Պէյրութի նաւահանգիստը  պայթումէն մէկ տարի ետք Պէյրութի նաւահանգիստը պայթումէն մէկ տարի ետք

Աղօթք Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումի առաջին տարելիցի առիթով

Երեքշաբթի, 3 օգոստոս 2021-ի կէսօրէն ետք ժամը 4-ին, Աշրաֆիյէյի մէջ լիբանանահայութիւնը հրապարակային հանդիսութեամբ նշեց` 2020-ի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին տարելիցը, մասնակցութեամբ բոլոր համայնքները ներկայացնող եկեղեցականներու ու քաղաքական գործիչներու:

Պէյրութի նաւահանգիստի  պայթումին տարելիցին առթիւ  ՄԻԱՑԵԱԼ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔի ընթացքին կատարուեցան աղօթքներ որոնք շարքին Արհ. Գէորգ Եպ. Ասատուրեան արաբերէն լեզուով արտասանեց հետեւեալ աղօթքը։

Ունկնդրէ լուրը

"Ով բոլոր բարեաց աղբիւր, Թագաւոր երկնի եւ երկրի, երկնային զօրքերու եւ բոլոր ստեղծագործութեան հետ միասին կը փառաբանենք, կը մեծարենք եւ կը պաշտենք քեզ, զի դուն միայն արժանի ես փառքի, պատիւի եւ պաշտամունքի:

Դուն ով Տէր բարի ստեղծեցիր երկինքն ու երկիրը, սակայն Չարը ուզեց խլել բարիքը քու ստեղծագործութենէն եւ ըստ այդ մոլորեց մարդը, որ հեռանալով քու անմիջական ներկայութենէն կորսնցուց այն առաքելութիւնը, որու համար զինք ստեղծեցիր:

Սակայն ով մարդասէր եւ բազումողորմ Տէր, դուն մարդը չթողուցիր իր ինկած վիճակին մէջ:Առաքեցիր մարգարէներ եւ աստուածավախ մարդիկ, որպէսզի անգամ մը եւս վերադառնայ մարդը իր նախավիճակին: Ոմանք անսացին քու կանչին եւ ուրիշներ մերժեցին զայն: Ահաւասիկ մերժողները այսօր, ամէն միջոցներ ի գործ դնելով,անգամ մը եւս կը պատերազմին բարիին դէմ զայն խափանելու համար: Եւ մեր մայրաքաղաք Պէյրութի պայթումը ուրիշ բան մը չէ, եթէ ոչ չարին կործանարար ձեռքը, որ կը փորձէ աւեր, վախ ու յուսահատութիւն սերմանել ամէնուր:

Սակայն անոնք չեն գիտեր, որ դուն ամենակալ Աստուած ես՝ անապատին մէջէն ջուրի վտակներ յորդեցնող, ծովեր ճեղքող, եւ աճիւնները վերակենդանացնող Տէր: Դուն բոլոր դժուարութիւններու ընդմէջէն պահեցիր Յոբը եւ վերադարձուցիր անոր իր դիրքն ու պատիւը:

Գիտենք որ դուն մեր օգնականն ու ապաւէնն ես, հետեւաբար պիտի չվախնանք եւ պիտի չերկնչինք:

Առաջնորդէ մեզ  Տէր եւ մեր աչքերէն քողը վերցուր, որպէսզի տեսնենք քու հրաշքներդ:

Տէր՝ մեր անձերը եւ այս թանկագին երկրին մէջ ապրող մեր բոլոր եղբայրները, քու խնամքին տակ կը դնենք: Մխիթարէ, բժշկէ եւ վերականգնէ զանոնք:

Մենք հաւատքով ենք, որ մեր աղաչանքը հասաւ քեզի, հետեւաբար օրհնէ եւ  փրկէ մեզ, որպէսզի պաշտենք քեզ այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս. Ամէն":

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/08/2021, 17:40