Արդեօ՞ք իրաւունք ունինք յուսալու: Արդեօ՞ք իրաւունք ունինք յուսալու:  

Արդեօ՞ք իրաւունք ունինք յուսալու:

Արհ. Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Գաղտնիք մը չէ եթէ ըսենք՝ կեանքը վիշտով ու տառապանքով շաղախուած է: Այս մէկը արդիւնքն է մարդուն երանական Եդեմէն վար իյնալուն՝ «որովհետեւ դուն այն ծառէն կերար, որուն մասին քեզի պատուիրեցի «անկէ մի ուտեր», գետինը քու պատճառովդ անիծեալ ըլլայ: Կեանքիդ բոլոր օրերը ցաւով պիտի ուտես անկէ. փուշ ու տատասկ պիտի բուսնեցնէ քեզի...» (Ծնն. 3:17-18): Հետեւաբար կրնանք ըսել, թէ անխուսափելի իրականութիւն մըն է, թէ կեանք լեցուն է «բուշով եւ տատասկով»:

Լիբանան ներկայիս կ'ապրի տնտեսական եւ ապահովական աննախընթաց ճգնաժամեր՝ փուշեր եւ տատասկներ: Դեղորայքի բացակայութիւն, վառելանիւթի չգոյութիւն, աննախընթաց սղաճ, գործազուրկներու մտահոգիչ տոկոս, ուտեստեղէնի աստիճանաբար նուազում եւ ցանկը կ'երկարի:

Վախ, յուսահատութիւն եւ հոգեկան ճնշումներ կու գան ժողովուրդներու արդէն իսկ խախուտ իրավիճակը առաւել վատթարացնելու: Ժողովուրդին ''Ի՞նչ պիտի ընենք'', ''ո՞ւր պիտի երթանք'' եւ ''ո՞րու պիտի դիմենք'' հարցումներ անպատասխան կը մնան: Պատասխան գտնել եւ կան նոյնիսկ փորձել պատասխանել նման հարցադրումներու, ապարդիւն ջանք մը կը թուի:

Պետական կառոյցներու եւ պատասխանատուներու ան պատրաստակամութիւն իրենց ժողովուրդին թշուառութիւններուն լուծումներ գտնելու, բոլորովին շուարած կը թողու մարդոց: '' Տակաւին որքան կրնա՞նք դիմանալ'', ''ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր զաւակներուն ապագան'' հարցումներ կու գան միանալու վերոյիշեալ միւս հարցումներուն:

Յիսուս իր հետեւորդներուն կը թելադրէ, որ իրենց տուները շինեն ժայռի վրայ ( Մտթ. 7:24-25), այսինքն ապրիլ իր պատուիրաններու հնազանդութեամբ: Այն ժամանակ «երբ անձրեւներ տեղան, գետեր յորդին, հողմերը փչեն եւ հարուածեն տունը» պիտի չփլի: Այս աստուածային պատուիրանը ցոյց կու տայ կարեւորութիւնը քրիստոնէական դաստիարակութեան, որպէս նախապատրաստութիւն ընդդէմ կեանքի դժուարութիւններու եւ որպէսզի այդ դժուարութիւնները որեւէ ժխտական ազդեցութիւն չունենան հաւատացեալին վրայ: Իսկ առարկայական նայուածքը մեր շրջապատին, ի յայտ կու գայ, թէ որպէս հաւատացեալներ թերի գտնուած ենք մեր տուները «ժայռի» վրայ շինելու:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/08/2021, 08:05