Տուրկութիի շէնքը Տուրկութիի շէնքը 

Համառօտ պատմութիւն Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ Վիճակին (Բ)

Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետին յառաջիկայ դեկտեմբերի սկիզբը` Յունաստան կատարելիք առաքելական այցելութեան առիթով, կը ներկայացնենք Գերյ․ Յովսէփ Թ․Ծ․Վ․ Խանցեանի կողմէ շարադրած հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ համառօտ պատմութիւնը։ Այսօր կը խօսինք Առաքելութեան սկզբնական շրջանի մասին։

Առաքելութեանս սկզբնական շրջանը

(1922 - 1925)

Գլուխ Բ․

Փոքր ասիոյ եւ հայ գաղթականութիւնը

Յունաստանի հողին վրայ

Առաջին համաշխարհային պատերազմէն առաջ, հայ փոքրիկ գաղութ մը գոյութիւն ունէր Յունաստանի մէջ, հաստատուած Սելանիկ եւ Աթէնք։ Այս գաղութը մեծցաւ Կիլիկիոյ պարպումին եւ Իզմիրի ու Պոլսոյ քեմալական Թուրքիոյ կողմէ վերագրաւումին ատեն, երբ տասնեակ հազարաւոր հայեր, իրենց բախտակից յոյն եղբայրներուն հետ, Հելլագայի ափերը ապաստանեցան, ուր ասպնջականօրէն ընդունուեցան յոյն կառավարութեան եւ ժողովուրդին կողմէ։

Ունկնդրէ լուրը

Մեր Հայ գաղթականներուն թիւը 75,000ի կը հասնէր։ Ասոնք տակաւ առ տակաւ տեղաւորուեցան յունական երկրին զանազան քաղաքներուն եւ կղզիներուն մէջ, ոմանք կրցան վարձու տուներու մէջ հաստատուիլ ․ բայց հոծ մեծամասնութիւնը իրեն համար տրամադրուած հողերու վրայ թիթեղապատ կամ հողէ աղիւսներով շինուած տնակներու մէջ հաստատեց իր ընտանեկան բոյնը։

Գաղթական հայութեան հետ ի միասին Յունաստան մուտք կը գործեն Հայ Կաթողիկէ վարդապետներ, Գերյ․ Մկրտիչ Ծ․ վարդապետ Մուրատեան եւ Գեր․ Յովհաննէս վ․ Չէրքեզեան։ Առաջինը Պրուսայէն հասած էր Թրակիա, ուսկից Մակեդոնիա անցնելով, 1922-ին Սելանիկ կը հաստատուի։ Երկրորդը՛ Իզմիրի աղէտէն մազապուր ազատուած, ժամանակ մը Սելանիկ կը մնայ եւ յետոյ կու գայ Փիրէա կը հաստատուի եւ երկար ժամանակ Լատինաց Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ Գեր․ Մէքա վարդապետին ժողովրդապետութեան մէջ հիւր կը մնայ իր երկու քոյրերուն հետ։

Սկզբնական այս շրջանին, չէ կարելի խօսիլ հայ կաթողիկէ համայնքի մը մասին Յունաստանի մէջ։ Կային, այո, բազմաթիւ հայ կաթողիկէներ, որոնք սակայն, անկազմակերպ վիճակ մը կը ներկայացնէին, որպէս հաւաքականութիւն։ Բայց, ահա աստուածային նախախնամութիւնը Յունաստան կը ղրկէ Հ․ Կիւրեղ վարդապետը, որը իր առաքելական բոլոր եռանդը ի գործ կը դնէ, իր շուրջը համախմբելու յունահայ կաթողիկէները, ըլլալու համար անոնց քաջ հովիւը, օժտելու համար ի վերջոյ հայ կաթողիկէ համայնքը եկեղեցիներով, վարժարաններով, վարդապետանոցներով եւ Առաջնորդարանով մը։

