Որոնել

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ. Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ. 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ. «Անխելքին տրուած «շնորհք»ը»

Լեզուն փոքր մկան մըն է բերանի խոռոչին մէջ, սակայն իր մարմինէն շատ աւելի մեծ գործեր կը տեսնէ: Մեր բերանին մէջ անոր դրականօրէն դառնալը կրնայ բացառիկ մտածումներու եւ գաղափարներու ծնունդ տալ, իսկ ժխտականօրէն դառնալը՝ քանդել այն, ինչը մարդիկ երկար ու տքնաջան աշխատանքով կառուցեր էին իրենց կեանքին ընթացքին:
Ունկնդրէ լուրը

Անխելքը նաեւ անշնորհք պէտք է ըլլայ, ըստ սովորական տրամաբանութեան: Լսուած խօսք է այն, որ կ՛ըսէ. «Անշնորհք մարդ չկայ աշխարհի մէջ»: Իւրաքանչիւր մարդ անպայման շնորհք մը կ՛ունենայ, սակայն երբ զայն չ՛արծարծէ իր կեանքին ընթացքին, անիկա ինքնըստինքեան կը մեռնի իր մէջ: Մեր ունեցած բոլոր շնորհքներուն պարագային նոյնը կարելի է ըսել: Շնորհքները «կը ժանգոտին» եթէ չօգտագործուին, այնպէս ինչպէս չգործածուող խոփը բաց օդին կը ժանգոտի: Մինչդեռ այն, որ միշտ մշակին ձեռքին մէջ է, նոյնիսկ անձրեւին տակ կը փայլի:

Ընդունինք այն ճշմարտութիւնը, որ կան անխելքներու տեսակներ, այնպէս ինչպէս իրարմէ տարբեր մարդիկ կամ իրեր կան աշխարհի մէջ: Անշուշտ բոլոր անխելքներն ալ նոյն աստիճանի անխելքներ չեն: Անոնք վստահաբար իրարու ալ չեն նմանիր: Կան անխելքներու տեսակներ, որոնք պէտք են մարդկային ընկերութեան: Օրինակ, աշխարհի տարբեր քաղաքներու մէջ հակակառավարական ցոյցերու ընթացքին առաջնագծի վրայ գտնուող մարդիկ: Ասոնք ճիշդ է, որ վեհ նպատակներ հետապնդողներ են, այսինքն տուեալ երկրի ժողովուրդին բարօրութիւնը պահանջող եւ քարացած կարգերու փոփոխութիւն բերելու ձգտում ունեցող անձեր են, սակայն տեսակ մը «անխելքներ» են, որոնք իրենց կեանքը կը վտանգեն: Հազարաւոր ուրիշներ, նոյն վեհ նպատակներուն կողմնակից ըլլալով հանդերձ, իրենց տան տաքուկ անկիւնը նստած, միայն հեռատեսիլի փոքր պաստառին վրայ կը հետեւին այս «անխելքներու» պոռչտուքին, ոստիկանութեան կամ կառավարական շէնքերու պահապաններուն դէմ մարտնչումներուն, եւ նոյնիսկ ընդհարումներու ընթացքին անոնցմէ քանի մը տասնեակին զոհ դառնալու արիւնլուայ տեսարաններուն:

Վերոյիշեալ տեսակի անխելքները պիտանի «անխելքներ» են, որոնք իրենց ստանձնած դերով եւ կատարած զոհողութիւններով փոփոխութիւն կրնան բերել մարդկութեան կեանքին մէջ: Պատմութեան ընթացքին տեղի ունեցած մեծածաւալ յեղափոխութիւնները եւ ժողովրդային մեծ շարժումները, միշտ ունեցած են նման «անխելքներ», որոնցմէ ոմանք վճռորոշ դեր կատարած են յետ-յեղափոխութեան ժամանակին եւս, վերակազմակերպելով ժողովուրդին առօրեան եւ վարելով տուեալ երկրի քաղաքական ու առեւտրական բոլոր արտաքին յարաբերութիւնները:

