Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ։ Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ։  

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ։ Անզէն Աւազակութիւն

«Աւազակ» բառը լսելով, մարդիկ իրենց աչքերուն դիմաց կը պատկերացնեն զինեալ անձ մը, որ դանակով կամ սուրով, կամ ընդհանրապէս զէնք հասկացութեան մեծ կամ փոքր տեսակներով կը սպառնայ վերջ տալ իրենց կեանքին, անոր դիմաց պահանջելով իրենց ստացուածքը:

Աւազակներուն ինքնութիւնը յաճախ երկար ատեն անծանօթ կը մնայ շատերուն: Երկար տարիներ իրարու հետ ապրած մարդիկ յանկարծ կը բաժնուին, կը հեռանան իրարմէ այնքան, որ կարծէք նախապէս երբեք ծանօթութիւն չեն ունեցած: Որոշ ժամանակ ետք, ի յայտ կու գայ, որ անոնց իրարմէ գժտուելու պատճառը բացայայտում մը եղած է, զոր կատարած է կողմերէն մէկը, ճանչնալով դիմացինին աւազակ ըլլալը: Անհաւատարմութեան, խաբեբայութեան եւ ընդհանրապէս անվստահելիութեան յայտնաբերման դաժան իրականութիւնն է այս: Ուրեմն, աւազակները կը յաջողին իրենց ինքնութիւնը ծածկել ո՛չ միայն հանրութենէն, այլեւ ամէն օր իրենց հետ ապրող մարդոցմէ: Սոյն «ճարտարութեան» մասին յաւելեալ բացատութիւն տալու կարիք չենք զգար, մանաւանդ այն պատճառով, որ ներկայ բազմերանգ ընկերութեան շերտերուն մէջ անհաշիւ օրինակներ կան բոլորիս յիշողութեան մէջ:

«Աւազակ» բառը լսելով, մարդիկ իրենց աչքերուն դիմաց կը պատկերացնեն զինեալ անձ մը, որ դանակով կամ սուրով, կամ ընդհանրապէս զէնք հասկացութեան մեծ կամ փոքր տեսակներով կը սպառնայ վերջ տալ իրենց կեանքին, անոր դիմաց պահանջելով իրենց ստացուածքը: Շատեր ճիշդ այդ պահուն կանխիկ գումար չունենալով՝ կը ստիպուին իրենց կրած թանկարժէք կամ կիսաթանկարժէք զարդեղէնները, ժամացոյցը եւ այլ իրեր յանձնել գողին, փրկելու համար իրենց ամէնէն թանկագինը՝ կեանքը: Աւազակին մասին սոյն պատկերացումը մեզի կու գայ անցեալի կեանքը ներկայացնող վէպերու ընթերցումով կամ հին դարաշրջանէն քաղուած նիւթերով պատրաստուած շարժապատկերներ դիտելով:

«Աւազակ» եւ անոր հոմանիշը եղող «գող» բառով կազմուած բառակապակցութիւն մըն ալ կայ՝ «գող-աւազակ», որ ընդհանրապէս իբրեւ ածական կը տրուի խաբեբայ եւ նոյնիսկ իր անմիջական շրջապատը անգթաբար կողոպտող մարդոց: Այսպէս, նոյն սենեակին մէջ ապրող ընկերներէն մէկը, յանկարծ գիշեր ատեն երբ տեսնէ, որ իր սենեկակիցը արթնցեր է ու իր տաբատին գրպանները կը դատարկէ, անոր նկատմամբ վստահութիւնը կը կորսնցնէ, եւ արարքի վրայ բռնած ըլլալով զայն, ամէն կապ կը խզէ անոր հետ: Կարելի՞ է միթէ պատկերացնել, որ կողոտպուած անձը այնուհետեւ համաձայնի, զինք կողոպտած «ընկերոջ» սենեկակցութիւնը շարունակել…։ Դեռ աւելին, կողոպտուած անձը կը սկսի քրքրել իր մօտաւոր անցեալի յիշողութիւնը, թէ վերջին անգամ ե՞րբ զգացած էր, որ գումար պակսեր էր իր գրպանէն եւ ինք միամտօրէն կարծեր էր, թէ սխալմունք կամ անիմաստ կասկած էր այդ:

Կասկած չկայ, որ երբ աւազակը ընդունի իր սխալը ու մանաւանդ հատուցէ իր զոհին, կողոպտուած անձը թողութիւն կը շնորհէ՝ կը ներէ անոր: Աշխարհի բոլոր դատարանները ամէն օր կը զբաղին այս հարցերով: Անոնցմէ ոմանք կը յաջողին խոստովանեցնել գողը, ուրիշներ ամէն ճիգ ի գործ դնելէ ետք, երբ ձախողին իրենց առաքելութեան մէջ, ստիպողաբար կը բանտարկեն աւազակը, որպէսզի գէթ բանտախուցին մէջ արգելափակումով՝ կրէ իր պատիժը, բախտաւոր օր մըն ալ զղջալով կատարածին համար ու խոստովանելով իր սխալ արարքը:

Գողերու եւ գողութեան տեսակներու մասին շատ երկար կարելի է խօսիլ կամ գրել: Կան բազմաթիւ բարոյալից պատմուածքներ, որոնք ցոյց կու տան, թէ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս կը սկսի գողութեան ունակութիւնը մարդուն մէջ: Բնականաբար ամէն մարդ միայն ադամական մեղքով կը ծնի, սակայն յետոյ, կամաց-կամաց իր մէջ կ՛աճեցնէ լաւ ու վատ սովորութիւններ, որոնք իր ինքնութիւնը  կը կազմեն: Դրացիին հաւնոցէն հաւկիթ գողցող պատանիին մինչեւ նշանաւոր գող դառնալը եւ թագաւորին ձին գողնալը, ընդհանրացած պատմուածք մըն է արդէն: Պատմուածքին միտք բանին, մանուկ տարիքէն, ենթակային ստացած դաստիարակութիւնն է, կազմաւորումը, որուն մէջ ծնողները մեծ դերակատարութիւն ունին: Ծնողներուն կողմէ երբեմն տրուած սխալ ուղղութիւնը կամ անոնց կատարած ծուռ կազմաւորումը, զաւակներուն դժբախտութեան պատճառ կը դառնայ:

«Գող՝ սիրտը դող» ասացուածքն ալ իր միտք բանին կը պարունակէ իր մէջ: Գողին սիրտը միշտ կը դողայ, այսինքն գողը միշտ վախի մէջ կ՛ըլլայ, որքան ալ «վարպետ» գող ըլլայ, որովհետեւ մարդը զգացական էակ է: Որքան ալ ան քար դնէ իր խիղճին վրայ, դարձեալ կը զգայ իր կատարած գործին վատ ըլլալը:

Անմիջական շրջապատիդ մէջ գտնուող «գող-աւազակ» մարդոց ցուցաբերած մօտեցման հիմնական քայլը, քեզի վստահութիւն ներշնչելն է: Ենթական նախ պէտք է շահի վստահութիւնդ, որպէսզի դիւրացնէ իր յառաջիկայ բոլոր գործերուն ընթացքը: Ուրեմն յատկապէս նիւթական հարցերու պարագային, առաջին հերթին վստահութիւնդ պէտք է շահի ան: Այսպէս, դրամական գործառնութիւններու մէջ ճշդապահ եւ ճշգրիտ ըլլալը՝ նախապայման է անոր համար: Թուղթ ու գրիչով, հաշուական անսխալ աղիւսակներով կը ներկայանայ ան քեզի, որպէսզի ապագային իրեն վստահելիք գործերուդ գծով նուազագոյն կասկած իսկ չյառաջացնէ: Այս ճշգրտութիւնը, սակայն, ժամանակաւոր բնոյթ կը կրէ: Գողը չբնա՛ւ երկար շունչ չունի: Ան շուտով կ՛ուզէ իր աւարտին հասցնել գործը՝ որուն հիմնական դրդապատճառը շուտով հարստացումն է, սակայն առանց յոգնութեան, այլ ուրիշին ստացուածքը յափշտակելով: Դանդաղաշարժ գող տեսա՞ծ էք. բոլորն ալ արագաշարժ են, որովհետեւ իրենց կատարածը ծածուկ պէտք է մնայ: Ճիշդ անոր համար ալ գիշեր ատեն, մութին, փողոցներուն ամայի եղած ատենը գործի կ՛անցնին անոնք: Արագաշարժութեան մէջ նաեւ իրենց անձին փրկութիւնը կը տեսնեն: Այլապէս տանտէրը, ապա ոստիկանը պիտի հալածեն զիրենք, եւ կրնայ պատահիլ նաեւ, որ իրենց կեանքը վրայ տան:

Գողերուն դէմ զէնքի գործածութիւնը ընդունուած է՝ իբրեւ շատ բնական երեւոյթ: Զէնքի գործածութեան ընդհանրական արտօնութիւն տուած երկիրներու մէջ շատ սովորական երեւոյթ է, տուն մտած գողին վրայ կրակ բանալը, եթէ ոչ սպաննելու, գէթ զայն վախցնելու նպատակով:

Գողերուն զէնք ունենալը պայման չէ: Անոնցմէ շատերը առանց զէնքի կը սկսին իրենց գործողութեան, իսկ ստոյգ վտանգի պահուն, տուեալ դէպքին իբրեւ հակազդեցութիւն, իրենց ձեռքը անցած իրը զէնքի փոխարէն կը գործածեն, զիրենք հետապնդողը վիրաւորելու եւ դէպքի վայրէն հեռանալու համար: Ոճրագործ գողերու պարագան տարբեր է: Անոնց նպատակին մէջ, ի պահանջել հարկին, սպանութիւնը նկատի առնուած կ՛ըլլայ արդէն:

Իրենց անձը գողութեան «նուիրաբերածներուն» մէջ կան նաեւ ուղղակի անզէն գողեր: Զարմանալի չէ՛ այս երեւոյթը, որովհետեւ նիւթական հարցերու մէջ վստահութիւն շահիլը ինքնին զէնք մըն է, այս տեսակի գողերուն յատուկ: Անոր գործածութեան ձեւը պողպատեայ գնդացիրի գործածութենէն շատ տարբեր, աւելի մեղմ բնոյթ ունի: Անզէն գողերը իրենց զէնքով վախցնելու նպատակ չունին այնպէս, ինչպէս սպառնացող գող մը, որ իր ձեռքի զէնքով սարսափ կ՛ազդէ շրջապատին, պոռալով ու հայհոյելով, որպէսզի իր պահանջը շուտով կատարուի:

Զգուշացի՛ր նիւթական հարցերու մէջ վստահութիւնդ շահողներէ անոնց, որոնք իբրեւ անզէն գողեր կը մօտենան, եւ աւարտին քեզ կողոպտելով՝ նոյնիսկ վրայի զգեստներէդ ալ քեզ մերկացնելու չեն վարանիր…։ 

ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/08/2021, 08:37