Որոնել

Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթ 

Եկեղեցական Գիտելիքներ Բ. Կիրակի Յայտնութեան (16 -23 Յունուար 2022)

Յունուար 18-25 աղօթքներ կը կատարուին եկեղեցիներու միութեան համար։
Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի 16 Յունուար, Յայտնութեան երկրորդ կիրակին է , օրուան աւետարանը , լոյսի աւետարանն է, Յովհաննէս կը խօսի լոյսի մասին եւ իրեն համար, լոյսը՝ Յիսուս Քրիստոս ինքն է, որ աշխարհ եկաւ մարդոց մտքերը խաւարէն ազատելու եւ ճշմարտութեան լոյսով լուսաւորելու:

Իսկ ինչ որ Յիսուսէն չի գար, անիկա խաւար է, սուտ է, կը պղտորէ մարդոց մտքերը եւ կ'առաջնորդէ զիրենք դէպի դատապարտութիւն:

Ընտրել խաւարը` կը նշանակէ մերժել լոյսը եւ հեռանալ ու փախչիլ լոյսէն։ Յիսուս կը խօսի այն մարդոց մասին որոնք կարելիութիւնն ունին ընտրութիւն ընելու, շատ լաւ կը տեսնեն ճշմարտութիւնը եւ սակայն կը փնտռեն սուտը եւ կամովին կ՛իյնան չարին ճիրաններուն մէջ։ Անշուշտ կը խօսի նախ իր շուրջը գտնուող Փարիսեցիներու մասին, որով այս խօսքերը ուղղուած են Նիկոդեմոս փարիսեցիին, որ եկած էր գիշերով իր մօտը` լուսաբանուելու իր վարդապետութեան շուրջ։ Փարիսեցիներու մեծամասնութիւնը, որոնք ընդհանրապէս ուղիղ մարդիկ էին, սակայն, տեսնելով հանդերձ ճշմարտութիւնը Յիսուսի քարոզութեան, չէին ուզեր հաւատալ անոր։

Իսկ մենք, այսօր, ի՞նչ է մեր նախընտրանքը։ Մտիկ ընել Քրիստոսի խօսքերուն եւ հաւատա՞լ անոր, թէ ըսել. Շատ կարծր են քու խօսքերդ, դժուար է հետեւիլ քեզի, կը նախընտրենք մենք մեր ազատ ճամբէն քալել, եւ ընթացք տալ մեր քմահաճոյքին, կատարելով մեր կամքը, այսինքն ազատ ապրելով Աւետարանի դրած արգելքներէն։

Նիկոդեմոս հաւանաբար մէկն էր այդ հազուագիւտ փարիսեցիներէն որ Քրիստոսի խօսքերուն հաւատաց եւ հետեւեցաւ անոր։

«Շատեր» սակայն բռնեցին կորստեան ճամբան։ Իրական լոյսը Յիսուսն է, որուն միակ օրէնքը կը կայանայ հետեւեալին մէջ. Սիրէ՛ քու ընկերդ քու անձիդ պէս, օգնութեան հասիր անոր` նեղութեան մէջ եւ, եթէ պէտք է, զոհէ քու անձդ իրեն համար։

Մենք կը գտնուինք խաւարին եւ լոյսին միջեւ. Խաւարը միշտ մեզ կը հետապնդէ եւ կ՛ուզէ մեզ կլանել, սակայն լոյսը մեզ կը քաշէ դէպի իրեն եւ մեզի յոյս կը ներշնչէ հասնելու մեր նպատակին, ապրելու համար լուսաւոր աշխարհի մէջ, հեռու խաւարային ամէն ազդեցութենէ եւ ճնշումէ։ Խուսափելու համար խաւարին իշխանութենէն հարկ է որ միշտ արթուն մնանք եւ աղօթենք ։

Երկուշաբթի օրը՝ 17 Յունուարին, տօնն է Ս. Անտոն Անապատականի, ան` հայրն ու հիմնադիրն է ճգնաւորական կամ վանական կեանքի:

Ծնած է Եգիպտոսի Կոմա գիւղին մէջ 251 թուականին, ազնուական ծնողներէ:

