Քաղդէացիներու Սուրբ Յովսէփ Եկեղեցին Քաղդէացիներու Սուրբ Յովսէփ Եկեղեցին 

Իրաքի մէջ Քաղդէական եկեղեցւոյ սիւնհոդոսը։

Եկեղեցւոյ առաքելութիւնն է ըլլալ ձայն մը որ կը սերմանէ եղբայրութեան, սիրոյ, խաղաղութեան, անվտանգութեան, զօրակցութեան ու երջանկութեան մէջ համագործակցութեան սերմեր ու կը պահանջէ արդարութիւն» ըսաւ ի մէջ այլոց Կարդինալ Սաքօ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

9-14 օգոստոսին Պաղտատի մէջ տեղի կ՛ունենայ Քաղդէական Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսը, որուն ընթացքին քննարկուելիք կեդրոնական նիւթերու շարքին են Քաղդէական Եկեղեցւոյ վերանորոգումը, ծէսի ու քրիստոնէականի բարեկարգումը, կղերին կազմաւորումը, Իրաքի մէջ քրիստոնեաներուն կացութիւնը։

Սիւնհոդոսի բացումը միութեան հոգիով

Սիւնհոդոսական հաւաքին բացումը կատարուեցաւ անցեալ 9 օգոստոսին, որուն առթիւ Բաբելոնի Քաղդէացիներու Պատրիարքը Կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ ժողովական եպիսկոպոսներուն ներկայացուց սիւնհոդոսին կեդրոնական նիւթերը շեշտը դնելով երկու կարեւոր երեւոյթներու վրայ. միասին քալելու անհրաժեշտութիւնը սիւնհոդոսական իսկական հոգիով եւ հրատապ վերանորոգումի կարիքը` դիմագրաւելու համար մշակութային եւ ընկերային յեղաշրջումները ու համապատասխանելու հաւատացեալներու նոր կարիքներուն։

Իրաքի մէջ քրիստոնեաներու գոյատեւման հարցը եւ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը

Կարդինալ Սաքոն անդրադարձ կատարեց նաեւ Քրիստոնեաներու Իրաքի մէջ կացութեան մասին այս ուղղութեամբ ընդգծելով` որ «Եկեղեցին պէտք է գործէ քաջութեամբ, պատասխանատու եւ առաքելական հոգիով, լուսաւորելու համար խիղճերը` խաղաղութեան, ընկերային արդարութեան, քաղաքացիութեան ու գաղթականութեան նիւթերու շուրջ»։

«Եկեղեցւոյ առաքելութիւնն է ըլլալ ձայն մը` որ կը սերմանէ եղբայրութեան, սիրոյ, խաղաղութեան, անվտանգութեան, զօրակցութեան ու երջանկութեան մէջ համագործակցութեան սերմեր ու կը պահանջէ արդարութիւն» ըսաւ ի մէջ այլոց Կարդինալ Սաքօ Քաղդէական եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսի բացման առթիւ ներկայացուցած իր զեկոյցին մէջ ընդգծելով նաեւ Քաղդէացի Եկեղեցւոյ Իրաքի մէջ ներկայութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/08/2021, 08:46