Յիսոուսի մէկ հրամանով՝  փոթորիկը կը դադրի Յիսոուսի մէկ հրամանով՝ փոթորիկը կը դադրի  

Կիրակնօրեայ Աւետարանական խորհրդածութիւն: Յիսուսի մէկ հրամանով՝ փոթորիկը կը դադրի (Մարկոս 4, 35-40)

Կը բաւէ լիովին վստահիլ Յիսուսի վրայ, իրեն յանձնելով մեր բոլոր դժուարութիւններուն լուծման գործը։ Այո, Յիսուս հրաշք գործեց, հանդարտեցնելով ամեհի լիճը եւ խաղաղեցնելով կատաղի փոթորիկը. Քրիստոսի ամէն մէկ խօսքը շնորհք է եւ իր հրաշագործ ազդեցութիւնն ունի թէ մարդոց եւ թէ բնութեան տարրերուն վրայ։

Գալիլիոյ ամենամեծ լիճն է Տիբերեան լիճը, այն աստիճան որ տեղացիները զայն ծով կը կոչեն. ան երբեմն կ'ալեկոծի ճիշդ ծովու նման եւ ահա այդ օրը, երբ ծովերու եւ ալիքներու վարժ ձկնորս առաքեալները կը հանդիպին ուժեղ փոթորիկի մը, անոնք չեն յաջողիր նաւին հաւասարակշռութիւնը պահել եւ ընկղմելու վտանգին մէջ կը գտնուին: Ուրիշ ճար չունենալով՝ կը դիմեն Յիսուսի, որ իրենց հետ է, նոյն նաւուն մէջ:

Նմանապէս մենք մեր կեանքի ընթացքին՝ զանազան դժուարութիւններու կը հանդիպինք. անոնցմէ ոմանք այնքան սաստիկ կ՛ըլլան որ մեզի անկարելի կը թուի անոնց յաղթահարելը. Ոչ ոք կրնայ պարծենալ թէ իր կեանքին մէջ երբեք չէ հանդիպած դժուարութիւններու։ Այս նեղութիւնները երբեմն մեզ կ՛անհանգստացնեն չափէն աւելի ու մեր հաւասարակշռութիւնը կորսնցնել կու տան, երբեմն կը կարծենք թէ մեզ անդունդի մէջ պիտի գլորեն ու անհետ պիտի կորսուինք. Ասոր համար մեզի պէտք է ուժեղ եւ տեւական նեցուկ մը, որուն հանդէպ ունենալու ենք բացարձակ վստահութիւն, եթէ ոչ` առաջին զօրաւոր փոթորիկին` կրնանք տապալիլ։

Առաքեալները մեծ մասամբ արհեստավարժ ձկնորսներ էին. Անոնք գրեթէ ամէն օր նոյն լիճին մէջ կ՛աշխատէին եւ շատ մը փոթորիկներ տեսած մարդիկ էին. Եւ սակայն սաստիկ վախը կը պատէ զիրենք, յանկարծ կ՛անդրադառնան որ իրենց ուժերը անբաւարար են զիրենք փրկելու այս մեծ վտանգէն. Մինչ այդ Յիսուս կը քնանար նաւակին մէջ. Սկիզբը չեն ուզեր արթնցնել զինք, յուսալով որ կրնան միասին լուծել հարցը, սակայն երբ չեն յաջողիր, կը դիմեն Յիսուսի, չգիտնալով թէ ան ինչ պիտի կարենայ ընել բնութեան կատաղութեան դէմ։

Տէր, ահա կը կորսուինք... Քանի անգամներ ուղղած ենք մենք եւս այս յուսահա-տական կոչը. Քանի անգամներ գտնուած ենք անտանելի դժուարութիւններու առջեւ եւ, մենք եւս, չգտնելով ուրիշ ելք մը, խնդրած ենք միջամտութիւնը Տիրոջ. Բնական կոչ մըն է այս, մանաւանդ երբ մեր շուրջը ամէն ապահովութիւն փարատած է եւ կը գտնուինք մութ խաւարի մը մէջ, անել կացութեան մը առջեւ։

Յիսուս, այս դէպքով` կ՛ուզէ առաքեալներուն հասկցնել թէ ամենամեծ վարպետներն անգամ, լաւագոյն մասնագէտները գործի մը մէջ` կրնան հանդիպիլ անլոյծ դժուարու-թիւններու. Ուստի պէտք չէ որ ապաւինին լոկ իրենց ուժին ու գիտութեան, որովհետեւ կարգ մը պարագաներու մէջ` իրենք եւս անկարող կը դառնան։

Ահա հոս է որ Տէրը կը սպասէ մեր խնդրանքին, որպէսզի միջամտէ մեր կեանքին մէջ եւ տայ մեզի իր օգնութիւնը, նեցուկ ըլլայ մեզի եւ քաջալերէ զմեզ. Երբ ես հոս եմ, ձեր մէջ, ինչու՞ կը վախնաք։ Իրմով մենք կը զօրանանք, իրմով վստահութիւն կը գտնենք մենք մեր վրայ եւ կը յաջողինք յաղթելու կեանքի դժուարութիւններուն։

Ուստի կը բաւէ լիովին վստահիլ Յիսուսի վրայ, իրեն յանձնելով մեր բոլոր դժուարութիւններուն լուծման գործը։ Այո, Յիսուս հրաշք գործեց, հանդարտեցնելով ամեհի լիճը եւ խաղաղեցնելով կատաղի փոթորիկը. Քրիստոսի ամէն մէկ խօսքը շնորհք է եւ իր հրաշագործ ազդեցութիւնն ունի թէ մարդոց եւ թէ բնութեան տարրերուն վրայ։ Ուստի ապաւինինք իրեն եւ ապահով պիտի ըլլանք որ մեր դժուարին վայրկեաններուն` մեզ պիտի չլքէ ու մեզի միշտ նեցուկ պիտի հանդիսանայ։ Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/08/2021, 08:26