Յիսուս եւ իր աշակերտները Յիսուս եւ իր աշակերտները  

Առաջին Կիրակի Յիսնակաց Աղօթքի ուժը (Ղուկաս 11, 1-13)

Աղօթքը նախ եւ առաջ փառաբանութիւն մըն է, որով մենք կ՛ընդունինք մեր արարածի դրութիւնը եւ կը պատուենք մեր Արարիչը, մաղթելով որ միշտ իր տէրութիւնը բարձր մնայ եւ իր սուրբ կամքը կատարուի ամենուրեք։

Այսօր կը սկսի հայ ծէսին մէջ Յիսնակաց շրջանը. Յիսուն օր' պատրասսուելու համար Սուրբ Ծննդեան տօնին: Յիսուս, Աւետարանին մէջ, կը սորվեցնէ Հայր Մեր-ը:

Հայր մեր աղօթքին մէջ` երկու բաժին կայ. Առաջինը` փառաբանութիւնն է Աստուծոյ եւ երկրորդը կը բաղկանայ մեր խնդրանքներէն Աստուծմէ։ Յիսուս այսպէսով կ՛ուզէ սորվեցնել մեզի թէ կարելի չէ խնդրել առանց նախապէս փառք եւ պատիւ մատուցանելու Աստուծոյ։

Ուստի աղօթքը նախ եւ առաջ փառաբանութիւն մըն է, որով մենք կ՛ընդունինք մեր արարածի դրութիւնը եւ կը պատուենք մեր Արարիչը, մաղթելով որ միշտ իր տէրութիւնը բարձր մնայ եւ իր սուրբ կամքը կատարուի ամենուրեք։

Երկրորդ բաժինը աղօթքին կը բաղկանայ խնդրանքէն. Կը խնդրենք ունենալ այն ինչ որ չունինք, կամ թէ կը խնդրենք պահպանել մեր ունեցածը։ Հետաքրքրական է որ Յիսուս` հոգեւոր խնդրանքներէն առաջ կը զետեղէ մարմնաւոր խնդրանքը. Տուր մեզի մեր առօրեայ հացը. Մեր նիւթական խնդրանքներն ալ յաճախ կը դառնան այս երեք պահանջներուն շուրջ. Բարօրութիւն` որ կը կայանայ հանգիստ ուտել-խմելու եւ ապրելու մէջ, առողջութիւն` որով մեր մարմինը առանց խոչընդոտի պիտի շարունակէ ապրիլ եւ աճիլ, եւ ի վերջոյ յաջողութիւն` մեր գործերուն ու ձեռնարկներուն մէջ։ Այս բոլորը մեր առօրեային հետ կապ ունին եւ մեզի կու տան մտքի հանգստութիւն եւ սրտի ուրախութիւն։ Զհաց մեր հանապազորդ խնդրանքով կը հասկնանք այս ամէնը միատեղ։

Գալով հոգեւոր խնդրանքներուն` Քրիստոս զանոնք կը դասաւորէ այս ձեւով.

Նախ խնդրելու ենք Աստուծմէ թողութիւնը մեր գործած յանցանքներուն, որպէսզի կարենանք բարի սիրտ մը ունենալ եւ մաքուր հոգիով ծառայել Աստուծոյ. Արդէն աղօթք սկսելէ առաջ` հարկ է որ մաքրուինիք մեր բոլոր մեղքերէն, որովհետեւ մեղսալից սիրտ մը չի կրնար ընդունիլ այն շնորհքները որուն կը փափաքի։

Երկրորդ` իրմէ կը խնդրենք որ զերծ պահէ մեզ փորձութեան մէջ իյնալէ։ Մեր կեանքին ընթացքին փորձութիւններ շատ պիտի գան, սակայն Տիրոջ ուժով` մենք կարող ենք յաղթելու անոնց, եթէ ոչ` մեր անձնական ուժերուն վրայ ապաւինելով` մենք վստահաբար տկար պիտի գտնուինք անոնց դիմաց։

Հուսկ կը խնդրենք որ փրկէ մեզ չարէն։ Չարը որ կը շրջապատէ զմեզ կը նմանի, ըստ Պետրոս Առաքեալի խօսքին, առիւծի մը որ կը մռնչէ եւ դարանակալ կը դառնայ մեր շուրջը, առիթը փնտռելով մեզ կուլ տալու։ Ամէն օր` երբ կ՛արթննանք, մեր առօրեայ զբաղումներուն հետամուտ կ՛ըլլանք եւ մեր պարտականութիւնները կը կատարենք. Սակայն չարը մեզ չի լքեր եւ կը պայքարի մեր դէմ, նեղութիւն տալով մեզի, սեւցնելով մեր բոլոր բարի առաջադրութիւնները եւ փորձելով իրեն ենթարկել մեր կամքը, մեր սիրտն ու հոգին, որպէսզի չկարենանք յառաջդիմել առաքինութեան մէջ եւ մնանք միշտ ենթակայ իրեն` ենթարկուելով մեր քմահաճոյքին եւ մեր յոռի ունակութիւններուն։

Ահա այս բոլոր խնդրանքները կը պարփակուին մեր ամենօրեայ աղօթքին, Հայր մեր-ին մէջ. Եթէ ուշադրութեամբ զայն աղօթենք, ինչպէս կը խնդրէր Արսի սուրբ ժողովրդապետը գիւղացիէ մը եւ առանց մտացրումներու, վստահաբար Տէրը մեր աղօթքին կարեւորութիւն պիտի տայ եւ իր իսկ սորվեցուցած աղօթքի ուժովը մեզի պիտի պարգեւէ թէ հոգւոյ փրկութիւն եւ թէ նիւթական բարօրութիւն, պատրաստելով մեր անձերը իր հետ հանդիպելու յաւիտենականութեան մէջ. Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/11/2021, 08:42