Որոնել

Խոր Վիրապ Խոր Վիրապ  

Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (ԿԶ)

Այսօրուան մեր հաղորդաշարի ընթացքին՝ պիտի անդրադառնանք պատարագի յիշատակութիւններու բաժնին:

ԿԶ. Հաղորդում

Ունկնդրէ լուրը

Այսօրուան մեր հաղորդաշարի ընթացքին՝ պիտի անդրադառնանք պատարագի յիշատակութիւններու բաժնին:

 

Երգ առ Սուրբ Հոգին

Այս հանգրուանին, Քրիստոսի Մարմնի և Արեան զոհաբերութիւնը կատարուած ըլլալով՝ ճիշտ ժամանակն է որ եկեղեցին Աստուծոյ խնդրանքներ ներկայացնէ և յիշատակութիւններ կատարէ:

Սկզբնական շրջանին, եկեղեցին կը յիշէր իր նահատակները և ննջեցեալները, ապա անոնց աւելցան նաեւ ողջերը: Ս. Պատարագի ընթացքին՝ ննջեցեալներու նուիրուած աղօթքը պարզապէս յիշատակութիւն չէ, այլ՝ ինքնին Ս. Պատարագը կը մատուցուի այդ յիշատակին համար: Յիշատակութիւնները պատարագին մէջ գոյութիւն ունեցած են 240 թուականէն ի վեր, Ս. Կիպրիանոսի շրջանէն:

Մինչ դպիրները «Հոգի Աստուծոյ, որ երկինքէն իջնելով մեր ձեռքով քու փառակցիդ խորհուրդը կը կատարես. կ'աղաչենք իր արեան հեղումով մեր ննջեցելոց հոգիներուն հանգիստ պարգեւէ» երգը կ'եղանակեն, քահանան այսուհետեւ ձեռքերը Սկիհէն և ընծաներէն առանց աւելի բարձրացնելով  ցած ձայնով կ'աղօթէ՝ խնդրելով, որ սրբագործուած Ընծաներու միջոցով Աստուած սէր, հաստատութիւն և ցանկալի խաղաղութիւն շնորհէ ամբողջ աշխարհին, Սուրբ Եկեղեցւոյ, հոգեւորականներուն, թագաւորներուն և ժողովուրդին: Քահանային կողմէ կատարուած այս ծածուկ աղօթքներու հիմնական բնոյթը բարեխօսական է, որոնք կ'ուղղուին Հայր Աստուծոյ՝ իբրեւ գործակից ունենալով Սուրբ Հոգին Աստուած, քանզի Որդին Աստուած՝ Քրիստոս, կը պատարագուի Սուրբ Սեղանի վրայ:

Այնուհետեւ բարձրաձայն կը յիշուին Ս. Աստուածածինը, Ս. Յովհաննէս Մկրտիչը, Ս. Ստեփանոս Նախավկան և ուրիշ սուրբեր: «Աստուածածնին Սրբոյ Կուսին Մարիամու…» յիշատակութիւնը նախապէս սարկաւագը կ'ըսէր, սակայն հետագային քահանային փոխանցուած է: Առ ի պատասխան դպիրները «Յիշեա՛, Տէր, եւ ողորմեա՛» կ'երգեն:

Սուրբերու յիշատակութիւնը կը խորհրդանշէ նաեւ այս աշխարհի և երկինքի եկեղեցիներու միութիւնն ու անբաժանելիութիւնը: Մենք Սրբոց բարեխօսութիւնը կը հայցենք, որովհետեւ կը հաւատանք որ անոնք Աստուծոյ առջեւ մեզի համար կ'աղօթեն: Իսկ ննջեցելոց յիշատակութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ննջեցեալներու հոգիները մաս կը կազմեն Քրիստոսի կենդանացեալ Մարմնին, և անոնք եւս յարութիւն առնելու են Քրիստոսի հետ. Ինչպէս Ս. Պօղոս Առաքեալը կ'ըսէ. «Քրիստոս մեռաւ և կենդանացաւ, որպէսզի հաւասարապէս Տէր ըլլայ թէ՛ ողջերուն և թէ՛ մեռելներուն» (Հռոմեացիներ 14:9): Առաքեալի խօսքերով, Ս. Պատարագը ձեւով մը կը կանխէ Աստուծոյ դատաստանը. որովհետեւ այն օրը իւրաքանչիւր մարդ պիտի ստանայ իր վարձատրութիւնը կամ պատիժը: Դատաստանն ալ տեղի պիտի ունենայ այն ժամանակ, երբ հաւատացեալներու հոգիները հաւաքուած  պիտի ըլլան Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ:

Այնուհետեւ, ժամարարը ծածուկ աղօթելէ ետք, բարձրաձայն կը յիշատակէ նաեւ Եկեղեցւոյ նուիրապետական իշխանութիւնները, այսիքն՝ Քահանայապետը, Կաթողիկոսը, Թեմին Առաջնորդը և պատարագ մատուցանող քահանան, անոնց երկար և բարօր կեանք մաղթելով:

Քարոզ Ընդհանուր Յիշատակութեանց

Յիշատակումներու ժամանակ սարկաւագները կ'անցնին խորանի աջ կողմը, որ կը խորհրդանշէ սուրբերու աջակողմեան՝ վերի դասին պատկանիլը, իսկ ձախը՝ ապրող հաւատացեալները: Ընդհանուր յիշատակութեան երկրորդ մասին մէջ՝ սարկաւագը յաջորդաբար կը յիշէ Հայ Եկեղեցւոյ մեծանուն սուրբերը. որ ԺԸ. դարու երկրորդ կիսուն, Սիմէոն Կաթողիկոսի կողմէ աւելցուած են:

Քարոզ Մասնաւոր Յիշատակութեանց

Երբ կ'աւարտի յիշատակութիւններու շարքը, սարկաւագները կ'անցնին Սեղանի ձախ կողմը՝ միաբան կ'երգեն «Գոհութիւն և փառաբանութիւն մատուցանեմք Քեզ, Տէր Աստուած մեր», Մեծին Խոսրովի կողմէ ասացեալ, որ ժողովուրդի կողմէ շատ սիրուած է: Այնուհետեւ կը յաջորդէ սարկաւագի՝ քարոզ նախ քան զՏէրունականն, տարբեր խնդրանքներով և աղաչանքներով, որոնց ամէն մէկուն դպիրները կը պատասխանեն «Տէր, ողորմեա՛»: Այս քարոզով կը վերջանայ և՛ խնդրանքները, և՛ յիշատակութիւնները: Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ կանոնի համաձայն՝ յիշատակութիւններէն յետոյ արարողութիւնը կ'ընդհատուի, և պատարագիչը կը սկսի յորդորական քարոզը: Սկզբնական շրջանին՝այս քարոզը կը տրուէր Ճաշու Աւետարանի ընթերցումէն յետոյ:

Աղօթք ի Հայրական անուն

Մինչ դպիրները կ'երգեն, քահանան բազկատարած ի ծածուկ կ'աղօթէ. «Աստուած ճշմարտութեան եւ Հայր ողորմութեան, գոհանամք զՔէն»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/09/2021, 08:13