Ասիկա դրական «շնորհք»ն էր, որուն ակնարկեցինք, եւ որ չակերտաւոր «անխելքներ»ուն տրուած է: Այս «անխելքներէն» ոմանք կը յաջողին իրենց առաքելութեան մէջ, իսկ ուրիշներ իրենց կեանքը կը վճարեն իրենց հետապնդած գաղափարի յաջողութեան ի խնդիր:

Ժխտական այն «շնորհք»ը, որ տրուած կ՛ըլլայ իսկական անխելքներուն, մարդոց խաղաղ կեանքը վրդովելու «շնորհք»ն է, զոր անոնք կ՛իրագործեն բազմաթիւ անպատասխանատու արարքներով: Անոնցմէ առաջինը կամ գլխաւորը՝ բամբասող լեզուն է: Ասիկա այնպիսի վատ «շնորհք» մըն է, որուն դիմաց տոկուն համարուող անմատչելի լեռներն անգամ անզօր կը դառնան: Բամբասանքի լեզուն «աներեւոյթ» գործելաոճ ունի: Բամբասուող ենթակային բացակայութեան, անոր գիտութենէն հեռու եւ տեսադաշտէն դուրս, բամբասողը ի գործ կը դնէ այս «շնորհք»ը, իր չարախօս լեզուով հրդեհելով այն մարդուն վարկն ու պատիւը, որ իր թիրախը կը հանդիսանայ տուեալ պահուն: Իր այս վարմունքին համար ո՛չ ոքի բացատրութիւն տալու կարիք չի զգար ան, որովհետեւ ենթական, որուն բամբասանքը կը կատարէ, ներկայ չէ:

Ընդհանրապէս մեր տեսակէտները պաշտպանելու կարիքը կը զգանք այն ատեն, երբ մեր հակառակորդը ներկայ է բանավէճի պահուն եւ ազատ՝ իր տեսակէտը յայտնելու: Այս պարագային սակայն, երբ բամբասուողը չունի այդ հնարաւորութիւնը եւ միայն բամբասողը ներկայ է, ունկնդիրները զայն կ՛ունենան իբրեւ միակ աղբիւր, եւ նոյնիսկ եթէ չհաւատան անոր ըսածներուն, գէթ լուր ունկնդիրները կը դառնան պահու զրախօսութեան:

Երկար լեզուն բամբասողին «շնորհք»ն է, որուն կը միանայ զօրեղ երեւակայութիւնը: Այս երկու «շնորհք»ներով, անխելքը ժամանակաւորապէս կը յաջողի մթնոլորտ մը ստեղծել շրջապատին մէջ, նսեմացնելով այն անձը, որ թերեւս նոյն միջավայրին մէջ յարգանք կը վայելէր: Անոր գործունէութեան համար «ժամանակաւոր» բնութագրումը կատարեցինք, որովհետեւ կեանքի մէջ ամէն ինչ, որ մարդկային հնարք է, ժամանակի փաստին դիմաց չի դիմանար: Ճշմարտութիւնը գերհզօր ուժն է կեանքի, որ «կրնայ հիւանդանալ», սակայն «չի՛ մեռնիր»: Անիկա մոխիրներուն տակ առժամապէս ծածկուած կրակն է, հրաբխային լեռներու ընդերքին մէջ անորոշ ժամանակով քնացած լաւան է, որ իր կարմիր երեսը անպայման ցոյց պիտի տայ օր մը, օձապտոյտ շիկացած գետերով ողողելով իր ամբողջ շրջապատը:

Բամբասողի լեզուին երկարութիւնը միայն իր վնասին կը ծառայէ: Անիկա իր աշխատանքի սկզբնաւորութեան այնպէս կը կարծէ, որ իր թիրախը բնաւ պիտի չլսէ այն, ինչ որ իր կործանարար լեզուն կը խօսի, սակայն, ինչպէս արածը կ՛ըսէ՝ «պատերը ականջ ունին» կամ անպայման «պատին վրայ ճանճ մը կայ»:

