Արհ. Տ. Պետրոս Արք. Միարիաթեանի քահանայական ձեռնադրութեան 50ամեակ Արհ. Տ. Պետրոս Արք. Միարիաթեանի քահանայական ձեռնադրութեան 50ամեակ 

Շնորհաւորական այցելութիւն Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց առաջնորդ Արհ. Տ. Պետրոս Արք. Միարիաթեանի քահանայական ձեռնադրութեան 50ամեակին առթիւ։

Հայ Կաթողիկէ համայնքի մարմիններու եւ հիւրերու ներկայութեան, Արժ. Տ. Կոմիտաս քհնյ. Տատաղլեան ընթերցեց Գերապայծառին կենսագրութիւնը, ապա վարդապետներուն կողմէ այս առիթով պատրաստուած յատուկ յուշանուէր մը փոխանցեց Գերապայծառին:
Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի, 5 Սեպտեմբեր 2021-ին, յետ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանին, Հայ Կաթողիկէ «Ս. Երրորդութիւն» եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս: Սրբազան Հօր կ'ընկերակցէին Առաջնորդի Օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նորաօծ Միաբան Հայրերէն Հոգշ. Տ. Երեմիա Աբղ. Տէկիրմէնճեան եւ արժանապատիւ քահանայ հայրեր: Ներկայ էր նաեւ Հայ Աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչ պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեան։

Հայ Կաթողիկէ համայնքի մարմիններու եւ հիւրերու ներկայութեան, Արժ. Տ. Կոմիտաս քհնյ. Տատաղլեան ընթերցեց Գերապայծառին կենսագրութիւնը, ապա վարդապետներուն կողմէ այս առիթով պատրաստուած յատուկ յուշանուէր մը փոխանցեց Գերապայծառին:

Լսելէ ետք Գերապայծառին ծառայութեան յիսուն տարիներու կենսագրական հարուստ տուեալները, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը խօսք առնելով իր կարգին վեր առաւ Գերապայծառին եկեղեցանուէր ծառայութիւնը, յայտնելով, որ այսօր համախմբուած ենք բոլորիս համար տիպար հոգեւորականի, Առաջնորդի, մտաւորականի եւ հարուստ փորձառութեան տէր անձնաւորութեան երկար տարիներու ծառայութիւնը յարգելու, այն ղեկավարը, որ սիրեց իր եկեղեցին եւ Միջին Արեւելքի ու Սուրիոյ մէջ մնալով իր ամբողջ կեանքը նուիրաբերեց իր հօտին:

Ան դիտել տուաւ, որ երեք եկեղեցիները՝ Հայ Աւետարանական, Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Ուղղափառ Առաքելական, ազգային-եկեղեցական արժէքներուն շուրջ համախմբուելով, համագործակցաբար եւ եղբայրական ոգիով, յատկապէս Հալէպի մէջ կը շարունակեն իրենց ծառայութիւնը մատուցել մեր ժողովուրդի զաւակներուն:

Սրբազան Հայրը Թեմի ժողովականութեան, ժողովուրդին անունով եւ անձնապէս իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Արհիապատիւ Գերապայծառին՝ իր քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեայ ոսկեայ յոբելեանին առիթով, անոր մաղթելով կատարեալ առողջութիւն եւ արեւշատ տարիներ՝ շարունակելու իր նուիրական առաքելութիւնը յատկապէս ներկայ դժուար հանգրուանին։

Աւարտին, Գերապայծառը իր սրտի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն, իր գոհունակութիւնը յայտնելով եղբայրական գործակցութեան եւ Սրբազան Հօր շնորհաւորական խօսքերուն համար։

Բերիոյ Հայոց Թեմի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդութիւն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/09/2021, 08:00