Աղթամարի Կղզին  Աղթամարի Կղզին  

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ. Առողջութեան որպիսութիւնը՝ լեզուի քննութեամբ։

Հոգեւոր առողջութեան Վերահսկիչ՝ երկնաւոր Բժշկապետը ինք եւս նոյն ձեւը կը կիրարկէ, մեր հոգեկան առողջութիւնը քննելու համար: Լեզուդ ինչպէ՞ս կը գործածես: Անոր գործունէութիւնը փոխյարաբերական կեանքիդ մէջ ինքնութիւնդ կը կազմէ. «հագուստ» մը, որ ճիշդ քու չափիդ կարուած կ՛ըլլայ եւ քու իսկ ձեռքովդ, ո՛չ թէ դերձակի կամ կարուձեւի մասնագէտի մը կողմէ:

Հիւանդութիւնները, իրենց անցողակի եւ կամ մահացու տեսակներով, մարդկութեան վանողական կեցուածքին կ՛արժանանան բնականօրէն, որովհետեւ որեւէ մէկը չի՛ փափաքիր հիւանդ ըլլալ: Նուազագոյն գլխացաւ մը կրնայ անտրամադիր դարձնել մեզ, յետաձգելով մեր այդ օրուան համար ծրագրած աշխատանքները եւ կամ սովորական մեր առօրեան չեղեալ համարելով:

«Գլխացաւ»ը, փոխաբերական իմաստով «փորձանք»ի նշանակութիւն ունի, որ մեր լեզուի քոյր բարբառը «գլխացաւանք» կ՛անուանէ: Երեւոյթ մը, որմէ ամէն մարդ կը փորձէ հեռու փախչիլ, այնպէս ինչպէս որ չի՛ փափաքիր ֆիզիքապէս գլխացաւ ունենալ: Ոմանք ալ կան, որ «անհանդարտ» են այս առումով: Այս «անհանդարտ»ները իրե՛նք պատճառ կը դառնան, իրենց գլխացաւ ունենալուն: Ուր որ խնդրայարոյց մարդ մը կայ, շուտով ձեռնոց կը նետեն անոր, մարտահարթակ հրաւիրելով զայն: Երբեմն իրենց հետ առնչութիւն չունեցող խնդրի մը միջամուխ կ՛ըլլան ի զուր տեղ: «Հրաւէր»ը ստացողներէն ոմանք խոհեմ ըլլալով, զգուշաւորութեան ու ազդարարութեան կոչեր կը հնչեցնեն, որոնցմէ ամէնէն գեղեցիկը առածի կարգ անցած է արդէն. «ի՞նչ է, կռնա՞կդ կը քերուի», ըսելով, անոնք զգաստութեան կը հրաւիրեն իրենց հակառակորդը, որպէսզի ետ կենայ իր «անհանդարտ»ութենէն, ու հանդարտօրէն մտածելով, աւելի շինիչ աշխատանքի լծուի:

Տարօրինակ է այն, որ նման «անհանդարտ» բնաւորութեամբ եւ կռուազանի բնաւորութեան տէր մարդիկ ընդհանրապէս շատ խելացի կ՛ըլլան, արթուն մտքով օժտուած, պատրաստաբան եւ ծրագրուած ուղեղով: Իցի՜ւ թէ անոնք իրենց այս մեծ կարողութեան դրական հունաւորում տային, կարենալ օգտակար հանդիսանալու մարդկային ընկերութեան, իրենց գեղեցիկ գաղափարներով եւ շուտով իրագործելի բարձրորակ ծրագիրներով:

Գլխացաւի այս «մեղմ» հիւանդութիւնը երբ բաղդատենք անբուժելի եւ մահացու հիւանդութիւններու հետ, յատկապէս երբ անոր ժամանակաւոր բնոյթը նկատի ու-նենանք, ինչքա՜ն բախտաւոր կը զգանք անոր անհետացումով: Առողջացման իսկ պահուն մեր զգացած ֆիզիքական ուժն ու մտային թարմութիւնը մեզի կը մղեն փառք տալու Աստուծոյ, որ ժամանակուան մը համար այս տկարութիւնը եկաւ եւ ձիւնոտ ամպի մը նման անցաւ ու գնաց: Այն ատեն միայն կը հասկնանք այն մարդոց իրավիճակը, որոնք տարիներով կը գամուին իրենց սնարին, երբեմն բուսական կեանքով դեռ կը շարունակեն մնալ իրենց մահկանացու պատեանին մէջ, մինչեւ որ օր մըն անշնչացած գտնուելով կը փոխադրուին մահուան անկողին, յաւիտենական քունով նիրհելու համար:

Պատահած է, որ հարազատներ տեսնելով իրենց սիրելիին անգիտակից տառապանքը մահիճին վրայ փռուած, կը խնդրեն բժիշկներէն, հեռացնել կենսամուղ արհեստական շնչառութեան գործիքները, որպէսզի հիւանդը աւելի չտանջուի, այլ փրկուի կրած ֆիզիքական անիմաստ չարչարանքէն:

Մտածելու ձեւ մըն է անշուշտ վերոնշեալը, որովհետեւ եթէ մէկ կողմէ հիւանդը փրկելու ծրագիրը կայ, միւս կողմէ կան նաեւ անոր շրջապատը առօրեայ մտատանջութենէ ձերբազատելու, ընտանիքը նիւթական հսկայական ծախսերէ ազատագրելու եւ սեփական ընտանիքին անդամները ամէնօրեայ գերճնշուածութենէն դուրս բերելու գաղափարները:

Անբուժելի հիւանդութեամբ տառապող անձ մը, որ սակայն դեռ գիտակցութիւնը չէր կորսնցուցած, իր սնարին մէջ հաղորդուելէ ետք խոստովանեցաւ, որ մահը կ՛ուզէ տեսնել, իր հարազատները աւելի երկար չտանջելու համար իր ցաւով, ինչպէս նաեւ աւելի մեծ ծախսերու դուռ չբանալու համար, արդէն մինչեւ այդ ալ նիւթական համեստ պայմաններով ապրող իր ընտանիքին:

Հիւանդութեանց տեսակներ երբ յատկապէս «շրջագայութեան ելլեն» աշխարհի մէջ, մարդիկ զգուշաւորութեան ահազանգ կը հնչեցնեն: Ոմանք ալ կան, որոնք յաւելեալ զգուշաւորութեամբ, մի քանի ամիսը անգամ մը քննութեան կ՛ենթարկուին, հանգիստ տալու համար իրենց մտքին:

Ընդհանուր մարմնի առողջութեան համար կատարուած աւանդական քննութիւնը կը սկսի լեզուի ստուգումով: Ընդհանուր բժշկագիտութեան հետեւած բժիշկներ ընդունելով իրենց հիւանդը, առաջին իսկ առիթով բերանը կը բանան եւ տափարակ փայտեայ ցպիկի մը օգնութեամբ հիւանդին դուրս կարկառած լեզուն կը քննեն:

Հոգեւոր առողջութեան Վերահսկիչ՝ երկնաւոր Բժշկապետը ինք եւս նոյն ձեւը կը կիրարկէ, մեր հոգեկան առողջութիւնը քննելու համար: Լեզուդ ինչպէ՞ս կը գործածես: Անոր գործունէութիւնը փոխյարաբերական կեանքիդ մէջ ինքնութիւնդ կը կազմէ. «հագուստ» մը, որ ճիշդ քու չափիդ կարուած կ՛ըլլայ եւ քու իսկ ձեռքովդ, ո՛չ թէ դերձակի կամ կարուձեւի մասնագէտի մը կողմէ:

Հոգիիդ ու մտածումներուդ այս հայելին՝ լեզուդ, փոքր մկան մըն է բերնիդ խոռոչին մէջ, որուն օրական հազարապատիկ դարձուածքներն ու լղորճումները քիմքիդ տակ, թարգմանը կը հանդիսանան անձիդ եւ խառնուածքիդ:

Սովորական բժիշկ մը զուր տեղ չէ՛ որ լեզուիդ կը նայի նախ: Իր գիտութեան տուած նշաններով, լեզուիդ մակերեսին վրայ խիտ շարքերով ամրացած հազիւ տեսանելի գնդիկներուն վրայ փռուած լորձունքին գոյնը, ճաթռտուքը եւ այլ մանրամասնութիւնները կը զննէ ան:

Նոյնն է նաեւ երկնաւոր Բժշկապետին կատարած գործը, որ մեր բերնէն դուրս եկած իւրաքանչիւր բառը նկատի կ՛ունենայ: Լեզուն սրտին աւելցուքը կ՛արտաբերէ: Այս մեծ իմաստութեան մեր համաձայնութիւնը տուած ենք ի տղայ տիոց: Սակայն ոմանք կ՛առարկեն, ըսելով թէ կան պահեր, երբ մարդ իր «կաշիէն դուրս կու գայ», այսինքն ջղայնութեան պահեր կ՛ապրի, առանց կարենալ զսպելու իր լեզուն:

Միշտ ըսուած ու լսուած խօսք է, որ աշխարհի ամէնէն սուր դանակը լեզուն է: Դանակի կամ սրածայր այլ գործիքի բացած վէրքը մարմնին վրայ, եթէ ճիշդ ժամանակին խնամուի ու կապուի, հետզհետէ կը փակուի ու կը սպիանայ: Անիկա գուցէ հետք թողու, սակայն մահուան պատճառ չի՛ դառնար: Սակայն լեզուին բացած վէրքը բուժում չունի: Այս դանակին հասցուցած հարուածը այնքան խոր կը վիրաւորէ, որ կրնայ նոյնիսկ մահուան պատճառ հանդիսանալ:

Յուսախաբութիւններ կրած մարդիկ, որոնք մինչեւ անձնասպանութեան անբացատրելի դուռը կը թակեն, յաճախ լեզուի վիրաւորանքէ մը ստացած հարուածին հետեւանքով, կամ եղած խոստումի մը դրժումին դէմ յանդիման գտնուելո՛վ կ՛առնեն այդ տխուր եւ անարդարանալի քայլը:

Լեզուակռիւը, որ ոմանց կողմէ «անվնաս» կը համարուի, երբեմն ալ կլոր սեղաններու շուրջ կողմերը հաւաքելով հաշտութեան ճիգ իբրեւ կը ներկայացուի, յաճախ յիշեալ հանդիպման ընթացքին կը վերածուի անարգական կեցուածքներու եւ ի վերջոյ կ՛աւարտի ձեռնամարտով:

Առողջութեանդ որպիսութիւնը իմանալու համար, քննէ լեզուդ, վերակազմէ այն բառացանկը զոր յաճախ կը գործածես, նոյնիսկ մտերիմներուդ հետ զրոյցի ընթացքին: Կերակուրները համտեսելու այս բացառիկ մկանը՝ լեզուդ, պարտականութիւն ունի նաեւ հոգիդ կերակրելու իր գործածած պատշաճ բառամթերքով, որոնք հոգեւոր ապրումներու աշխարհ մը կը բանան:

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/09/2021, 08:49