Հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան նորընծայարաններու Ա. Համագումար։

Ա. Համագումարը գումարուեցաւ Երեւան 1-5 օգոստոս 2021-ին, որպէս բնաբան ունենալով Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետի 2014-ին կղերից Տիեզերական ժողովին ուղղած պատգամին՝ «պահպանել եւ խնամել կոչումները․․․ անոնք անտաշ անդամներ են»։
Ունկնդրէ լուրը

Ապագայ քահանաներու կազմաւորումը ներկայ ժամանակներու պահանջներուն պատշաճեցնելու նպատակով եւ հիմնուելով կղերից Տիեզերական ժողովի կողմէ 2016-ի հրապարակուած «քահանայական կազմաւորման հիմնագիծին» "Ratio fundamentalis institutionis sacerdotalis", Հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան նորընծայարաններու Ա. Համագումարը գումարուեցաւ Երեւան 1-5 օգոստոս 2021-ին, որպէս բնաբան ունենալով Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետի 2014-ին կղերից Տիեզերական ժողովին ուղղած պատգամին՝ «պահպանել եւ խնամել կոչումները․․․ անոնք անտաշ անդամներ են» տիտղոսը։

Ժողովը սկիզբ առաւ կիրակի 01 օգոստոս 2021-ին Երեւանի Ս․Գրիգոր Նարեկացի եկեղեցւոյ մէջ։ Ս․ Զոհը մատոյց թեմի առաջնորդ՝ Ռաֆայէլ Արք․ Մինասեանը, մասնակցութեամբ Զմմառու Պատրիարքական կղերի միաբանութեան մեծաւոր եւ Պէյրութի թեմի փոխանորդ՝ ․ Գաբրիէլ Թ․Ծ․Վ․ Մուրատեանի։

Ապագայ քահանաներու կազմաւորման Ա ժողովի աշխատանքներուն ընթացքին կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ  նոր ոգիով եւ 21-րդ դարու կեանքի դրութիւններու վրայ հիմնուելով վերարժեւորելու եւ վերակազմակերպելու քահանայական կազմաւորման աշխատանքը՝ հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան նորընծայարաններէն ներս։

Օգոստոս 4ին, Զմմառի, Հռոմի եւ Հայաստանի երէց ժառանգաւորները իրենց տեսուչներու հետ միասին մասնակցեցան համայնքային երիտասարդական օրերուն, որ կազմակերպուած էր Թորոս գիւղի Աղաճանեան ճամբարէն ներս։ Իսկ Օգոստոս 5-ին գլխաւորութեամբ Զմմառու Պատրիարքական կղերի միաբանութեան փոխանորդին՝ Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեանին եւ հռոմի Քահանայապետական Հայ Վարժարանի մեծաւոր հօր, ժառանգաւորները ուղղուեցան դէպի Եռաբլուր իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու հայրենիքին զոհերին, ապա այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթողը, իրենց այցելութիւնը փակելով աղօթքով բոլոր նահատակներուն ու իրենց բարեխօսութիւնը խնդրելով իրենց ապագային կազմաւորման համար։

Հայաստանի Սրբոց Հրեշտակապետաց Հոգեւոր Միացեալ Ճեմարան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/08/2021, 07:59