Որոնել

Գերյ. Յովսէփ Ծ. Վ, Պեզեզեան Կարդինալ Սանտրիին հետ Գերյ. Յովսէփ Ծ. Վ, Պեզեզեան Կարդինալ Սանտրիին հետ 

Հարցազրոյց Գերյ. Ծ Վ, Յովսէփ Պէզէզեանի հետ։

Ֆրանչիսկոս Պապին Յունաստան կատարած առաքելական այցելութեան առթիւ հարցազրոյց` Յունաստանի Հայ Կաթողիկէներու Վեճակաւոր Գերյ, Յովսէփ Ծ. Վ. Պէզեզեանի հետ
Ունկնդրէ հարցազրոյցը

- Ի՞նչպէս կը պատրաստուի Յունաստանը եւ մասնաւորապէս Աթէնքը Քահանայապետին յառաջիկայ օրերուն տալիք այցելութեան

Նախապատրաստական փուլը սկսաւ մի քանի ամիսներ առաջ, երբ Յունաստանի կաթողիկէ եկեղեցին մեծ ուրախութեամբ և խանդավառութեամբ սկսաւ «Նախապատրաստական» փուլը հիւրասիրելու համար Սուրբ Պետրոսի յաջորդը, Սրբազան Քահանայապետը, կաթողիկէ Ընդհանրական եկեղեցւոյ Գլուխը։ Ասոր համար սակայն կը պահանջուի նաեւ հոգևոր պատրաստութիւն։ Սրբազան Պապը մամուլին Կիպրոսի և Յունաստանի ուղղուած իր ուղերձին մէջ յիշեց, որ ինքը կու գայ որպէս «ուխտաւոր դէպի աղբիւրները, պատմութեան, մշակոյթի և Աւետարանի օրհնուած հողերը»։

Սրբազան Հօր այս խօսքերը կարծես հրաւէր են մեզ համար խորհրդածելու՝ պատրաստուելով հանդիպելու իրեն, հարց տալով թէ ու՞ր հասած ենք հաւատքի մակարդին մէջ։ Մշակութային ի՞նչ արժէք կու տանք և ինչպիսի պատմութիւն պիտի թողունք մեր յաջորդ սերունդներուն։

Մեր երիտասարդները Աթէնքի միւս կաթողիկէ երիտասարդներուն հետ միասին մասնակցեցան նախապատրաստական հոգևոր հանդիպումի մը։ Ինչպէս նաեւ մեր եկեղեցին կազմակերպեց իր երիտասարդներուն հետ անկախ հանդիպում՝ խորացնելու համար Սուրբ Պետրոսի յաջորդին դերը ընդհանրական եկեղեցւոյ մէջ:

Գալիք Ծաբաթ օրը 04․12 երեկոյեան ժամը 8,30-էն սկսեալ , ուրիշ երկու կեդրոններու հետ միասին երիտասարդական այլ հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ եղբայրական մթնոլորտին մէջ ապրելու համար քրիստոնէական ուրախութիւնը։

- Դուք մաս պիտի կազմէք Ֆրանչիսկոս Պապին պատուիրակութեան, որո՞նք են ձեր անձնական տպաւորութիւնները եւ ի՞նչպէս ներգրաւուած է Հայ կաթողիկէ Եկեղեցին այս ճամբորդութեան պատրաստութեան մէջ եւ եթէ համայնքին հաւատացեալները առիթը պիտի ունենան հանդիպելու Քահանայապետին հետ։

Պատիւ է մեր Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ համար և մեծ մխիթարութիւն ու քաջալերանք է իմ անձիս Նորին Սրբութեան հետ հանդիպումը։

Անբացատրելի են տպաւորութիւններս. Եղիսաբեթի Տիրամօր ուղղուած խօսքերը կու գան մտքիս. «Որքան մեծ բարիք մըն է, որ Տիրոջս մայրը ինծի գայ»։ (Ղուկաս 1,43):

Մեր եկեղեցին անմիջականօրէն կը համագործակցի Աթէնքի Առաքելական Նուիրակին հետ՝ ծառայութիւններ մատուցելով Նուիրակութեան պալատին մէջ, նոյնպէս Սուրբ Աթոռի տարբեր պատուիրակութիւններ հիւրընկալելով մեր մօտ։

Մեր հաւատացեալները պիտի մասնակցին Դեկտեմբերի 5-ին Սուրբ պատարագին, և մեր օրիորդներէն մին արարողութեան ընթացքին հայերէնով աղօթք մը պիտի կատարէ։

Մինչ երկուշաբթի օրը՝ դեկտեմբերի 6-ին, Սրբազան Հօր երիտասարդներուն հետ ունենալիք հանդիպման ժամանակ, մեր եկեղեցւոյ մօտ հիւրընկալուած՝ սուրիահայ փախստական երիտասարդ մը վկայութիւն մը պիտի տայ մինչ մեր երիտասարդները ներկայ պիտի գտնուին հանդիպման։

- Որո՞նք ենք կապերը կաթողիկէ եւ Յոյն օրթոտոքս եկեղեցիներուն միջեւ

Դժբախտաբար, Աթէնքին մէջ համամիութենական երկխօսութիւն չկայ։ Բարեբախտաբար, ես անձնապէս պատիւը ունեցայ երկու անգամ ընդունուելու Աթէնքի Արքեպիսկոպոս Եիրոնիմոսի կողմէ։ Քրիստոնէական միութեան աղօթքի շաբաթուան առթիւ մեր եկեղեցին ամէն տարի հրաւէր կ՜ուղղէ Աթէնքի Արքեպիսկոպոսին, և ինքը իր հերթին շնորհակալական նամակ կ՛ուղարկէ և հոգեւորական մը կը նշանակէ որպէս իր անձնական ներկայացուցիչը մասնակցելու համար այդ աղօթքին։ Ուրախութիւնը ունիմ ըսելու որ այս մէկը եզակի ձեռնարկ մըն է զոր մեր եկեղեցին կը կատարէ յիսուն տարիէ ի վեր։

- Ի՞նչ սպասումներ ունիք այս ճամբորդութենէն

Վերադառնալով Սրբազան Պապին պատգամին, որ հինգ վայրկեանին մէջ ինը անգամ կրկնեց «Եղբայր» բառը։ Այս ճամբորդութենէն յուսացած պտուղը այն է ` որ մեր բոլորի միջև եղբայրութիւնը զօրանայ և քաջալերուի, կը կրկնեմ եմ Սրբազան Պապին խօսքերը «Ոչ միայն կաթողիկէները, այլ բոլորը»։ «եղբայրութիւն» բառը կը նշանակէ սէր, և այնտեղ ուր սէրը կայ այնտեղ կայ Աստուած»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/12/2021, 07:10