Կարեւորը Խիղճն է. Կարեւորը Խիղճն է. 

Կարեւորը Խիղճն է. Արհ. Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը

Բաւարար չէ ըսել՝ «կարեւորը խիղճն է» այլ զայն պէտք է մաքրենք Աստուծոյ խօսքով, խորհուրդներու մասնակցելով, եւ սուրբերուն բարեխօսութիւնը հայցելով ինչպէս նաեւ անոնց օրինակին հետեւելով:
Ունկնդրէ լուրը

Ժողովրդային ընդունուած ասացուած մըն է այս՝ «կարեւորը խղճի մաքրութիւնն է»: Այսպէս արտայայտուողները կ'ուզեն բացայայտել, թէ հակառակ անոր թէ մարդ կրնայ քրիստոնէական պատուիրաններն ու պարտականութիւնները  չկիրարկել, եւ սակայն կը մնայ ի վիճակի մաքուր խիղճ մը ունենալու:  Ճշմարիտ է, թէ բոլոր մարդկութիւնը խիղճ ունին զետեղուած իրենց ներսիդին. սակայն մեր ապրած իրականութիւնը անտարակոյս կերպով ցոյց կու տայ, թէ մարդիկ շատ ալ խղճմտանքով չեն ապրիր:

Աստուած մարդը ստեղծեց իր պատկերին համեմատ: Ըստ կարգ մը աստուածաբաններու, «Իր Պատկեր» արտայայտութեան բացատրութիւններէն մէկը այն է, թէ մարդ կարողութիւնը ունի բարոյական որոշումներ առնելու: Եւ որպէս այդ, խիղճը կարեւոր ազդակ մըն է մարդուն: Եկեղեցւոյ հայրերն ալ յատուկ տեղ տուած են խղճին, որպէս աստուածային ձայնը մարդուն մէջ: Ան աստուածային տրամաբանութեան ձայնն է մարդուն մէջ, օգնելու զայն զանազանելու բարին չարէն:

Սակայն եւ այնպէս մարդ կրնայ խղճի ձայնը խափանել: Ադամ երբ մեղանչեց Եդեմի պարտէզին մէջ, իր խիղճը չէր որ զինք դատապարտեց, այլ նոյն ինքն Աստուած: Հակառակ Աստուծոյ հետ անմիջական յարաբերութեան մէջ ըլլալուն, Ադամ կարողացաւ իր խղճին ձայնը հեղձել , որովհետեւ իր կիրքը աւելի զօրաւոր ներկայութիւն էր իր մէջ, քան Աստուծոյ պատուիրաններու սէրը:

Հոսկէ կրնանք հետեւցնել, թէ խիղճը նման է ջերմակալի  (thermostat) մը, որ ցոյց կու տայ ջերմաստիճանը այն  իրականութեան, որու վրայ զետեղուած է: Օրինակի համար Ս. Պօղոս կը գրէ՝ « Իմ խիղճս կը վկայէ Ս. Հոգիով» (Հռոմ.9:1): Հոս առաքեալը կը յստակացնէ, թէ իր խիղն ու Ս. Հոգին նոյն վկայութիւնը կու տան, այսինքն խիղճը կը բարձրաձայնէ Ս. Հոգիին թելադրանքները:  Այսպէս Ս. Պօղոս իր նամակներու ընդմէջէն խղճի մէկէ աւելի տեսակներու մասին կը խօսի:  Ան  Տիտոսի ուղղած իր նամակին մէջ կը գրէ պղծուած խղճի մասին՝ «պիղծերու միտքն ալ, խղճմտանքն ալ պղծուած են» (Տիտոս 1:15): Այլուր առաքեալը կը գրէ խանձուած խղճի մասին՝ « կեղծաւորութեամբ սուտ պիտի խօսին եւ խանձուած խիղճ պիտի ունենան» ( Ա.Տիմ. 4:2): Դարձեալ Ս. Պօղոս կը յիշէ տկար խղճի մասին՝ « Իսկ երբ կը մեղանչէք եղբայրներու դէմ ու կը վիրաւորէք անոնց տկար խղճմտանքը, մեղք կը գործէք ( Ա. Կորթ. 8:12):

Նկատելի է ուրեմն, թէ խիղճը մաքրութեան եւ կրթութեան կարիքը ունի: Բաւարար չէ ըսել՝ «կարեւորը խիղճն է» այլ զայն պէտք է մաքրենք Աստուծոյ խօսքով, խորհուրդներու մասնակցելով, եւ սուրբերուն բարեխօսութիւնը հայցելով ինչպէս նաեւ անոնց օրինակին հետեւելով:Այսպէս  կրնանք մեր խղճերը մաքրել զանազանելու բարին չարէն:

 « Բարի Խիղճ ունենալը հարուստ գանձարան մըն է: Իսկոյն, աւելի վսեմ կամ աւելի քաղցր հարստութիւն չկայ քան ազնիւ խիղճ մը» ( Ս. Պերնարդ Քլերուոսացի 1090-1153):

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/08/2021, 08:00