Նախախնամութիւնը առաջին մէկ օրէն Հայր Կիւրեղին հետ է եւ անոր առջեւ կը բանայ յաջողութեանց ճանապարհը։ Հազիւ թէ ոտք կը կոխէ Յունաստանի հողին վրայ, ահա Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեանս հեղինակաւոր ձայնը զինքը կը կանչէ մեծ պաշտօնի մը։ Պոլսոյ Հայ կաթ․ Պատրիարքարանի Առաքելական Այցելուն՛ Արհի․ Նազլեան արքեպիսկոպոս, որ այդ թուականներուն Հռոմ կը գտնուէր, իր 2 Հոկտեմբեր 1922 թուակիր մէկ նամակովը Հայր Կիւրեղ վարդապետին հրահանգ կը ղրկէ լայն աստիճանի վրայ առաքելութիւն մը սկսելու Յունաստանի մէջ։ Կը խնդրէ իրմէ միաժամանակ որ հետաքրքրուի հայ գաղթականներու նիւթական եւ կրօնական վիճակովը եւ մասնաւոր տեղեկագրով մը պարզէ իրականալի ծրագիր մը, անոնց օգտակար ըլլալու համար։

Վեր․ Հ․ Կիւրեղը տառացիօրէն կը կատարէ իրեն ղրկուած հրահանգը։ Կը շրջի Յունաստանի բոլոր կողմերը, ուր հայեր կան, կը մխիթարէ զանոնք, կը խոստանայ անոնց քահանաներ ղրկել, կը հետաքրքրուի անոնց վիճակով եւ ի վերջոյ կ՛ուղարկէ իր տեղեկագիր-ծրագիր Բարձրագոյն Մեծաւորաց, Պատրիարքարանիս Առաքելական Այցելուին միջոցաւ։ Մինչ այդ, ինքը պարապ չի մնար։ Կը սկսի անպաշտօն կերպով իր առաքելութեան, Քորֆուի մէջ կրթարան մը բանալով հայ մանուկներուն համար։

Քորֆու կ՛ըլլայ վեր․ Հ․ Կիւրեղ վարդապետին առաքելութեան առաջին գետինը։ 27 Մարտ, 1923-ին հոս կը ժամանէ եւ արդէն Մայիս ամսուան մէջ, «Արարատեան» վարժարանը կը բանայ։ Իր շուրջը կը գտնէ Վիեննայի Մխիթարեան Հայրերէն՛ վեր․ Հ․ Ստեփան Հարոնեանը, որ Հիւս․ Ամերիկայէն տակաւին նոր վերադարձած, Արեւելեան Ս․ Ժողովի եւ իր Ընդհանուր Աբբահօր հրահանգովը Քորֆու հաստատուած էր, իր ծառայութիւնները մատուցանելու համար հայ տարագիրներուն։ Նոյն այդ տարին, Քորֆու կը գտնուին մեր տաղանդաւոր բանաստեղծ եւ գրագէտ՛ Գ․ Կառվարենցը եւ ուրիշ մտաւորականներ, որոնք սիրով կ՛ուզեն Հ․ Կիւրեղին անմիջական հրամանին տակ աշխատիլ։ Կղզիին Լատինաց Եպիսկոպոսը, Արհի․ Արէ․ Պրինտիզի, սիրայօժար կը տրամադրէ իր շէնքերէն մին կրթական գործի համար ու «Արարատեան» վարժարանը արդէն բացուած է 1923-ին։ Վարժարանին ուսուցիչներն են վեր․ Հ․ Ստեբան Հարոնեան, պ․ Գ․ Կառվարենց, պ․ Սարգիս Էլակէօզեան, տիկին Տ․ Կարապետեան, Օր․ Հայկանոյշ Սուտճեան, Օր․ Շուշան Տօլէն։ Իսկ ինքը, Հ․ Կիւրեղ վարդապետը, Յունաստանի այլ եւ այլ վայրերը շրջելու հարկադրանքին տակ․ իր տեղը կը նշանակէ, որպէս օգնական վարիչ դպրոցին, Հռոմէն առժամեայ կերպով Քորֆու ղրկուած Գեր․ Պետրոս վարդապետ Հաւասապեանը։

Առաքելութեանս առաջին կրթական այս յարկը երկար կեանք չունենար դժբախտաբար։ 31 Դեկտ․ 1924-ին, արդէն փակուած է, տեղւոյն հայ գաղթականներուն տեղափոխուելովը դէպի Սիթիա։

«Արարատեան» վարժարանը հետագային կը վերաբացուի Փիրէայի Գոգինիա արուարձանին մէջ, դարձեալ վիեննական Մխիթարեան Հայրերուն հոգածութեան տակ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/11/2021, 08:03