Հայաստանի պատմական քարտէզ  Հայաստանի պատմական քարտէզ  

ՀԱՅՐԵՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ (11) Հայոց պատմութեան նուիրուած հաղորդաշար:

Պատրաստուած` Գեր. Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերեանի եւ Սօսէ Փիլաւճեանի կողմէ
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

«Տիգրան եւ Աժդահակ» ը կը պատմէ Տիգրան Ա.ի եւ Մարաց թագաւոր Աժդահակի (Աստիագէս) հակամարտութիւնը:

Տիգրան Ա.ը (Ք.Ա. 560-535թ.) Խորենացին կոչած է Երուանդեան, հնագոյն Հայկական թագաւորութեան հիմնադիր՝ Երուանդ Սակաւակեացի որդին:

Մարաստանի իշխանութենէն ազատագրուելու համար՝ Տիգրան Ա.ը Ք.Ա. 6-րդ դարու կէսերուն կը դաշնակցի Աքեմենեան տոհմի զօրավար Կիւրոսի հետ. որը ահ ու սարսափ էր մարաց թագաւորին: Աժդահակը դիմելով խորամանկութեան կը փորձէ նենգ միջոցներով քանդել այդ դաշինքը: Ան կ'ամուսնանայ Տիգրանի քրոջ հետ, փորձելով բարեկամութեան դիմակի տակ գաղտնի դաւեր լարեր Հայաստանի դէմ: Բայց խոհեմ Տիգրանուհին կը զգուշացնէ եղբօրը՝ Տիգրանին, եւ վերջինս մարտի կ'ելլէ Աժդահակի դէմ: Մարաց թագաւորը կը սպաննուի, իսկ անոր ընտանիքին եւ մեծաթիւ գերիներուն Տիգրանը Հայաստան կը բերէ եւ հոն կը բնակեցնէ:

Պէտք է նշել, որ Տիգրանուհին հայ կնոջ առաջին կերպարն է հայ հին պատմութեան մէջ: Ան խիզախ եւ խելացի Տիկին է. որ առանց վախնալու Աժդահակի սպառնալիքներէն կը զգուշացնէ Տիգրանին վտանգի մասին եւ կը փրկէ երկիրը:

Տիգրանը Հայկի նման քաջամարտիկ եւ գեղեցիկ դիւցազն է, որու մասին Մ. Խորենացին կ'արտայայտուի հիացմունքով: »Որովհետեւ ան մեր թագաւորներուն մէջ ամենահզօրը եւ ամենախոհեմն էր եւ անոնցմէ բոլորէն քաջը: Ան Կիւրոսին աջակից եղաւ Մարաց իշխանութիւնը տապալելու, յոյներուն եւս ոչ քիչ ժամանակ նուաճելով իրեն հնազանդեցուց, եւ մեր բնակութեան սահմաններն ընդարձակելով հասցուց մինչեւ հին բնակութեան սահմաններու ծայրերը, բոլոր իր ժամանակակիցներուն նախանձելի եղաւ«:

»Տիգրանի եւ Աժդահակի«, »Հայկի եւ Բելի«, »Արայի եւ Շամիրամի« կերպարներու հակադրութիւնը՝ իրենց չար ու բարի, քաջ ու վախկոտ, խիզախ եւ խորամանկ յատկութիւններով ներկայացուած են հայ հին Երուանդունիներու հարստութեան (թագաւորութեան) մէջ:

Հայ հին ժողովրդական պատմութեան երկրորդ շարքը, ի տարբերութիւն առաջինին, որը հիմնականօրէն կապուած էր Վանի շրջակայ վայրերը՝ Վասպուրականի կողմերը, քանի որ այստեղ երկար ժամանակ պահպանուած է հեթանոսութիւնը:

Այս պատմութիւնները, որոնց հերոսներն են՝ Արտաշէս Ա.ը, Արտաւազդը, Երուանդը եւ ուրիշներ ներքին կապով հաղորդակցուած են իրար հետ եւ ամբողջացուած հայ դիւցազուններ՝ Հայկի, Արայի, Արամի եւ այլ հերոսներու պատմութեան հետ:

Երուանդունիներու պետութեան շրջանը (Ք.Ա. 6-րդ դարէն մինչեւ Ք.Ա. 3-րդ դարը) կ'ընդգրկէ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/08/2021, 08:22