Եւրոպայի Եպիսկոպոսներու Համահաւաք դասերու Խորհուրդի նախագահն ու փոխ նախագահները Եւրոպայի Եպիսկոպոսներու Համահաւաք դասերու Խորհուրդի նախագահն ու փոխ նախագահները 

Գերապայծառ Կինթարաս Կրուշաս ԵԵԴԽ նոր նախագահ

Լիագումար նիստի աւարտին Եւրոպայի Եպիսկոպոսներու Համահաւաք դասերու Խորհուրդի անդամները հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը վերահաստատեն «միասին քալելու» անհրաժեշտութիւնը, ի տես մեր ժամանակներու բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հռոմի մէջ այս օրերուն գումարուած Եւրոպայի Եպիսկոպոսներու Համահաւաք դասերու Խորհուրդի լիագումար ժողովը ընտրեց իր նոր նախագահը` յանձին անցեալ 23 սեպտեմբերին 60 տարեկանը թեւակոխած Գերապայծառ Կինթարաս Լինաս Կրուշասի, Վիլինուսի Արքեպիսկոպոսը։

Կենսագրական գիծեր

Ան ծնած է Ուաշինկթընի մէջ Լիթուանացի գաղթական ընտանիքի մը յարկին տակ։ Միացեալ Նահանգներու մէջ աւարտելէ ետք նախնական եւ համալսարանական ուսումները, փիլիսոփայական եւ աստուածաբանական ուսմունքը կ՛աւարտէ Հռոմի «Անճելիքում» Քահանայապետական համալսարանէն ներս եւ 1994ին կը ձեռնատուրի Քահանայ անուանուելով Լիթուանիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի ընդհանուր քարտուղար, պաշտօն զոր կը վարէ մինչեւ 1997 թուական, հուսկ կը ստանձնէ Վիլինուսի նորընծայարանի տնօրէնի պաշտօնը։

2010ին կը նշանակուի Լիթուանիայի Զինուորական Մատրանապետ մինչ 2013 ին կը դառնայ Վիլինուսի Արքեպիսկոպոս։ 28 հոկտեմբեր 2014էն ի վեր Ան Լիթուանիայի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահն է։

Փոխ Նախագահները։

Գերապայծառ Կրուշասիին հետ միասին ժողովականները որպէս փոխ նախագահներ ընտրեցին Լուսսեմպուրկի Արքեպիսկոպոսը` Կարդինալ Ժան Քլոտ Հոլլերիք` եւ Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս Սուրբերու թեմին Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի նախագահը`Գերապայծառ Լասլո Նեմեթը։

Լիագումար նիստի աւարտին Եւրոպայի Եպիսկոպոսներու Համահաւաք դասերու Խորհուրդի անդամները հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը վերահաստատեն «միասին քալելու» անհրաժեշտութիւնը, ի տես մեր ժամանակներու բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/09/2021, 09:30