Որոնել

Յիսուս փոթորիկը կը հանդարտեցնէ Յիսուս փոթորիկը կը հանդարտեցնէ 

«Ուրուակա՞ն է Թէ Տէրն է». Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը:

Մեր առօրեան ալ ներկայիս լեցուն է կատաղի ալեկոծութիւններով՝ տնտեսական, քաղաքական, ապահովական եւ առողջապահական: Այս բոլորին մէջ կը խարխափենք առանց յստակօրէն գիտնալու ինչ պիտի ընենք: Նոյնիսկ կարողութիւն չունինք ալիքներու վրայէն մեզի եկող Տէրը տեսնելու, եւ նման աշակերտներուն զինք անորոշ ուրուական մը կը պատկերացնենք:

 Յիսուս Պետրոսին ըսաւ՝ «Եկուր»: Պետրոս նաւէն իջնելով ջուրերու վրայէն քալեց դէպի Յիսուս (Մտթ. 14:29):

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Հինգ հազարի կերակրումէն ետք, Յիսուս իր աշակերտները կը հարկադրէ որպէսզի նաւ մտնեն եւ իրմէ առաջ անցնին միւս եզերքը: Երբ նաւը ծովուն մէջտեղը հասաւ, հովը սկսաւ հակառակ ուղղութեամբ բչել եւ աշակերտները իրենք զիրենք ահազդու ալեկոծութեան մը մէջ գտան: Այդ պահուն, Յիսուս ալիքներու վրայէն քալելով գնաց դէպի նաւը: Երբ աշակերտները զինք տեսան, վրդովեցան եւ զինք ուրուական մը կարծեցին: Յիսուս քաջալերեց զիրենք եւ ըսաւ՝ « մի վախնաք, ես եմ»: Պետրոս յուսադրուած Յիսուսի խօսքէն ըսաւ՝ « եթէ դուն ես Տէր, հրամայէ ինծի, որ գամ քեզի ջուրերու վրայէն»: Եւ իսկոյն Յիսուս հրահանգեց եւ Պետրոս նաւէն դուրս իջնելով քալեց դէպի Յիսուս (Մտթ. 14:22-33):

Մեր առօրեան ալ ներկայիս լեցուն է կատաղի ալեկոծութիւններով՝ տնտեսական, քաղաքական, ապահովական եւ առողջապահական: Այս բոլորին մէջ կը խարխափենք առանց յստակօրէն գիտնալու ինչ պիտի ընենք:  Նոյնիսկ կարողութիւն չունինք ալիքներու վրայէն մեզի եկող Տէրը տեսնելու,  եւ նման աշակերտներուն զինք անորոշ  ուրուական մը կը պատկերացնենք:

Վերոյիշեալ դէպքը մեզի կու գայ սորվեցնելու, թէ ինչպէս պէտք է վարուինք դժուարութիւններու մէջ:

1)   Մեր կեանքի ալեկոծութիւններու մէջ Տէրը ներկայ է: Մեր վախերը կը խափանեն մեր աչքերը տեսնելու Տիրոջ ներկայութիւնը եւ անոր մեզի օգնելու պատրաստակամութիւնը: Ան անորոշ ուրուական մը չէ, այլ մեռելներէն յարութիւն առած Աստուածն է: Ինք յաղթեց աշխարհին եւ նոյն այդ յաղթանակը մեզի ալ տրուած է:

2)   Եթէ մենք ալ Պետրոս նման խնդրենք, Յիսուս մեզի ալ իշխանութիւն պիտի տայ մեզ դիմագրաւող ալիքներու վրայ քալելու, փոխանակ անոնց մէջ ընկղմելու եւ խեղդուելու: Ան աւելի մօտ է քան կը կարծենք. Պետրոս երբ կը խեղդուէր իր ձեռքը երկարեց եւ ահաւասիկ Յիսուս հոն էր զինք փրկելու:

Դժբախտաբար մենք միայն մեր ալիքներու կը նայինք, այդ պատճառաւ ալ անոնց մէջ կը խեղդուինք: Այնքան ատեն, որ միայն ալիքներու վրայ կը կեդրոնացնենք մեր նայուածքը, ելքի միջոց չենք տեսներ: Կը գանգատինք, տրտնջանք եւ կը ընկղմինք: Շատեր փախուստ կ'ուզեն տալ Գոլոմպոսի նման այլ հողամասեր փնտռելով, կարծելով որ իրենց երազանքի երկիրը այլ տեղ է: Անշուշտ ոչ դուրսի երկիրները դրախտ են եւ ոչ ալ մեր երկիրը դժոխք է: Ամէն տեղ ալիքներ կան.  ուր որ Յիսուս ներկայ է, ալիքները մեզ չեն վրդովեր եւ իրմով կրնանք յաղթել բոլոր դժուարութիւններու:

Դառնանք Յիսուսի եւ պիտի տեսնենք իր փրկարար եւ բժշկարար հրաշքները մեր առօրեային մէջ:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/09/2021, 07:03