Ինչպէս Զօրացնել Հաւատքը.  Ինչպէս Զօրացնել Հաւատքը.  

Ինչպէս Զօրացնել Հաւատքը. Արհ. Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը

Այն Հաւատացեալը, որ Ս. Գիրք եւ սուրբերու կեանքերը կը կարդայ եւ կը փորձէ ապրիլ անոնցմէ աւանդուած պատուիրանները գիտէ, որ Աստուած միշտ պահած է եւ պիտի պահէ իր սիրելիները:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Ինչպէ՞ս կրնանք մեր հաւատքը զօրացնել: Հաւատքը ունի իր երեք  երեսները՝ ա) բարեպաշտական պաշտամունքային, բ) կենցաղավարական եւ գ) դաւանաբանական: Այս երեքը կը կազմեն մէկ ամբողջութիւն:  'Հաւատք' հասկացողութիւնը շատերուս համար լոկ բարեպաշտութիւն մըն է, որ ինքնիր մէջ բաւարար զօրութիւն չունի դժուարութիւններ դիմակալելու,  եթէ ան շաղախուած չըլլայ սուրբ գրային ճշմարտութիւններով, որ ինքզինք կ'արտայայտէ կեանքով եւ գործով: Առաքեալը կ'ըսէ՝ « Հաւատքը կու գայ լսելէն, եւ լսելը՝ Աստուծոյ խօսքէն» ( Հռոմ. 10:17):  Աստուածաշունչը եւ եկեղեցւոյ դարաւոր պատմութիւնն ու փորձառութիւնը մեզի կը սորվեցնեն, թէ  քրիստոնեաներ անցած էն նման այլեւ առաւել դժուար պարագաներէ եւ վիճակներէ. եւ Տիրոջ շնորհքով միշտ ալ յաղթական դիւրս եկած են: Բայց որովհետեւ մենք զմեզ անջատած ենք մեր պատմութենէն եւ անցեալի եւ ներկայի հաւատքի հերոսներէն, մեր միտքերը կարող չեն ըմբոշխնել, որ Տէրը ատակէ  պահել իր զաւակները, եւ թէ անոնց ոչ մէկ չարիք կրնայ պատահիլ: Այն Հաւատացեալը, որ Ս. Գիրք եւ սուրբերու կեանքերը կը կարդայ եւ կը փորձէ ապրիլ անոնցմէ աւանդուած պատուիրանները գիտէ, որ Աստուած միշտ պահած է եւ պիտի պահէ իր սիրելիները:

Կը պատմուի, թէ Ֆաթիմեան խալիֆայութեան ժամանակ, Ալ Մուիզ խալիֆան ուզեց եգիպտոսի քրիստոնեաներ փորձել: Կանչեց Ապրամ պատրիարքը եւ ըսաւ անոր՝ « ձեր գրքին մէջ գրուած է, 'եթէ հաւատաք կրնաք լեռներ շարժել':  Եթէ ձեր գիրքը ճշմարիտ է, փաստեցէք թէ կրնաք լեռներ շարժել. այլապէս բոլոր քրիստոնեաները պիտի աքսորեմ կամ սպանեմ »: Պատրիարքը իր հաւատացեալներուն աղօթքի եւ ծոմապահութեան կոչ կ'ընէ: Ինքն ալ իր կարգին իր կղերին հետ աստուածածնայ անունով կոչուած եկեղեցւոյ մէջ ամփոփուած կ'աղօթէ: Երրորդ օրը աստուածամայրը կ'երեւնայ իրենց եւ կը յայտնէ, թէ ինչ պէտք է ընեն, որպէսզի փրկուին: 

Պատրիարքը իր ժողովուրդին հետ կը ներկայանայ խալիֆային եւ աղօթելով կը կարողանան Ալ-Մուքաթթամ լեռը շարժել: Այսպիսով Եգիպտոսի քրիստոնեաները կը փրկուին: (Ղպտի Եկեղեցւոյ աւանդութիւն): 

Հետեւաբար պէտք է մեր հաւատքը լոկ բարեպաշտութիւնէ աւելի ըլլայ: Պէտք է աճի Աստուծոյ խօսքին ճշմարտութեան եւ եկեղեցւոյ աւանդութեանց եւ սուրբերու օրինակին վրայ հաստատուելով: Այն ատեն Ս. Պետրոսի բառերով պիտի ըսենք «գիտեմ եւ վստահ եմ» (Յովհ. 6:69), թէ Քրիստոս պիտի փրկէ եւ պահէ զիս իր հզօր աջով: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/08/2021, 08:23