Որոնել

Սուրբ Յովսէփի նուիրուած Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ օծումն ու վերաբացման Սուրբ Պատարագ։

Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհիապատիւ Տէր Լեւոն Արք. Զէքիեան, Կիրակի՝ 5 Դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Տիարպագըրի մէջ (Տիգրանակերտ), Սուրբ Յովսէփի նուիրուած Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ օծումն ու վերաբացման Սուրբ Պատարագը պիտի հանդիսադրէ, մասնակցութեամբ բազմաթիւ ուխտաւորներու։

Եկեղեցին կառուցուած է ԺԸ. Եւ ԺԹ. դարերու միջեւ։

2017 թուականին եկեղեցին Վագըֆներու Պետական Ընդհանուր Տնօրէնութեան կողմէ վերաշինութեան  սկսած  եւ աւարտած է 2020 թուականին:

Ապրիլ 2020-ին եկեղեցին, մշակութային եւ գեղարուեստական ուսումնասիրութիւններու համար Տիճլէ (Տիգրիս) համալսարանին յատկացուած է երկար շրջանի մը համար, սակայն միշտ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանին վերապահուած է հոն սրբազան արարողութիւններ կատարելը:

Իսկ Շաբաթ օրը՝ 4 Դեկտեմբերին, օծման նախօրեակին, Արհի. Գերապայծառ ՏԷրը պիտի պատարագէ Մարտինի Ասորի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, որովհետեւ Մարտինի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին նորոգութեան ընթացքին մէջ է։ 

Արհի. Գերապայծառ Տիրոջ կ՚ընկերանան Պոլսոյ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ խորանի սպասաւորները եւ դպրաց դասը, ինչպէս նաեւ խումբ մը հաւատացեալներ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/12/2021, 12:43