձնեցի իմ եկեղեցիս եւ դուն ի՞նչ կ՛ընես անոր համար։ Այս հարցումին պատասխանը չի կրնար ըլլալ եթէ ոչ ներում հայցել ու մօտս հրաւիրել բաժնուած եղբայրս», ըսաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց հայրապետը։

Մենք այսօրուան Մոգերն ենք

Մատնանշելով ապա այս տարուայ աղօթքի շաբթուան բնաբանին  «Մենք անոր աստղը տեսանք արեւելք եւ եկած ենք անոր երկրպագութիւն ընելու» (Գլ. Բ, 2), Հոգեւոր Տէր նշեց, թէ «Մենք այսօրուան Մոգերն ենք, որ կը փնտռեն Քրիստոսը, Արարիչէն մեզի պարգեւուած լոյսին առաջնորդութեամբ։ Մենք այն մոգերն ենք, որոնք կը փնտռեն այս կեանքի ճշմարտութեան ուղին» հաստատեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ, աղօթքը նմանեցնելով հին կտակարանի մէջ Աստուծոյ մատուցուած զոհաբերումներուն ու միանալով Ֆրանչիսկոս Պապի կոչին հրաւիրեց «յոգնութիւնները ու ցաւերը որպէս մատաղ մատուցել ի սպաս քրիստոնեաներու միութեան, որպէսզի անոնց դիմաց մենք ընդունինք միութեան շնորհքը, զայն հայցելով խոնարհաբար, որպէս մեղաւորներ, հայցելով Տիրոջմէ, որ մեզի օգնէ բացուելու համար մեր եղբօրը ու զինք ընկալելու ու նաեւ աղօթելու անոր համար»։

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը խօսեցաւ նաեւ անցեալ կիրակի օր Լիբանանի Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Եղիա – Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած աղօթքի հաւաքի մասին, գեղեցիկ նկատելով տեսնել «Երկրին բոլոր քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչները, որոնք իրար հետ միասին աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած», այդ մէկը նկատելով նաեւ շնորհք մը եւ միութեան համար լոյս մը։

«Դուք բոլորդ լաւապէս կը ճանչնանք Լիբանանի իրավիճակը եւ այդ անարդար տառապանքը զոր կ՛ապրին լիբանանցիները, ասոր համար ես այդ համախմբումը կը նկատեմ հրաշք մը, զայն կը նկատեմ Տիրոջ ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ ու նաեւ վկայութիւն ուրիշներուն համար» ըսաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/01/2022, 11:29