Ս. Հաղորդութեան համագումարին եզրախակիչ ս. պատարագ Ս. Հաղորդութեան համագումարին եզրախակիչ ս. պատարագ 

«Հունգարիան կամուրջ է թէ մշակութային թէ միջ եկեղեցական յարաբերութիւններուն համար». Կարդինալ Էրտօ

Ամբողջ շաբաթ մը քաղաքը հոգեւոր, եկեղեցական եւ մշակութային բազմաթիւ ձեռնարկներով խանդավառ մթնոլորտ մը ապրեցաւ։

Վատիկան Նիուզ

Այսօր 12 Սեպտեմբերին 2021 փակումը կատարուեցաւ Սուրբ Հաղորդութեան 52-րդ համագումարին, որ ամբողջ կաթողիկէ աշխարհը հաւաքեց Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտաբէշտի մէջ «Գոհութեան Մեծ Խորհուրդին» շուրջ։

Ամբողջ շաբաթ մը քաղաքը հոգեւոր, եկեղեցական եւ մշակութային բազմաթիւ ձեռնարկներով խանդավառ մթնոլորտ մը ապրեցաւ։

Փակման Սուրբ Պատարագին համար Հռոմէն այս առաւօտ ժամանեց Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը որ սուրբ պատարագը մատուցանեց ներկայութեամբ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոսս Աին:

Բարի գալուստի խօսքին Կարդինալ Էրտօ շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան քահանայապետին որ անձամբ փափաքեցաւ նախագահել Քրիստոսի սուրբ սեղանին շուրջ այս յատուկ հաւաքին, որուն կը մասնակցին «ոչ միայն կաթողիկէները այլ նաեւ Ուղղափառներն ու Հրեաները» ըսաւ Կարդինալ Էրտօ հաստատելով` որ «Հունգարիան կամուրջ մըն է թէ մշակութային թէ միջ եկեղեցական յարաբերութիւններուն համար»։

Կարդինալը քահանայապետն նուիրեց Սուրբ Խաչ մը որ կը յատկանշէ մերօրեայ բոլոր նահատակները։

Հարիւր հազարաւոր հաւատացեալներու մասնակցութեամբ այս Պատարագին մասնակցեցան մեծ թիւով եպիսկոպոսներ եւ քահանաներ, ինչպէս նաեւ պետական անձնաւորութիւններ, քահանաներու շարքին էր նաեւ Գերյ Հայր Վարդան Ծ. Վ. Գազանճեանը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/09/2021, 13:30