Սուրբ հաղորդութեան 52-րդ միջազգային համագումար Սուրբ հաղորդութեան 52-րդ միջազգային համագումար 

Սուրբ Հաղորդութեան 52-րդ միջազգային համագումարը 5 – 12 Սեպտեմբերին

2019ի 5 դեկտեմբերին Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրած էր հաւատացեալները աղօթելու` որպէսզի այս ձեռնարկը խթանէ «բարեկարգումի գործընթացքը» քրիստոնէական հասարակութեան մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ օրերուն` 5 – 12 Սեպտեմբերին Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտաբէշտը պիտի հիւրընկալէ Սուրբ Հաղորդութեան 52-րդ միջազգային համագումարը որուն եզրափակիչ արարողութեան նախատեսուած է նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին մասնակցութիւնը։

Համագումարը առիթ պիտի հանդիսանայ հաւատացեալները իրենց հաւատքին մէջ ամրապնդելու համար, վերակառուցելու քրիստոնեայ հասարակութիւններուն ինքնութիւնը նոր աւետարանութեան միջոցաւ, խորացնելու Քրիստոսի ու եղբայրներուն հետ հաղորդութիւնը, գործել ժողովուրդներու միջեւ հաշտութեան ի նպաստ ու նաեւ վերաամրապնդել քրիստոնեաներու միջեւ երկխօսութիւնը այն վստահութեամբ թէ աւելի շատ են այն բաները որոնք մեզ կը միացնեն քան անոնք որոնք մեզ կը բաժնեն։

Սուրբ Հաղորդութեան այս համագումարը  նախատեսուած էր 2020ին բայց յետաձգուեցաւ համաճարակի պատճառաւ։

Նշենք թէ Հունգարիան ունի քրիստոնէական խոր արմատներ։ Անոր առաջին Թագաւորը` Սուրբ Ստեփանոսը (1000-1038) հունգարացի ազգը առաջնորդեց ու միացուց Եւրոպայի քրիստոնեայ ժողովուրդներուն.

2019ի 5 դեկտեմբերին Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրած էր հաւատացեալները աղօթելու` որպէսզի այս ձեռնարկը խթանէ «բարեկարգումի գործընթացքը» քրիստոնէական հասարակութեան մէջ։

Սուրբ Հաղորդութեան 52-րդ միջազգային համագումարին բնաբանն է «Քու մէջդ են իմ բոլոր աղբիւրներս»(Սաղմոս 87,7)։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/09/2021, 09:45