coptic 3.jpg

Եգիպտական կառավարութիւնը օրինականացուցած է մօտ 2000 քրիստոնեայ եկեղեցիներ։

Ճանաչումները որպէս հիմք ունին 30 օգոստոս 2016ին Եգիպտոսի Խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած նոր օրէնքը հայող աղօթատեղիներու կառուցումին ու անոնց մատակարարումին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

2021ի օգոստոս ամսոյն մէջ Եգիպտոսի Կառավարութիւնը ճանչցած է այլ 76 եկեղեցիներու ու եկեղեցական կառոյցներու օրէնքի լրիւ համապատասխանութիւնը որով քրիստոնեայ օրինականացուած կառոյցներուն թիւը, 2016էն ասդին, կը հասած է 1958-ի։

Նոր Եկեղեցիներու եւ եկեղեցական կառոյցներու ցանկը հրապարակուեցաւ պաշտօնական օրաթերթին վրայ։

Յայտնենք որ վերոնշեալ ճանաչումները որպէս հիմք ունին 30 օգոստոս 2016ին Եգիպտոսի Խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած նոր օրէնքը հայող աղօթատեղիներու կառուցումին ու անոնց մատակարարումին, որով համաներում շնորհուեցաւ նաեւ այդ թուականէն առաջ ապօրէն կառուցուած եկեղեցական շինութիւններուն, վերացնելով անոնց նկատմամբ նախատեսուած պատժամիջոցները։

2016 այս օրէնքը անկիւնադարձային եղաւ Եգիպտոսի Քրիստոնեայ հասարակութեան համար համեմատաբար 1934ի Օսմանեան օրէնսդրութեան «10 կանոններուն», որով արգիլուած էին նոր եկեղեցիներու կառուցումը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/08/2021, 07:40