Հանգիստ Ապրելու Կերպը Հանգիստ Ապրելու Կերպը 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ։ Հանգիստ Ապրելու Կերպը

Հանգիստ կեանք ապրելու ձեւը երկիմաստ է: Եթէ քեզմէ աւելի լաւ պայմաններ ունեցողներուն կեանքով հետաքրքրուած չես՝ ունեցածովդ բաւարարուած կեանքով հանգիստ կ՛ապրիս, իսկ եթէ քեզմէ աւելի դժբախներուն կեանքով հետաքրքրուիս օժանդակութիւն ցուցաբերելու համար անոնց, այն ատեն հոգեկան բաւարարութեան լիացնող ապրումներով կը շարունակես կեանքդ, ներքնապէս առաւել խաղաղ հոգիով:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Կեանքի հանգստաւէտ պայմաններ ունենալը ոմանց համար մնայուն երազանք է: Յատկապէս խոնարհ խաւի պատկանող մարդիկ, տեսնելով հարուստներու ապրած կեանքը, անոնց ունեցած նիւթական հնարաւորութիւնները, շքեղ բնակարանները, մեծարժէք ու փայլուն ինքնաշարժները եւ շռայլ կենսակերպը՝ շուտով երեւակայական աշխարհ կը փոխադրուին, օդին մէջ դղեակներ կը կառուցեն իրենց համար եւ փառաւոր կեանքի ծրագիրներ մշակելով, պարզապէս իրենց հոգին ինքնախաբէութեամբ կը սնուցանեն:

Երազանք ունենալը կամ սեփական ապագան տեսիլքներու օժանդակութեամբ գծագրելը բնաւ չենք թերագնահատեր, որովհետեւ հաւատացած ենք, որ երբեմն անհնարինը հնարաւոր եւ անկարելին կարելի դարձնելու զօրաւոր կամքով օժտուած է մարդ արարածը: Սակայն միշտ ալ հանգստաւէտ կեանքը անոր միտքին մէջ շփոթուած է շռայլութեան ու զեղխութեան հետ, մինչդեռ հանգստաւէտութիւնը շռայլութիւն չէ, ոչ ալ զեղխութիւն: Ամէն ինչ չափաւորութեան մէջ գեղեցիկ է ու հաճելի: Ուրեմն, չափազանցութիւնն է, որ կեանքը կը դարձնէ ձանձրացուցիչ, իսկ ապրելակերպը՝ տձեւ:

Հանգիստ բառին ամէնէն մօտիկ հոմանիշներէն մէկն է խաղաղ բառը: Սակայն, ընդհանրապէս մեր խօսակցական լեզուին մէջ հանգստութիւն բառով կը յատկանշուին մարդու առօրեայ կեանքին հետ առնչութիւն ունեցող խնդիրները, որոնցմէ ձերբազատելու հետամուտ կ՛ըլլայ ան, իր կարելիութեան բոլոր միջոցներով: Օրինակ, միտքի հանգստութիւն կը փնտռէ, երբ մտատանջութեան մատնուած ըլլայ: Այդ մտատանջութիւնը անպայման կապ կ՛ունենայ իր անմիջական առօրեային հետ՝ նիւթական խնդիրներ՝ պարտքեր, այլեւայլ վճարումներ, ժամանակին հասցուելիք գործեր, պայմանագիրներու ժամկէտներ եւ այլ մտահոգութիւններ, մէկ խօսքով փոխյարաբերական կեանքին վերաբերող հարցեր, որոնք կը մտահոգեն իր միտքը: Ուրեմն, մարդը միտքի հանգստութիւն կը փնտռէ, որպէսզի կարենայ վերադառնալ բնականոն կեանքի:

Մարդու հոգեկան կամ ոգեղէն ինքնութիւնը, միւս կողմէ, խաղաղութիւն կը տենչայ: Մարդկային հոգին խաղաղութեան թեւեր կ՛երազէ միշտ, անհոգ սաւառնելու համար երկինքի կապոյտին մէջ: Մտահոգութիւններէ, ցաւերէ ու վիշտերէ հեռու կեանք մը միշտ նախընտրելի է մարդ էակին համար, սակայն նիւթական կեանքը իր ֆիզիքական հաճոյքներով, յաճախ ամէնէն զօրաւոր կապն է այս աշխարհին հետ, որուն սերտօրէն կապուած կը մնայ մարդ, մինչեւ ֆիզիքապէս հեռանալը անկէ:

Հանգստաւէտ պայմաններու մէջ ապրելու նպատակով, ոմանք ժամանակաւորապէս կը հեռանան իրենց առօրեայ միջավայրէն, արձակուրդ առնելով եւ իրենց համար նախընտրելի վայր մը տեղափոխուելով: Ոմանք կը նախընտրեն արձակուրդ գետեզերքը, ուր գետի կոհակներու երաժշտութիւնը ունկնդրելով ու ձկնորսութեան միջոցաւ ինքնամոռացութեան տալով իրենց անձը` ժամանակաւորապէս կը կտրուին իրենց առօրեայ հեւքէն: Ուրիշներ, ըստ իրենց նախընտրութեան, ծովու բացերուն վրայ՝ նաւու մէջ կ՛ուզեն անցընել իրենց արձակուրդը, ուր նաւը իբրեւ միակ ցամաք, իսկ համատարած կապոյտը իբրեւ ընդարձակ անջրպետ կը պարուրեն իրենց հոգին, ժամանակաւորապէս մոռցնել տալով իրենց կեանքի բոլոր մտահոգութիւններն ու վիշտերը: Կան նաեւ այլ խառնուածքի տէր մարդիկ, որոնց համար լեռնագնացութիւնը եւ այնտեղ քանի մը շաբաթով հաստատուիլը կը նպաստէ հոգեկան խաղաղութեան եւ միտքի հանգստութեան: Աւետարանի դրուագներէն գիտենք, որ Յիսուս ինք եւս ժամանակ առ ժամանակ լեռ կը բարձրանար ու կ՛առանձնանար, առօրեայ քաղաքային խաժամուժէն դուրս գալու եւ աղօթքի նուիրուելու նպատակով:

