Խոր Վիրապ Խոր Վիրապ 

Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (ԿԲ)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին՝ պիտի անդրադառնանք Ս. Պատարագի Կանոնին կամ Յիշատակի (Anamnesis) բաժնին:

ԿԲ. Հաղորդում

Ունկնդրէ լուրը

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին՝ պիտի անդրադառնանք Ս. Պատարագի Կանոնին կամ Յիշատակի (Anamnesis) բաժնին:

Կանոն կամ բուն պատարագը յիշատակումն է Սուրբ Հաղորդութեան հաստատումին Վերջին Ընթրիքին. «Առեալ զհացն» (Մտթ. ԻԶ. 26): Հացի և գինիի սրբագործումը խորհրդաբար տեղի կ'ունենայ, երբ քահանան անոնց վրայ կ'արտասանէ Քրիստոսի խօսքերը. «Այս է մարմին իմ ... Այս է արիւն իմ» (Մտթ. ԻԶ. 27,28): Այնուհետեւ անոնք Ս. Հոգիի ներգործութեամբ կը փոխակերպուին Քրիստոսի ճշմարիտ մարմնին և արեան՝ ի հաղորդութիւն հաւատացեալներուն:

Աւետարանիչներու վկայութեամբ՝ Տէրը ինքը հաստատեց այս պատարագը և սորվեցուց թէ ի՛նչպէս պէտք է զայն կատարել՝ գոհութիւն յայտնելով (Անձեւացի էջ 10): Թէպէտ Յիսուս Քրիստոս Վերջին Ընթրիքի ատեն ըսաւ. «Ասիկա կատարեցէ՛ք իմ յիշատակիս համար» (Ղկ. ԺԲ. 19), սակայն պատարագի սուրբ զոհը պարզ յիշատակ մը չէ միայն, այլ Քրիստոսի չարչարանքներու վերանորոգումը:

Ս. Թովմաս Ագուինացին կ'ըսէ. Աստուծոյ զոհ մատուցանելը բնական օրէնք մըն է. և մարդը ի սկզբանէ՝ առանց մէկէ մը մասնաւոր ներշնչումէ դրդուած ըլլալու, ինքնաբերաբար զոհաբերութեան սկսած է: Ինչպէս կը տեսնենք Կայէնի ու Աբէլի պարագան, յետոյ Նոյի և Աբրհամի, և նաեւ միւս նահապետներուն, որոնք իրենք իրենցմէ սկսած են Աստուծոյ զոհ մատուցանել: Ուրեմն զոհը իրօք բնական օրէնք մըն է և բոլոր ազգերը իրենց զոհերն ունեցած են: Այս պատճառաւ, Յիսուս Քրիստոս եւս չէր կրնար իր Եկեղեցին այսպիսի բարձր աստուածային պաշտամունքէ զրկել, առանց որուն իր Եկեղեցին շատ ստորադաս պիտի նկատուէր Մովսիսական պաշտամունքէն՝ որուն զոհերը այնպիսի մեծաշուք կերպով կը կատարուէին. ուստի, պատշաճ գտաւ իր Եկեղեցւոյն համար անսահման արժէք ունեցող զոհ մը հաստատել եւ իբր քահանայ ըստ կարգին Մելքիսեդեկի, մեր մեղաց ծանրութիւնը իր վրայ առնելով՝ ինքզինքը որպէս ողջակէզ մատուցանեց Երկնաւոր Հօր:

Յիսուս երկու առիթով այս խորհուրդը կատարեց իր աշակերտներուն հետ: Առաջին անգամ խորհրդաւոր ընթրիքի ատեն տեղի կ'ունենայ, երբ Յիսուս հացը առաւ, օրհնեց, բեկանեց, յետոյ աշակերտներուն բաժնելով՝ ըսաւ. «Առէ՛ք կերէք»: Երկրորդ անգամ Յիսուսի Յարութեան օրը տեղի կ'ունենայ, երբ ան կը հանդիպի իր աշակերտներուն, որոնք սակայն, սկիզբը զինք չեն ճանչնար: Ղուկաս Աւետարանիչը այսպէս կը նկարագրէ այդ հանդիպումը «Երբ Յիսուս անոնց հետ սեղան նստեցաւ, հաց առաւ, օրհնեց ու կտրելով տուաւ անոնց. այն ատեն անոնց աչքերը բացուեցան և զինք ճանչցան» (Ղկ. 24, 30-31): Արդ, ոմանք կը պնդեն թէ այն երեկոյեան կատարուած արարողութիւնը միայն Առաքելոց համար էր և ոչ ուրիշներու, հետեւաբար հաղորդութեան հաստատութիւնը յաւերժացումի նկարագիրը չունէր: Ստոյգ է թէ, Տէրը ուրիշ աշակերտներ ալ ունէր, բայց գլխաւորները տասներկուքն էին, և նախ անոնց շնորհեց Ս. Խորհուրդը: Բայց քանի բոլոր հաւատացեալներուն պիտի պարգեւէր (զայն), աւելցուց՝ շատերու համար կը բաշխուի, ցոյց տալով թէ այն օրէն մինչեւ աշխարհի վախճանը Ս. Խորհուրդը որպէս անսպառ կերակուր պիտի բաշխուէր բոլոր հաւատացեալներուն, որպէսզի փրկագործութեան խորհուրդը Եկեղեցւոյ ամէն մէկ անհատին մերձեցուի:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/08/2021, 08:00