Պուտաբեշտի Սուրբ Ստեփանոս Եկեղեցին Պուտաբեշտի Սուրբ Ստեփանոս Եկեղեցին 

Հունգարիայի եւ Սլովաքիայի կաթողիկէ Եկեղեցին թիւերով

12էն մինչեւ 15 սեպտեմբեր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական ճամբորդութեամբ կը մեկնի Պուտաբեշտ ապա Սլովաքիա։ Պուտաբեշտի մէջ ան պիտի գլխաւորէ Սուրբ Հաղորդութեան Միջազգային Գիտաժողովի եզրափակիչ Սուրբ պատարագը ապա պիտի փոխադրուի Սլովաքիա շարունակելով հովուական բնոյթ ունեցող իր ճամբորդութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Հունգարիան ունի 93.032 քմ քառակուսի տարածք եւ 9 միլիոն 773 հազար բնակչութիւն, որոնց 5 միլիոն 980 հազարը կաթողիկէ են, բնակչութեան, 61,19 առ հարիւրը։

Սլովաքիան ունի 49.012 քմ քառակուսի տարածք եւ 5 միլիոն 408 հազար բնակիչ, որոնց 3 միլիոն 986 հազարը կաթողիկէ են, բնակչութեան 73,71 տոկոսը

Եկեղեցական կառոյցներ։

Հունգարիոյ մէջ գոյութիւն ունին 17 Եկեղեցական գաւառներ, 2.062 ժողովրդապետութիւններ 174 հովուական խնամակալութեան կեդրոններ։

Սլովաքիայի մէջ կը գործեն 12 Եկեղեցական գաւառներ, 1.560 ժողովրդապետութիւններ, 116 հովուական խնամակալութեան կեդրոններ։

Եկեղեցւոյ մէջ ծառայութիւն մատուցողներ

Հունգարիոյ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաքելութեան մէջ ներգրաւուած են 34 եպիսկոպոսներ, 2.089 կուսակրօն քահանաներ, 165 մնայուն սարկաւագներ, 55 կրօնաւորներ եւ 619 կրօնաւորուհիներ, ապա 95 աշխարհական կարգի միաբանութիւններու անդամներ ու 17 աշխարհական միսիոնարներ, որոնց պէտք է աւելցնել 2.357 կրօնուսոյցները։

Սլովաքիայի մէջ իրենց առաքելութիւնը կը մատուցեն 22 եպիսկոպոսներ, 3064 Քահանաներ, 28 մնայուն սարկաւագներ, 103 կրօնաւորներ եւ 1.905 կրօնաւորուհիներ մինչ Աշխարհական կարգի միաբանութիւններու անդամներու թիւն է 267 եւ կրօնուսոյցներուն թիւը` 1.949։

Կրթական ու բժշկական կառոյցներ ու այլ կեդրոններ

Հունգարիոյ մէջ Եկեղեցին ունի 434 դպրոցներ եւ 14 բարձրագոյն վարժարան ու համալսարաններ մինչ Սլովաքիայի մէջ կը գործեն 254 դպրոցներ եւ 4 բարձրագոյն վարժարան ու համալսարաններ։

Կաթողիկէ եկեղեցին հունգարիոյ մէջ կը մատակարարէ 6 հիւանդանոցներ, 7 բուժարաններ, 59 անկարներու ու տարեցներու կեդրոններ, 29 որբանոցներ, Ընտանիքին նուիրուած 10 խորհրդատւութեան կեդրոններ, ընկերային վերականգման 4 կեդրոններ ու այլ բարեսիրական եւ բարեգործական 82 կեդրոններ։

Իսկ Սլովաքիայի մէջ Եկեղեցին ունի 7 հիւանդանոց, 37 բուժարան, տարեցներու ու անկարներու վերապահուած 69 կեդրոն, 10 որբանոց, Ընտանիքներու հոգատարութեան նուիրուած 6 կեդրոն ու ընկերային վերականգման համար 3 յատուկ կեդրոններ ու այլ 133 այլ գրասենեակներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/09/2021, 14:00