Քրիստոնէական դարաշրջանի պատմութեան մէջ, սուրբերու, ճգնաւորներու, խոտաճարակներու եւ մենակեացներու ապրելակերպը գրեթէ առանձնացած վիճակ կը պարզէ: Անոնք իրենց վեհ նպատակին՝ գերագոյն Սիրոյն՝ Աստուծոյ միանալու ձեւը առանձնացման մէջ գտեր էին, միտքի հանգստութիւն եւ կեդրոնացում ունենալու համար: Բնականաբար, միտքի հանգստութենէն անոնք անցեր էին հոգեկան խաղաղութեան, զոր գտեր էին աստուածաճանաչողութեամբ, շատ ջերմ ու աղօթանուէր կեանքի նուիրուելով:

Ներկայ դարու պայմանները այնքան ալ նպաստաւոր չեն, երբ «չէ մնացած լեռ», ուր մարդու ոտք չէ՛ կոխած կամ «չէ մնացած տեղ», ուր մարդ կարենայ երթալ առանձնանալու, իսկ ծովերուն վրայ մնացե՞ր է ճանապարհ, որ չէ քարտէսագրուած յառաջադէմ արհեստագիտութեան միջոցներով կամ արբանեակային լուսանկարներով: Անշուշտ փոխաբերական իմաստով արտայայտուած մտածումներ են ասոնք, սակայն որոշ ճշմարտութիւն կը պարունակեն իրենց մէջ, մարդու գերզբաղ եւ չափազանց խճողուած առօրեայ ունենալուն մասին:

Ի՞նչ ընել, ինչպէ՞ս դուրս գալ այս անելէն:

Լաւագոյն ազատ տարածքը, զոր մարդ կրնայ զգալ, հոգեկան՝ ներքին տարածքն է: Այն ազատութիւնը, զոր ան կրնայ վայելել ներքնապէս, բնա՛ւ չի կրնար վայելել արտաքին լայնարձակ աշխարհին մէջ: Մարդու ներաշխարհը ամէնէն ընդարձակ վայրն է, ուր ազատօրէն կրնայ շրջագայիլ ան, իր մտածումները ազատօրէն արտայայտել, ունկնդիր ունենալով միայն իր անձը:

Ներաշխարհի պատուհանէն ներս թափանցելու համար սակայն, պէտք է ձերբազատիլ որոշ սովորութիւններէ, որոնք աւելորդ մտահոգութիւններ ըլլալով՝ մեծ արգելքներ են այդ իրավիճակին հասնելու համար: Անոնցմէ առաջինը ուրիշին կեանքով զբաղիլն է, որմէ պէտք է անպայման հրաժարիլ: Կրնա՞ս դադրեցնել ուրիշին կեանքը պեղելու, անոր եղածով ու ըլլալիքով, եւ մանաւանդ անոր ունեցածով հետաքրքրուելու ճիգէդ: Շատերու համար այնքան բնական է այս «աշխատանքը», որ երբեմն իրենց առօրեայ ապրուստին համար կատարած աշխատանքէն աւելի կարեւոր ըլլալ կը թուի: Ոմանց համար մրցակցութեան ոգի կը թարգմանուի նախանձը, որուն կու տան «բարի նախանձ» անունը, մեղմելու համար այն դառն զգացումը, որ ցարդ որքա՜ն ոճիրներու պատճառ հանդիսացած է:

Ուրիշին կեանքով հետաքրքրուելէ հրաժարիլդ գլխաւոր բանալին է հանգիստ ապրելուդ: Հետաքրքրութեան պակասը սակայն, մարդասիրական անտարբերութիւն պէտք չէ՛ ծնի զգացական ապրումներով հարուստ եւ մարդկային միջավայրի մէջ ապրող մարդու սիրտին մէջ: Մարդասիրական օժանդակութիւն ցուցաբերելը ա՛յլ հետաքրքրութիւն է, իսկ ուրիշին ճոխ ապրելակերպին նախանձիլը՝ այլ:

Ինծի ի՞նչ, որ ուրիշը ի՞նչ ունի, կամ ինչպէ՞ս կ՛ապրի. բայց զիս պէտք է հետաքրքրէ, որ ուրիշը ինչ չունի, կամ չի՛ կրնար մարդավայել կեանքով ապրիլ…։ Ահա՛ թէ ուրկէ՛ կը սկսի քրիստոնէական բարոյագիտութիւնը եւ ո՛ւր կ՛աւարտի:

Հանգիստ կեանք ապրելու ձեւը երկիմաստ է: Եթէ քեզմէ աւելի լաւ պայմաններ ունեցողներուն կեանքով հետաքրքրուած չես՝ ունեցածովդ բաւարարուած կեանքով հանգիստ կ՛ապրիս, իսկ եթէ քեզմէ աւելի դժբախներուն կեանքով հետաքրքրուիս օժանդակութիւն ցուցաբերելու համար անոնց, այն ատեն հոգեկան բաւարարութեան լիացնող ապրումներով կը շարունակես կեանքդ, ներքնապէս առաւել խաղաղ հոգիով:

ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/08/2021, 08:18