Հին իմաստութիւնը կ՛ըսէ, որ եթէ խելացի ու անխելք երկու անձեր կողք կողքի կանգնած ըլլան եւ չարտայայտուին, դժուար կ՛ըլլայ կռահել, թէ ո՛ր մէկն է խելացին եւ ո՛ր մէկը՝ անխելքը: Սակայն, երբ անոնք իրենց բերանը բանան ու մէկ նախադասութիւն ըսեն, շուտով ի յայտ կու գայ անոնց մտային կարողութիւնը: Ուրիշ խօսքով, անոնց արտայայտուած պահուն իսկ կարելի կ՛ըլլայ խելացին ու անխելքը զանազանել իրարմէ: Սա կը նշանակէ, որ անխելքին համար շատ նպաստաւոր է լուռ մնալը: Սակայն այդ ո՞ր մէկ անխելքն է, որ կ՛ուզէ լուռ մնալ: Չէ՞ որ Աստուած անոր խօսելու «շնորհք» տուած է…։ Ուրեմն, լեզուին կիրառումը անխելքին պարտութեան առաջին քայլը կը հանդիսանայ: Ան պէտք է խօսի, որպէսզի յայտնէ ինքզինք, ու ի վերջոյ իր լեզուով փորէ իր սեփական գերեզմանը: Կը բաւէ միայն, որ անխելքը իր «շնորհք»ը արծարծելու սկսի: Թէպէտ իր այս քայլով մեծ յաջողութիւններ արձանագրած ըլլալու խաբկանքը կ՛ունենայ ան, սակայն շուտով կ՛անդրադառնայ (եթէ ժամանակ ունենայ անդրադառնալու), որ իր կառուցած խաբուսիկ շէնքը փուլ կու գայ քար առ քար, սիւն առ սիւն, եւ յաճախ շատ ուշ կ՛անդրադառնայ, որ ինք անոր աւերակներուն տակ պիտի մնայ անյուսութեամբ: Ամէն մարդ երես կը դարձնէ իրմէ, որովհետեւ երկրորդ եւ երրորդ անձը իր լեզուով թակարդի մէջ նետելէ ետք, չորրորդը անպայման պիտի անդրադառնայ կատարուած խաբէութեան, ու իր խօսքերով իսկ պիտի դատէ զինք:

Երկար լեզուն անխելքին «շնորհք»ը ըլլալով հանդերձ, անոր անշնորհքութիւնը կը բացայայտէ: Որքան խօսի անխելքը, իր շնորհքը չէ որ պիտի արտայայտէ, այլ իր անխելքութիւնը յայտարարէ բոլորին, եւ բոլորին կողմէ ճանչցուի՝ իբրեւ վտանգաւոր անձ մը, որուն առաջին ու գլխաւոր նպատակը եթէ երկպառակութիւն սերմանելն է, երկրորդ ու հիմնական նպատակը, առանց իր ցանկութեան, իր անձին կործանումն է:

Լեզուն փոքր մկան մըն է բերանի խոռոչին մէջ, սակայն իր մարմինէն շատ աւելի մեծ գործեր կը տեսնէ: Մեր բերանին մէջ անոր դրականօրէն դառնալը կրնայ բացառիկ մտածումներու եւ գաղափարներու ծնունդ տալ, իսկ ժխտականօրէն դառնալը՝ քանդել այն, ինչը մարդիկ երկար ու տքնաջան աշխատանքով կառուցեր էին իրենց կեանքին ընթացքին:

Անխելքին «շնորհք»ը եթէ երկար լեզուն է, ուրեմն խելացին միշտ սուր մկրատ մը պէտք է ունենայ իր ձեռքին մէջ, հարկ եղած պարագային արմատէն կտրելու համար զինք բամբասող չար լեզուն:           

ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ                             

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/10/2021, 08:15