WhatsApp-Image-2021-11-23-at-10.17.08aem.jpg

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.ի «France24»ի հետ հարցազրոյցը։

Շօշափուած նիւթերու շարքին եղան Լիբանանի եւ Հայաստանի իրավիաճկը, Արեւելքի Քրիստոնեաներուն ապրած դժուարութիւնները ու գաղթականութեան երեւոյթը։

Վատիկան Նիուզ - Հայկական բաժին

Ունկնդրէ լուրը

Ամեն. եւ Գրերեջ. Տ. Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը որ այս օրերուն կը գտնուի Փարիզի մէջ երեքշաբթի 23 նոյեմբերի առաւօտեան հիւրընկալուեցաւ Ֆրանսական «France24» հեռուստակայանի «studio»ներուն մէջ, ուր ունեցած հարցազրոյց մը ընթացքին անդրադարձաւ Լիբանանի ներկայ իրավիճակի մասին Հայաստանի մէջ վերջին իրադարձութիւններու մասին, Արեւելքի Քրիստոնեաներուն ապրած դժուարութիւններուն ու գաղթականութեան հարցին մասին։

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը խօսեցաւ նաեւ Ֆրանսայի մէջ կատարած իր այցելութիւններուն մասին ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի Ծերակոյտին եւ ազգային ժողովին մէջ ունենալիք հանդիպումներուն մասին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/11/2021, 15:25