Յիսուս կը փորձուի սատանայէն Յիսուս կը փորձուի սատանայէն 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ։Ստախօսին գոյութեան պատճառը

Սուտին ինչ ըլլալուն մասին իւրաքանչիւր մարդ իր չափով գաղափար մը ունի, որովհետեւ չկայ մարդ այս աշխարհի վրայ, որ անոր թակարդին մէջ բռնուած չըլլայ:
Ունկնդրէ լուրը

Որքան ալ դէմ խօսուի սուտին, աշխարհի մէջ անոր քանակը չի՛ նուազիր: Եթէ կարելի ըլլար հաշուել, որ մէկ օրուան ընթացքին մարդկութեան կեանքին մէջ որքան սուտեր կը խօսուին, չեմ խորհիր որ թիւերը բաւարար ըլլային զանոնք թուահամարով արձանագրելու համար…։

«Սուտը օդին մէջ է» պիտի ըսէր տարեց բարեկամս, որուն փորձառութիւնը միշտ հիացում կը պատճառէր ինծի: Սոյն խօսքով ան ըսել կ՛ուզէր, որ ամէն քայլափոխիդ կրնաս հանդիպիլ սուտին, իր մեծ ու փոքր չափերով, չքնաղ կամ տխեղծ երեւոյթով կամ սեւ ու սպիտակ գոյներով:

Սուտին ինչ ըլլալուն մասին չէ՛ այս գրութիւնը այնքան, որքան ստախօսի անձին, անոր խաբէական հնարքներուն եւ օգտագործած միջոցներուն: Սուտին ինչ ըլլալուն մասին իւրաքանչիւր մարդ իր չափով գաղափար մը ունի, որովհետեւ չկայ մարդ այս աշխարհի վրայ, որ անոր թակարդին մէջ բռնուած չըլլայ: Սուտը նաեւ կը նմանցուի ցանցի, որ երկիմաստ է: Նախ այն, որ գլխուդ կը փաթթուի եւ չես գիտնար, թէ ինչպէ՛ս ինկար այդ անելին մէջ: Ասիկա ուրիշին կողմէ քու մասին խօսուած սուտերուն փոխաբերական պատկերն է: Երկրորդ իմաստով ցանցը, որ սուտին իբրեւ պատկեր կը տրուի, ստախօսին կողմէ սուտերու շարանին եւ իրարու ագուցուած երկար շղթային ակնարկութիւն է: Այսինքն, սուտ խօսողը ստիպուած կ՛ըլլայ երկրորդը հնարելու, ապա երրորդը, չորրորդը եւ այսպէս շարունակաբար կ՛երկարի անոնց շարքը, նրբահիւս սարդոստայնի մը ցանցին նման, որուն մէջտեղը կը կանգնի ստախօսը, հազար զգուշութեամբ հսկելով իր խօսած սուտերու թելերուն «ամրութեան»:

Ոմանք հիացումի արտայայտութիւններ կ՛ունենան ստախօսին անձը ներկայացուցած միջոցին, մեծ կարողութեան տէր կարծելով նման անձ մը: Ստախօսը պատեհապաշտ մըն է, բառին ամբողջական իմաստով: Ան չի կրնար իմաստուն համարուիլ, ո՛չ ալ դիւանագէտ կամ նման այլ առաւելութիւններով մէկը: Պարզապէս չար սովորութեան մը զարգացումը կայ անոր մէջ, որուն փորձառութիւնը կը շահի թեթեւ ուշիմութեան բերմամբ, որ դարձեալ մեծ կարողութիւն մը չէ: Կը բաւէ միայն մտածել, որ չարիքի աղբիւր կը դառնայ իր լեզուն, գաղափար կազմելու համար իր ուշիմութեան մասին: Ի՞նչ կարիք կայ նման ուշիմութեան, երբ անիկա շատերու կործանման եւ կամ վնասին պիտի ծառայէ: Ընդհակառակը, այդ ուշիմութեան քառորդը անգամ բաւարար պիտի ըլլար դրական գործունէութիւն ծաւալելու, ուրիշներուն օգտակար հանդիսանալու նպատակով:

Ստախօսը շահամոլ մարդն է: Ան գիտէ, թէ ուրկէ՛ կրնայ օգուտ քաղել եւ ըստ այնմ կը պլլուի իր զոհի վիզին: Ստախօսը, որ բազմաթիւ պատճառներով կարելի է նմանցնել օձի, իր զոհին վիզին կը փաթթուի նոյնիսկ զայն խեղդամահ ընելով՝ անկէ օգտուելու համար: Այո՛, բազմաթիւ պատճառներով ան կը նմանի օձի, որովհետեւ օձին նման շապիկը կը փոխէ, նոր ու աւելի փայլուն տեսքով կը ներկայանայ բնութեան մէջ ապրող միւս արարածներուն այնպէս, ինչպէս ստախօսը հազիւ զգայ, որ պիտի բացայայտուի իր կեղծիքը եւ յայտնուի իր իսկական դէմքը, անմիջապէս այլ միջոցներու կը դիմէ՝ փոխելով իր վերաբերումը շրջապատին հետ, կարելի փութով հեռացնելու համար ամէն կասկած իր անձին ու գործին նկատմամբ:

Ստախօսին ճարտարութիւններէն մէկն է նաեւ այն, որ իր յաւելուածական սուտերով կը փորձէ հանրութիւնը իրեն կուսակից դարձնել: Ամէն գործ թողած՝ ան կը շրջի դուռէ դուռ, իր հնարած  սուտին  համար վկաներ հաւաքելու: Վկաներէն ոմանք անգիտակցաբար կ՛իյնան անոր թակարդը, իսկ ուրիշներ ուղղակի անդամ կը դառնան անոր սուտ գաղափարաբանութեան:

Չմոռնանք յիշեցնելու, որ ստախօսը իր խօսած սուտին մասին նախ ինքզինք բազմիցս կը համոզէ, նոյնիսկ գիշերներ լուսցնելով, ապա ուրիշները կը փորձէ խաբել նոյն սուտերը կրկնելով: Ստախօսը որքան յաջողի ընդարձակել այս շրջանակը, այնքան աւելի ապահով կը զգայ, սակայն երբեք չի յաջողիր ամբողջական ինքնավստահութեամբ բաւարարուիլ կամ գոհունակ հոգի ու հանգիստ միտք ունենալ:

Ստախօսին հրապարակային քարոզախօսութիւնը ունի մէկ առանցք. իր անմեղութիւնը: Ասիկա իր կեդրոնական գաղափարը դարձուցած, անոր շուրջ կը հիւսէ ան իր բոլոր միւս մտածումները, վարպետութեամբ շարադրելով շինծու նախադասութիւնները: Ամէնէն մեծ ստախօսները միաժամանակ գող կ՛ըլլան, որովհետեւ գողութեան արարքը ծածկելու համար ամէնէն մեծ սուտերը պէտք է խօսին: Այս միջոցին, անոնք կը յաջողին ժամանակաւորապէս անմեղութեան շղարշով ծածկուիլ, իսկ իրենց զոհը բոլորին դիմաց կը մերկացնեն իբրեւ մեղաւոր, անվստահելի, զրպարտող եւ իրեն նման մէկը ի զուր ամբաստանող անձ մը:

Վերոյիշեալ գործընթացը ստախօսէն կը պահանջէ խեղճ մարդու կերպարով ծպտուիլ: Ուրեմն, ան անմիջապէս խոնարհութեամբ ու բոլորին կողմէ անտեսուած ըլլալու ցնցոտիներով կը ծածկուի, նման ճիշդ այն մեծահարուստներուն, որոնք իրենց ունեցած գոհարեղէնները չեն գործածեր՝ հարուստ չերեւնալու համար, զանոնք գանձարկղներու մէջ ցմահ ի պահ դնելով:

Մարդոց համար գործ մը իրականացնելու առաջարկներով զանոնք խաբած ու անոնցմէ գումար կորզած անձ մը, ամէն անգամ իր կողոպտած մարդոց դիմաց ելլելուն, ստպուած կ՛ըլլայ նոր սուտ մը աւելցնելու հիներուն վրայ, նոր թուականներ տալով, նոր անձերու անուններ մէջբերելով, իբրեւ թէ շուտով գործը գլուխ պիտի հանէ: Սակայն անոր տուած բոլոր թուականներն ու անձերը երեւակայական՝ անիրական կ՛ըլլան, իսկ դրամի դիմաց իր ստանձնած գործը՝ անիրականանալի:

Ստախօսը, ոմանց կարծիքով, պայմանաւորուած գոյութիւն մը ունի այս աշխարհի մէջ: Այսինքն, անոր գոյութիւնը պայմանաւորուած է սուտով: Ուրեմն, եթէ սուտը գոյութիւն չունենար, ստախօսն ալ գոյութիւն չէր ունենար: Սակայն, անհեթեթ է սոյն տրամաբանութիւնը, որովհետեւ սուտն ու ստախօսը իրարմով պայմանաւոր են:               

Ստախօսութիւնը, մեր սեփական կարծիքով, չար սովորութիւն մըն է, որ անզգալաբար բոյն կը դնէ մարդուն մէջ ու վերջապէս կը տիրէ անոր: Լսուած խօսք է այն, որ վատ սովորութիւնները շատ դիւրութեամբ կը մտնեն մեր մէջ, սակայն շատ դժուարութեամբ դուրս կ՛ելլեն: Սակայն, բարի սովորութիւնները՝ ճիշդ հակառակը. շատ դժուարութեամբ կ՛արտօնենք անոնց մուտքը մեր սովորութենական առօրեային մէջ, բայց մեր մահանալէն ետք միայն անոնք կը լքեն մեզ եւ կը բաժնուին մեզմէ…։

Մեր այս պարզ տեսակէտին խորութիւնը ցոյց տալու համար, յիշենք անանուն անձ մը, որ եթէ օրական մէկ սուտ չխօսէր, չէր կրնար գիշերը հանգիստ քնանալ…։ Անպայման պէտք է սուտով մը կերակրէր իր հոգին, իր գոյութիւնը ապահոված ըլլալու համար: Այսինքն, ստախօսը չի՛ կրնար ապրիլ, գոյութիւն ունենալէ կը դադրի առանց իր սուտերուն: Չար սովորութեան այս օրինակը ցոյց կու տայ նաեւ, որ ստախօսը մնայուն կերպով կարիք կը զգայ ուշադրութեան: Երբ զգայ, որ իր ներկայութեան ուշադրութիւն դարձնող չկայ կամ պահուան մը համար անտեսուած է ինք ա՛յն միջավայրին մէջ, ուր կը գտնուի, շուտով զգայացունց սուտ մը կը խօսի, բոլորին ուշադրութիւնը իր վրայ հրաւիրելով: Ահա թէ ինչո՛ւ ըսինք ու կը կրկնենք, թէ ստախօսին գոյութեան պատճառը, իր խօսած սուտերն են:     

ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ     

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/08/2021, 07:42