Ծնողներուն մահէն ետք, ան ժառանգեց անոնց հարստութիւնը: Սակայն օր մը, եկեղեցւոյ մէջ աւետարանական հետեւեալ խօսքը լսեց. «եթէ կ՛ուզես կատարեալ ըլլալ գնա՚ ծախէ ինչ որ ունիս ու աղքատներուն բաժնէ եւ երկնքի մէջ գանձեր կ՛ունենաս»:

Այս խօսքերէն առաջնորդուելով, Անտոն կը ծախէ իր ողջ ունեցածը եւ կ՛ապրի աղօթքի, պահեցողութեան ու բարեգործութեան ոգիով:

Որոշ ժամանակ անց ան կը հեռանայ իր հայրենի գիւղէն եւ բնակութիւն կը հաստատէ մօտակայ քարայրերուն մէջ, ուր, ըստ իր վարկագիրներուն, հոգեւոր պայքարներ կը մղէ վայրի գազաններու կերպարանքով իրեն մշտապէս յայտնուող դեւերու հետ: Համբերութեամբ դիմակայելով բոլոր փորձութիւններուն, Ս. Անտոն կը հեռանայ անմարդաբնակ անապատ մը եւ 20 տարիներ շարունակ կ՛ապրի

մեկուսացած: Լսելով անոր սրբակենցաղի մասին, շատեր կը ձգեն իրենց տուները եւ կը հեռանան անապատ ճգնելու նպատակով: Անսալով իր հոգեւոր եղբայրներու թախանձանքներուն` Սուրբ Անտոն կ՛ելլէ իր ճգնարանէն ու ներկաներուն կը բացատրէ վանական կանոնները, որոնք յետագային կը դառնան վանական կեանքի ուղեցոյց:

Ս. Անտոն կը վախճանի 306 թուականին, 105 տարեկանին, արժանանալով երկնային անթառամ պսակին՝ իր աներեր հաւատքով ու հոգեւոր մեծ զօրութեամբ օրինակ դառնալով բոլոր ժամանակներու քրիստոնեաներու համար:

Ճգնութեան մասին խօսելով ան կ՛ըսէ. «ճգնութիւններուն ձեռնարկենք եւ չձանձրանանք: Քանի որ անոնցմով մենք գործակից կը դառնանք նաեւ Տիրոջ, ինչպէս գրուած է. «Բարին ընտրողներու համար Աստուած գործակից է անոնց, բարիքի համար» (Հռոմ. 8, 28):

Երեքշաբթի օրը՝ 18 Յունուարին, Տօնն է Ս. Պետրոս Աղեքսանդրիոյ հայրապետին, Աբիսողոմ սարկաւագին, մեծն Թէոդոս թագաւորին ու Եփեսոսի եօթը մանուկներուն։

Հինգշաբթի 20 Յունուարին, Տօնն է Ս. Կիրակոսի ու անոր մօր՝ Յուղիտայի ինչպէս նաեւ Ս. Վահան Գողթնացիի։

Շաբաթ օրը՝ 22 Յունուարին, կը յիշատակենք Աղեքսանդրիոյ հայրապետներ՝ Աթանասի եւ Կիւրեղի տօնը։

Կիրակի 23 Յունուարը՝ Յայտնութեան Գ. Կիրակին է։

 

Միութեան համար աղօթքներու շաբաթ

Սովորութիւն է Եկեղեցւոյ մէջ` ամէն տարի յունուար 18-25 աղօթքներ կատարել եկեղեցիներու միութեան համար։ Ընդհանրապէս բոլոր լատին ծէսի պատկանող համայնքները կը հրաւիրեն արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու քահանաներ, այս առթիւ` իրենց ծէսով սուրբ պատարագ մատուցանելու, ցոյց տալով այսպէսով Տիեզերական Եկեղեցւոյ հարստութիւնն ու բազմազանութիւնը, միութեան մէջ։ Մենք տեսանք Անոր Աստղը, Արեւելքի մէջ (Մատթէոս 2-2 )

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/01/2022, 09:00