Բարի Սամարացին Բարի Սամարացին 

ԵՂԲԱՅՐՍԻՐՈՒԹԻՒՆ՝ ՓՈԽԱՆ ԿԵՂԾԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ

Գերյարգելի Գէորգ Ծ. Վրդ. Զապարեանի խորհրդածութիւնը։
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

«Վա՜յ ձեզի, դպիրներ եւ կեղծաւոր փարիսեցիներ, որ կը նմանիք ճերմկցուած գերեզմաններու, որոնք դուրսէն գեղեցիկ կ'երեւին, իսկ ներսը մեռելներու ոսկրներով եւ ամէն տեսակ պղծութեամբ լեցուն են» (Մատթէոս 23, 27) :

«Կեղծաւոր» եզրը կը գործածենք բնորոշելու համար անձ մը, որ բարոյական օրէնք մը կամ կենցաղագիտական վայելուչ արարք մը կը պաշտպանէ հրապարակաւ. սակայն, իր առանձնական կեանքին մէջ հակառակը կը գործէ :

Օրինակի համար, «Կեղծաւոր» կը կոչենք այն անձը, որ բարեպաշտ կը ձեւանայ հանրութեան դիմաց, մինչ, ըստ էութեան, իր բարեպաշտութիւնը դերասանութիւն է համակ :

Ճի'շդ ասոնց դէմ է, որ Յիսուս իր դատապարտութիւնը կ'ուղղէ «Վա՜յ»-երու շարքը արձակելով, որոնք տակաւին իրենց այժմէականութիւնը կը պահեն մերօրեայ կեղծաւորներուն նկատմամբ :

Ո՞վ են :

Անոնք են, որոնք

·      Աստուծոյ դրոշմը կը կրեն, սակայն իրենց ապրելաոճը սատանայական է.

·      Առաքինի կերպարանք կ'որդեգրեն, սակայն Տիրոջմէ հեռու են,

·      Սիրոյ մասին կը խօսին, սակայն լեցուած են ատելութեամբ.

·      Եղբայրսիրութենէն կը ճառեն, սակայն թշնամանք կը սնուցանեն իրարու դէմ.

·      Խոնարհ ըլլալ կը յաւակնին, սակայն առաջին տեղերը գրաւելու հետամուտ են.

·      Համերաշխութեան գործիք ըլլալու փոխարէն՝ դաւեր կը նիւթեն.

·      Հաշտարարի դեր խաղալու տեղ, իրենց շուրջինները իրարու դէմ կը լարեն.

·      Շնորհալի երեսով կը ներկայանան, սակայն իրենց խորքը կեղծիքով է շաղախուած.

·      Անպարսաւ արտաքինով՝ իրենց ներքին նեխութիւնը կը թաքցնեն.

·      Քաղցրահունչ խօսքեր կ'արտասանեն, սակայն, իրենց մաղձը կը թափեն՝առաջին առիթին.

·      Եղբայրասէրի պիտակով կը պարծենան, սակայն չարախօսութեամբ, զրպարտութեամբ եւ քսութեամբ կը զատորոշուին.

·      Հանդուրժող կը ձեւանան, սակայն ուրիշներուն թերութիւնները հրապարակելու չեն վարանիր.

·      Սրբակեացի համբաւ ունենալու կը ձգտին, սակայն իրենց վարմունքը գայթակղեցուցիչ է.

·      Աղքատներուն օգնել կը ձեւանան, սակայն կը սեփականացնեն իրաւունքը ընչազուրկին:

Վերոյիշեալ ցանկը սպառիչ չէ, որովհետեւ կեղծաւորութիւնը կը կրէ բարեպաշտական հազարումէկ դիմակներ:

Յիսուս կը դատապարտէ  այդ հակասութիւնը, զոր կեղծաւորութիւնը կը կայացնէ արտաքին երեւոյթի եւ սրտի իսկական դիտաւորութիւններուն միջեւ :

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Զգուշանանք, ամէն գնով, «Կիրով Ճերմկցուած գերեզմաններ ըլլալէ». չպատկանինք  վերոյիշեալ կեղծաւորներու դասակարգին, այսինքն անոնց, որոնց  Աստուածային Վարդապետը սա խիստ ազդարարութիւնը կ'ուղղէ. «Օձեր, իժերու ձագեր, ի՞նչպէս պիտի փախչիք գեհենին դատապարտութենէն» (Մատթէոս 23, 33) :

 

Հ. Գ. Զ.

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/08/2021, 08:03