Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս 

Պէտք է կանխել մշակութային եղեռնը․ Վեհափառ հայրապետը՝ «Միջազգային կրօնական ազատութիւն եւ խաղաղութիւն» խորագրով համաժողովին

Վեհափառ հայրապետը իր խօսքին մէջ անդրադարձած է 2020-ի Արցախեան պատերազմին՝ մատնանշելով անոր աղէտալի հետեւանքները։

Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այսօր մեկնարկած է «Միջազգային կրօնական ազատութիւն եւ խաղաղութիւն» խորագրով համաժողովը։ 

Հայաստանի հոգեւոր կեդրոնը իր յարկին տակ համախմբած է աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած կրօնական առաջնորդներ, յառաջատար գիտնականներ ու փորձագէտներ, որոնք կը մասնակցին համաշխարհային հոգեւոր, մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան պահպանութեան մասին քննարկումներուն։

Երկօրեայ համաժողովին ընթացքին կը քննարկոի հակամարտութեան գօտիներու մէջ դէպի պաշտամունքի վայրեր մուտքի հնարաւորութիւնը, կրօնական եւ ցեղական փոքրամասնութիւններու պաշտպանութիւնը, հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանումը եւ այլն։ Քննարկումներուն առանցքին Արցախի մշակութային ժառանգութիւնն է՝ 44-օրեայ պատերազմին պատճառով տուժած յուշարձաններու ճակատագիրը։

Վեհափառ հայրապետը իր խօսքին մէջ անդրադարձած է 2020-ի Արցախեան պատերազմին՝ մատնանշելով անոր աղէտալի հետեւանքները։

Վեհափառը խիստ անհրաժեշտ համարած է միջազգային հանրութեան եւ համապատասխան կառոյցներու ջանքերը՝ կանխելու մշակութային եղեռնը, պահպանելու կրօնական եւ մշակութային յուշարձանները։ 

Աղբիւրը` «Եռագոյն»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/09/2021, 13:58