Խոր Վիրապ Խոր Վիրապ 

Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (ԿԱ)

Այսօրուան հաղորդաշարի ընթացքին՝ պիտի անդրադառնանք Հաւատացելոց Պատարագի յաջորդ ենթաբաժանումներուն:

ԿԱ. Հաղորդում

Ունկնդրէ լուրը

Այսօրուան հաղորդաշարի ընթացքին՝ պիտի անդրադառնանք Հաւատացելոց Պատարագի յաջորդ ենթաբաժանումներուն: 

Քարոզ Ողջունի

Ողջոյնի պահուն, սարկաւագը բարձրաձայն հրաման կու տայ ժողովուրդին իրար զիրար ողջոյն տալու սուրբ համբոյրով. «Ողջոյն տո՛ւք միմեանց ի համբոյր սրբութեան»: Այս յորդորական քարոզը ըսելէ ետք, սարկաւագը պատարագիչ քահանայէն ողջոյնը ստանալով վար կ'իջնէ և զայն կը փոխանցէ ատեանին կեդրոնը գտնուող հոգեւորականին, որ իր կարգին՝ ժողովուրդին կը փոխանցէ: Գոհութեան խորհուրդի ընթացքին, ողջոյնին մասին առաջին վկայութիւնը կը գտնենք «Վարդապետութիւն Առաքելոց» (Տիտաքէ) գիրքին մէջ, ուր յիշուած է. «Տիրոջ օրը դուք համախմբուեցէք. բեկանեցէք Հացը և գոհութիւն մատուցէք յետ խոստովանելու ձեր մեղքերը, որպէսզի ձեր Զոհն ըլլայ սուրբ: Բայց ան որ վէճ ունեցած է եղբօր հետ, պէտք չէ որ միանայ ձեզի, հաշտութենէն առաջ, որպէս զի չպղծէ ձեր Զոհը»: Պօղոս Առաքեալը նոյնպէս կը յանձնարարէ հաւատացեալներուն, որ իրար ողջունեն «սուրբ համբոյրով» (Հռոմէացիներ 16. 16 - Ա. Կորնթացիներ 16. 20 - Բ. Կորնթացիներ 12.12): Խոսրով Անձեւացին Սուրբ Պատարագի մեկնութեան մէջ կը նշէ, որ սուրբ համբոյրը այն է, զոր սուրբ սիրով և մաքուր մտքով կու տանք մեր եղբօր: Սուրբ Հաղորդութիւն ստանալու արժանի ըլլալու համար, Բ. դարու եկեղեցական կանոնի համաձայն, հաւատացեալի առաջին պարտականութիւնն էր հաշտուիլ ամէնուն հետ: Ըստ հնագոյն սովորութեան՝ ողջոյնը կամ խաղաղութեան համբոյրը «Մատուցում»-էն առաջ կը փոխանակուէր: Դ. դարու կիսուն, Երուսաղեմի մէջ ողջոյնը հաստատուեցաւ այնտեղ՝ ուր կը գտնուի այժմ հայկական Պատարագի մէջ: Երբ հաւատացեալները ողջոյնը կը ստանան, իրենք ալ իրենց հերթին կը փոխանցեն զայն. ողջոյն փոխանցողը կ'ըսէ. «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ», իսկ ստացողը կը պատասխանէ. «Օրհնեալ է յայտնութիւնն Քրիստոսի»: Առ այս՝ դպիրները կ'երգեն «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ» որ նոյն միտքը կը յայտնէ, վերագրուած Ս. Ներսէս Շնորհալիի:

Գոհութիւն

Փոխ Գոհութեան

Ողջոյնին կը հետեւի սրբագործութեան արարողութիւնը, երբ սարկաւագը կը ձայնէ «Ահիւ կացցուք, երկիւղիւ կացցուք», և կը զգուշացնէ ահով ու երկիւղով կանգնիլ, քանի որ մօտ է հաղորդութեան պահը, և Աստուծոյ Գառը մեր փրկութեան ու մեղքերու համար պէտք է պատարագուի Ս. Սեղանի վրայ: Այնուհետեւ, կը հետեւի «Զդրունս, զդրունս…» զգուշացնող հրամանը, որ կոչ մըն է փակելու մեր մտքի, սրտի խորհուրդներու դռները և կեդրոնանալ միայն գոհութեան խորհուրդի վրայ, ինչպէս նաեւ փակել եկեղեցւոյ դռները, որպէսզի քիչ առաջ դուրս հրաւիրուած երախաները ներս չմտնեն: 

Նախաբան Գոհութեան

Մինչ դպիրները կ'երգեն, քահանան ձեռնամած կ'աղօթէ ի ծածուկ. «Արժան է ստուգապէս եւ իրաւ».  այս աղօթքին մէջ ան կը փառաբանէ Հայրը, որ փրկագործութեան տնօրինութեամբ մեզի երկնայիններու հոգեւոր պարին մասնակցելու արժանացուց: Ուստի դպիրները քերովբեներու և սերովբեներու հետ միաձայն համարձակ կ'երգեն «Սուրբ, սուրբ, սուրբ…»: Եսայի մարգարէի այս խօսքերը հրեշտակներու երգն են, ուր անոնք զԱստուած կը փառաբանեն (Եսայի Զ 3): Արդարեւ, Պատարագի ամենախորհրդաւոր արարողութիւնը սրբագործութեան անճառելի պահը կը համարուի: Հրեշտակներ երկինքէն երկիր իջնելով նուիրագործած են պահը, և կարծէք Վերջին Ընթրիքին Սեղանն է, որ կը բացուի հաւատացեալներուն առջեւ: Ըստ Սբ. Յովհան Ոսկեբերանի՝ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը «կը ներկայացնէ պահ մը, երբ երկինքը կը բացուի և հրեշտակները կ'իջնեն և կը շրջապատեն սրբարար սեղանը»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/08/2021, 07:59