Գաբրիէլ հրեշտակի աւետումը Մարիամի Գաբրիէլ հրեշտակի աւետումը Մարիամի 

Կիրակնօրեայ Աւետարանական խորհրդածութիւն:Գաբրիէլ հրեշտակի աւետումը Մարիամի (Ղուկաս 1, 26-38)

Մենք եւս, Մարիամի հոգեւոր զաւակները, քաջալերուած անոր դրական պատասխանէն, ապաւինինք իրեն մեր ամբողջ սրտով ու հոգիով, մեր բոլոր ցաւերն ու մտահոգութիւնները իրեն յանձնելով։

Հայ ծէսի աւանդութիւնն է տօնել վերափոխումը 9 օր շարունակաբար. այս առթիւ կը կարդանք Աւետման աւետարանը. ան մեզի կը յիշեցնէ թէ փրկչագործութիւնը սկսաւ այն պահուն, երբ Գաբրիէլ հրեշտակը աւետեց Մարիամի թէ Փրկչին մայրը պիտի ըլլար։ Սակայն այս խորհուրդը պատրաստուած էր ոչ միայն երկար դարերէ ի վեր, այլ նոյնիսկ արարչութեան սկիզբէն ի վեր։ Արդարեւ Մատթէոս աւետարանչի ազգաբանութիւնը մինչեւ Աբրահամ կը տանի Քրիստոսի սերունդը, իսկ Ղուկասինը` զայն կը հասցնէ մինչեւ Ադամ։

Ղուկաս կը շեշտէ յատուկէն թէ Յովսէփ, այն որ յաչս մարդոց պիտի կոչուէր հայրը Յիսուսի, Դաւթի տունէն եւ սերունդէն էր. Մարգարէութիւններուն մէջ` Մեսիան, որ կը նշանակէ Քրիստոս, կը կոչուի Դաւթի Որդի, որովհետեւ Տէրը խոստացաւ Դաւթի որ իր սերունդէն յառաջ պիտի գար Փրկիչը։ Իսկ Դաւիթ, նախ քան Հրէաստանի թագաւոր ըլլալը, պարզ հովիւ մըն էր Բեթղեհէմի մէջ, եօթներորդ որդին Յեսսէի. Տիրոջ ներշնչումով` ուղղուած Սամուէլ Մարգարէին, ան ընտրուեցաւ ըլլալու թագաւոր Իսրայէլի։ Ճիշդ է որ իրմէ առաջ` ուրիշ անձ մը, Սաւուղ, պարզ ընտանիքի զաւակ, աստուածային ընտրութեամբ դարձաւ առաջին թագաւորը Իսրայէլի, սակայն իր գէշ վարմունքին համար` դատուեցաւ որպէս անարժան մեսիական խոստումին. Իսկ Դաւիթ դասուեցաւ Տիրոջմէ որպէս արժանաւոր նախահայր Քրիստոսի։

Գալով Մարիամի, ան` իր ամուսնութեամբ Յովսէփի հետ, մաս կազմեց Յեսսէի շառաւիղին, որ հայրն էր Դաւիթի։ Ղուկաս եւ Մատթէոս, իրենց ազգաբանութեամբ, շեշտը կը դնեն մեսիական ընտանիքի պատկանելիութեան կարեւորութեան վրայ, փաստելու համար թէ Աստուած, դարերու ընթացքին, չէ մոռցած իր խոստումը որ տուաւ առաջին մարդուն, թէ պիտի ծնանի Փրկիչ մը որ պիտի քաւէ առաջին մարդոց մեղքը, ինչպէս նաեւ՝ վերջը եկող բոլոր մարդոց մեղքերը։ Մարդկութեան պատմութեան մէջ այս առաջնորդող կապը միշտ գոյութիւն ունեցած է եւ ահա Յովսէփի եւ Մարիամի պէս անձեր ի վերջոյ կ՛արժանանան ընդունելու իրենց ընտանիքի ծոցին մէջ Աստուծոյ Որդին, Տիրոջ կողմէ ուղարկուած Մեսիան։

Մարիամ անշուշտ նախ անակընկալի կու գայ այս աւետիսին առջեւ. ինքզինք անարժան կը դասէ այս մեծ պատուին. Ուստի կ՛առարկէ թէ ինք կոյս է, մարդ չի ճանչնար. Գաբրիէլ հրեշտակը կը փարատէ իր տարակոյսները եւ կը հաստատէ աստուածային կոչը։ Մարիամ իրազեկ է այլեւս թէ ինչ մեծ պատիւի արժանի կը դառնար, ընտրուելով Տիրոջ կողմէ ըլլալու մայրը Մեսիային. Մեծ է իր ուրախութիւնը, սակայն երբեք չի մոռնար թէ այս բոլորը շնորհք մըն է որ իրեն տրուած է։ Ոստի խոնարհաբար կը բացագանչէ. Ես Տիրոջ աղախինն եմ. Ան պատրաստ է ընդունելու Աստուծոյ կամքը, հակառակ որ արդէն մասամբ գիտակից է թէ որքան դժուար պիտի ըլլայ իրեն վստահուած այս առաքելութիւնը. Այլեւս փոխուած է ամէն ինչ. Նոր պարտա-կանութիւններ կը ստեղծուին այս մեծ պաշտօնի ընկալումով. Մարիամ չի պատկանիր ինքիրեն, այլ կը պատկանի Աստուծոյ։ Մենք եւս, Մարիամի հոգեւոր զաւակները, քաջալերուած իր այս դրական պատասխանէն, ապաւինինք իրեն մեր ամբողջ սրտով ու հոգիով, մեր բոլոր ցաւերն ու մտահոգութիւնները իրեն յանձնելով։ Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/08/2021, 07:51