Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցին Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցին 

Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ ամենամեայ պատարագը` սեպտեմբեր 5-ին

Տարուան մէջ մէկ անգամ կատարուող արարողութիւնը կ՝իրականացուի Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան յատուկ արտօնութեամբ

Վանա լիճի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, ամենամեայ պատարագի համար նախապատրաստութիւնները աւարտած են: Այս մասին, ըստ Ermenihaber.am-ի, յայտնած է Վանի նահանգապետարանը՝ յիշեցնելով, որ տարուան մէջ մէկ անգամ կատարուող արարողութիւնը կ՝իրականացուի Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան յատուկ արտօնութեամբ:

Պատարագը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 5-ին, առաւօտեան ժամը 09:00-ին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/09/2021, 08:00