Արհիապատիւ Մանուէլ Եպս. Պաթագեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը 22 հոկտեմբերին։
Վատիկան Նիուզ
Զմմառու միաբանութեան մեծաւոր` Գերյ. Գաբրիէլ Թ. Ծ. Վրդ. Մուրատեան Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասին, կղերին ու Զմմառու ուխտի միաբաններուն ուղղած շրջաբերական նամակով մը տեղեկացուցած է թէ Երկուշաբթի, 18 Հոկտեմբեր 2021-ին, առաւօտեան ժամը 8:30-ին վախճանած է Արհիապատիւ Մանուէլ Եպս. Պաթագեանը ու թէ անոր յուղարկաւորութեան եւ թաղման կարգի արարողութիւնը տեղի պիտի ունենան 22 Հոկտեմբեր 2021 թուականին, ժամը 11:00-ին, յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագին, նախագահութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին, Զմմառու Մայրավանքի Վերափոխման Սրբոյ Կուսի եկեղեցւոյ մէջ:
Արարողութեան աւարտին հանգուցեալին մարմինը պիտի ամփոփուի Միաբանական դամբարանին մէջ:
Նամակին մէջ Գերյ. Մուրատեան ներկայացուցած է նաեւ հանգուցեալին կենսագրութիւնը անդրադառնալով յատկապէս ննջեցեալ գերապայծառի երկար տարիներու անխոնջ ծառայութեան` ըլլայ որպէս քահանայ, ըլլայ որպէս եպիսկոպոս։
Գերյ. Մուրատեան նամակին մէջ մասնաւորապէս ընդգծած է «Ամէնուն ծանօթ է հոգելոյս Գերապայծառի երաժշտագէտի արժանիքները. քաջահմուտ երաժիշտ ըլլալով՝ հովուական գործին առընթեր իր գործունէութեան դաշտը եղած է եկեղեցւոյ երգչախումբը:
Ան անհունօրէն կը սիրէր եկեղեցական երաժշտութիւնը, ամբողջովին ըմբոշխնած էր Կոմիտասի, Եկմալեանի և այլոց Պատարագները, ինչպէս նաեւ Զմմառու աւանդական եղանակներով թրծուած էր և հմտօրէն տիրացած Զմմառեան աւանդական շարականներուն:
Աշակերտական տարիներուն՝ երգեհոնի դասընթացքներով զարգացուցած էր իր նուագելու կարողութիւնը: Մատներու վրայ գոց գիտէր երաժշտական դժուարիմաց ստեղծագործութիւնները, ինչպէս՝ Պախի, Հայտընի, Հենտելի, Մոցարտի, և Վակների:
Հանգուցեալ Գերապայծառին գրիչին կը պատկանին՝ «Իմ Պատարագս» տպուած Պէյրութ 1964 և «Նոր Աղօթագիրք» գրքոյկները, տպուած Պէյրութ 1982-ին, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ եկեղեցական և յատկապէս ծիսական յօդուածներ Հ. Կ. Պատրիարքարանի Աւետիք պաշտօնաթերթին և Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան «Զմմառեանք ի Սփիւռս աշխարհի» տարեգիրքին մէջ:
Պաթագեան Գերապայծառը իր կեանքի վերջին տարիներուն՝ Հ. Կ. Եկեղեցւոյ Պատրիարքական Ծիսական Յանձնախումբին մէջ գործօն մասնակցութիւն բերած է, և իր ջանքերով վերահրատարակուած են Փոքր Մաշտոցը (աշխարհաբար) Նոր Կտակարանը. Ինչպէս նաեւ Դաւթի Սաղմոսները: