Որոնել

Սուրբ Խաչը Սուրբ Խաչը 

Տօն Վարագայ Սուրբ Խաչին - (Մատթէոս 24, 30-35) - Հռիփսիմեանց Կոյսերու Հայաստան բերած Խաչի առաջին մասունքը

Մօտ 370 տարիներ ետք՝ 660 թուականին, երբ Վարագայ վանքը արդէն աւերակ դարձած էր, նոյն լերան կողքին ճգնութիւն ընող Վանական մը, Թոդիկ անունով, իր աշակերտին՝ Յովէլի հետ միասին, կը տեսնեն լուսափայլ մասունքը Սուրբ Խաչին, վանքի աւերակ կամարներուն մէջ. զայն կը փոխադրեն իրենց բնակած նորաշէն վանքի եկեղեցին եւ լուրը կը տարածուի բոլոր շրջանին մէջ:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Այսօրուայ տօնը Սուրբ Խաչին նուիրուած տօներուն չորրորդն է եւ զուտ հայկական տօն մըն է: Ըստ աւանդութեան՝ Հռիփսիմեանց Կոյսերը, թիւով 40, երբ Հռոմէն փախան եւ Հայաստան ապաստանեցան, իրենց հետ բերին Յիսուսի Խաչէն մէկ կտոր մը: Երբ հասան Վանայ լճին մօտերը, անոնք ապաստան գտան Վարագ լերան վրայ, վանքի մը մէջ ուր կ'ապրէին քրիստոնեայ կրօնաւորներ: Անգիտակ իրենց սպասող ապագայ կեանքին մասին, անոնք նախընտրեցին Խաչի մասունքը հոն թողուլ, կրօնաւորներու մօտ, ապահով ձեռքերու մէջ: Իսկ իրենք շարունակեցին իրենց ճամբան դէպի Հայաստանի մայրաքաղաքը՝ Արտաշատ, ուր եւ նահատակուեցան: Ասիկա պատահեցաւ 290 թուին:

Մօտ 370 տարիներ ետք՝ 660 թուականին, երբ Վարագայ վանքը արդէն աւերակ դարձած էր, նոյն լերան կողքին ճգնութիւն ընող Վանական մը, Թոդիկ անունով, իր աշակերտին՝ Յովէլի հետ միասին, կը տեսնեն լուսափայլ մասունքը Սուրբ Խաչին, վանքի աւերակ կամարներուն մէջ. զայն կը փոխադրեն իրենց բնակած նորաշէն վանքի եկեղեցին եւ լուրը կը տարածուի բոլոր շրջանին մէջ:

Նախախնամութեան կարգադրութեամբ՝ այս հրաշալի դէպքը կը պատահի ճիշդ արաբ-մահմետական արշաւանքի նախօրեակին, պաշտպանելու եւ զօրացնելու համար հայ քրիստոնեայ ժողովուրդը ընդդէմ օտարազգեայ եւ հակա-քրիստոնեայ հրոսակներու վայրագ յարձակումներուն: Շրջանի բոլոր ազգերը, ի միջի այլոց նաեւ Պարսկաստանի հսկայ կայսրութիւնը, ընդունեցան իսլամական կրօնը. Հայերը միայն ընդդիմացան եւ ի գին իրենց արեան, մնացին քրիստոնեայ եւ մինչեւ այսօր կը շարունակեն մնալ:

Այսօր սակայն նոյն սպառնալիքը կը շարունակուի հայ ազգի գոյութեան եւ քրիստոնէութեան շուրջ, թէ պատերազմով թէ հոգեկան պայքարով: Վարագայ Սուրբ Խաչը թող ըլլայ մեզի օգնական եւ զօրավիգ: Առանց խաչի, մենք շատ տկար ենք թշնամիին առջեւ: Սակայն սուրբ Խաչով զինուած՝ մենք միշտ պատրաստ ենք փառքի մէջ մտնելու եւ լոյսերու մէջ դասուելու։ Ինչպէ՜ս հայ քրիստոնեան այսօր պատրաստ կ'ըլլայ Տիրոջ առջեւ: Ապաշխարութիւնը լաւագոյն պատրաստութիւնը կը կազմէ քրիստոնեայի մը համար, որով ան խոնարհաբար կ'ընդունի իր յանցանքները. Ապաշխարութեան արտաքին ձեւերէն մին կը կայանայ կուրծքի փախումին մէջ։ Երբ մարդ իր կուրծքը կը ծեծէ, այդ կը նշանակէ թէ կ՛ընդունի իր մեղքեերը եւ ինքզինք կը հպատակեցնէ Աստուծոյ. Հայ ծէսին մէջ այս նշանը կը կատարուի հաղորդութենէն անմիջապէս առաջ, որպէս արտաքին նշան մը զղջումի մեղքերուն վրայ։ Արտաքին ձեւերը կ՛օգնեն աւելի լաւ հասկնալու համար ներքին զգացումները եւ նաեւ աւելի ջերմեռանդօրէն աղօթելու:

Թզենիին օրինակը կու տայ Քրիստոս բոլոր անոնց որոնք գիտեն երեւութաբա-նութիւնը եւ կրնան գուշակել գալիք օդը կամ կլիման բնութեան տարրերէն։ Մեզ շրջապատող բնութիւնը մեզի նշաններ կ՛ընէ եղանակներու փոփոխութեան առիթով. Ծառերու տերեւներէն, ծաղիկներու բացուելէն, պտուղներու հասնելէն` կրնանք զանազանել տարւոյն մէկ եղանակը միւսէն։ Նոյնպէս ալ` երբ արտաքին նշաններ մեզի ցոյց կու տան թէ կարեւոր ու կենսական որոշում մը պէտք է առնել, իմաստ մը տալու համար մեր կեանքին, պէտք չէ տարակուսիլ, Աստուած է որ կը ղրկէ այդ նշանները որպէսզի հասնինք հոն ուր իր շնորհքը մեզի կը սպասէ. Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/09/2021, 08:41