Աղքատներու միսիոնարը` Կալկաթայի Մայր Թերեզան Աղքատներու միսիոնարը` Կալկաթայի Մայր Թերեզան 

Աղքատներու միսիոնարը` Կալկաթայի Մայր Թերեզան

Կեանքը չափազանց գեղեցիկ է, մի կործանէք զայն: Արժէ ապրել, մի ոչնչացնէք ձեր կեանքը…
Ունկնդրէ լուրը

 Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Մայր Թերեզան խոնարհեցաւ, առաւ իր ճամպրուկն ու դարպասէն դուրս ելաւ՝ շիտակ ուղղուեցաւ քովի աղքատներուն թաղամասը։ Ան այլեւս ետ չդարձաւ, վերջնականապէս գոցեց իր ետեւէն վանքի դարպասները, որպէսզի կարենայ ապրիլ կոչումը՝ ծառայել աղքատէն ամենաաղքատին։ Այդ օրը Աստուածածնի Վերափոխման Տօնին յաջորդող օրն էր»։

Այսօր 4 սեպտեմբերին կը յիշատակուի Կալկաթայի Մայր Թերեզային սրբադասման հինգերորդ տարեդարձը որ տեղի ունեցաւ Վատիկանի մէջ 4 սեպտեմբեր 2016-ին նախագահութեամբ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, որ արարողութեան առթիւ համայն աշխարհին հրաւէր ուղղած էր «գուրգուրանքի ու սիրոյ յեղափոխութիւն ընելու», հետեւելով նոր սրբուհիին քայլերուն:

Իսկ վաղը 5 սեպտեմբերին կը յիշատակուի գթութեան քոյրեր միաբանութեան հիմնադիր այս մեծ սրբուհիին ծիսական տօնը։

Աղքատներու սրբուհին

Մարմնով նրբակազմ, հաւատքով հսկայ, Մայր Թերեզան ծնած է Ալպանացի ընտանիքի մը յարկին տակ Սքոփիէի մէջ` 26 օգոստոս 1910 ին, կրելով մկրտութեան աւազանի Կոնջա Անիես անունը։ 18 տարեկանին ան փափաք կը յայտնէ միսիոնար դառնալու ու լքելով իր տունը կ՜անդամակցի Տուպլինի Սուրբ Կոյս Մարիամ միաբանութեան ուր կը ստանայ Մայր Թերեզա անունը` 1928ին։ Մէկ տարի ետք կը մեկնի հնդկաստան ու 20 տարիներ ամբողջ կը ծառայէ միաբանութեան մէկ վարժարանէն ներս։

Երկրորդ կոչումը` Եկուր եղիր իմ լոյսս

10 սեպտեմբեր 1946ին Մայր Թերեզային համար կը սկսի երկրորդ կոչումը` երբ Յիսուս անոր կը բացայայտէ իր ցաւը` տեսնելով աղքատներուն նկատմամբ անտարբերութիւնն ու արհամարհանքը ու անորմէ կը խնդրէ որ դառնայ իր Ողորմութեան դիմագիծը։ «Եկուր եղիր իմ լոյսս» եղաւ Տիրոջ կոչը Սրբուհիին որ անմիջապէս կը լքէ իր միաբանութիւնը ու զարկ կու տայ նոր միաբանութեան մը հիմնադրութեան «Գթութեան միսիոնարներ»ը, որուն առաքելութիւնը կ՛ըլլայ ծառայել ու խնամք տանիլ անոնց` որոնք չեն ընդունուած, չեն սիրուած եւ չեն խնամուած` Կալկաթայի աղքատները։

Մայր Թերեզան միշտ պաշտպան հանդիսացաւ կեանքին ու պայքարեցաւ նաեւ վիժումի երեւոյթին դէմ։

Կեանքը սուրբ է

17 հոկտեմբեր 1979 արժանանալով Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակին Մայր Թերեզան հաստատած էր` թէ «խաղաղութեան ամենամեծ կործանիչը վիժումն է» ու թէ «իւրաքանչիւր գոյութիւն Աստուծոյ կեանքէն է որ կը բնակի մեր մէջ»։

Մայր Թերեզան իր մահկանացուն կնքեց Կալկաթայի մէջ 1997ի սեպտեմբերի 5ին։ Այդ պահուն անոր հիմնած միաբանութիւնը աշխարհի մէջ կը հաշուէր չորս հազար անդամ եւ 123 երկիրներու մէջ 610 առաքելական տուներ։

 

Կեանքը հնարաւորութիւն է, օգտագործէք այն:
Կեանքը գեղեցկութիւն է, հիացէք նրանով:
Կեանքը երանութիւն է, ճաշակէք այն:
Կեանքը երազանք է, իրականացրէք այն:
Կեանքը մարտահրաւէր է, ընդունէք այն:
Կեանքը պարտք է, կատարէք այն:
Կեանքը խաղ է, խաղացէք:
Կեանքը հարստութիւն է, գնահատէք այն:
Կեանքը սէր է, վայելէք այն:
Կեանքը գաղտնիք է, բացայայտէք այն:
Կեանքը վիշտ է, յաղթահարէք այն:
Կեանքը պայքար է, ընդունէք այն:
Կեանքը արկած է, խիզախէք:
Կեանքը երջանկութիւն է, արարէք այն:
Կեանքը չափազանց գեղեցիկ է, մի կործանէք այն:
Արժէ ապրել, մի ոչնչացրէք ձեր կեանքը…

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/09/2021, 10:58