Որոնել

Ամեն. Եւ Գերերջ. Ռաֆայէլ Պետրոս Մինասեանին ի պատիւ հիւրասիրութիւն Զմմառու մայրավանքէն ներս Ամեն. Եւ Գերերջ. Ռաֆայէլ Պետրոս Մինասեանին ի պատիւ հիւրասիրութիւն Զմմառու մայրավանքէն ներս 

Ամեն. եւ Գերերջ. Ռաֆայէլ Պետրոս Մինասեանին ի պատիւ հիւրասիրութիւն Զմմառու մայրավանքէն ներս

Հոգեւոր Տէրը իր հայրական պատգամին մէջ շեշտը դրաւ միասնական աշխատանքի անհրաժեշտութեանը, համագործակցութեան արդիւնաւէտութեանը, «որով կարելի կ'ըլլայ յաջողութիւններ արձանգրել», յարեց Ան եւ յորդորեց՝ այսուհետեւ խտրականութիւն չի դնել Զմմառեան Միաբաններու եւ Մխիթարեաններու միջեւ, որովեհետւ «բոլորս կը ծառայենք հայ եկեղեցւոյ եւ ի պայծառութիւն ազգիս հայոց:»

Երկուշաբթի, 25 Հոկտեմբեր 2021-ի, յետմիջօրէի ժամը 2-ին, Զմմառու մայրավանքը` Ամեն. եւ Գերերջ. Ռաֆայէլ Պետրոս Մինասեանին ի պատիւ հիւրասիրութեան առթիւ իր հիւրընկալ դռները բացաւ՝ նախօրէին հայոց հայրապետի Գահակալութեան մասնակից կղերիկոսներուն եւ օրուան ճաշկերոյթի նուիրատու՝ Երեսփոխան Տիար Ժան Թալուզեանի եւ Լիբանանի ընկերային հարցերու նախկին նախարար Տոքթ. Ռիշար Գոյումճեանի եւ նախկին նախարար Ժագ Չուխատարեանի. Առջեւ։

Սիրալիր ու եղբայրական մթնոլորտի մէջ կայացած ճաշկերոյթի ընթացքին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Զմմառու Պատրիարքական կղերի Միաբանութեան Ս. Միքայէլ եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքին տեսուչը՝ Գեր. Հայր Գրիգոր վրդ. Պատիշահ:

Ան իր բարեմաղթանքները յայտնեց նորօծ Հայրապետին, աւելցնելով, «Ձեր շրջահայեաց իմաստութեամբ պիտի կարենանք շրջանցել եւ յաղթահարել բոլոր դժուարութիւններն եւ խոչընդոտները, որոնք ներկայիս կը դիմագրաւէ ժողովուրդը»: Հայր սուրբը ապա բոլորին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց օրուայ ճաշկերոյթի հովանաւորին՝ Երեսփոխան Ժան Թալուզեանին:

Հացկերոյթի ընթացքին Մխիթարեան Միաբան Գերյ. Մեսրոպ Ծ.Վրդ. Սուլահեան ընթերցեց համանուն Միաբանութեան քահանայապետական նուիրակ՝ Արհ. .Տ. Լեւոն Արք. Զէքեանի գահակալուած հայրապետին յղած շնորհաւորագիրը:

Այնուհետեւ Գերյ. Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեանը կարդաց Պոլսոյ վիճակաւոր Արհ.Տ. Լեւոն Արք. Զէքեանի գիր շնորհաւորանքի թուղթը, ապա Սրբազան հօր ուղարկած յուշանուէրը յանձնեց նորօծ կաթողիկոսին:

Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան անունով նորօծ Հայրապետին իր սրտի խօսքը փոխանցեց Գերպծ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վրդ. Մուրատեան: Ան նախ ողջունեց նորօծ Հայրապետի գահակալութիւնը, որով պատմական շրջադարձ մը պիտի կատարուի հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան էջերուն մէջ ապա իր եղբայրակիցներուն նուիրումը ի սպաս դրաւ հայրապետին տրամադրութեանը։

Գահակալութեան եւ հայրապետի տարեդարձին զոյգ առիթներու կարկանդակը բեկանեցին նորօծ հայրապետը, Մեծաւոր հայրը, Երեսփոխան Տիար Ժան Թալուզեան եւ Նախկին Նախարար Ռիշար Գոյումճեան:

Այնուհետեւ Հոգեւոր Տէրը իր հայրական պատգամին մէջ շեշտը դրաւ միասնական աշխատանքի անհրաժեշտութեանը, համագործակցութեան արդիւնաւէտութեանը, «որով կարելի կ'ըլլայ յաջողութիւններ արձանգրել», յարեց Ան եւ յորդորեց՝ այսուհետեւ խտրականութիւն չի դնել Զմմառեան Միաբաններու եւ Մխիթարեաններու միջեւ, որովեհետւ «բոլորս կը ծառայենք հայ եկեղեցւոյ եւ ի պայծառութիւն ազգիս հայոց»:

Հաւաքը իր լրումին հասաւ ներկաներուն կողմէ հայրապետին նուիրուած «Ամէն հայի սրտից բխած» երգեցողութեամբ:

Աղբիւրը` Զմմառու վանքի դիմատետր

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/10/2021, 17:50