Սուրբ Փրկիչ ժողովրդապետութեան մէջ Սուրբ Փրկիչ ժողովրդապետութեան մէջ 

Տօն Վերափոխման Ս. Կոյսին` խաղողօրհնէքը Սուրբ Փրկիչ ժողովրդապետութեան մէջ։

«Օրհնեալ ես ով շնորհքներով լեցուն, մայր եւ թագուհի տիեզերքի. այս ինչ մեծ օրհնութիւն ես մեզի: Ով մայրը մեր Տիրոջ՝ եղիր պաշտպան եւ բարեխօս մեր երկրին համար, որպէսզի ազատագրուի չարի ժանիքներէն: Այդ ժամանակ զաւակներդ անգամ մը եւս ուրախանան, եւ փառաբանեն զԱստուած այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս. ամէն»

Վատիկան Նիուզ

Շաբաթ 14 օգոստոսի յետմիջօրէին` Սուրբ Կոյս Մարիամի վերափոխման տօնի նախօրեակին Լիբանանի Հայ կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ Եկեղեցւոյ բակին մէջ Արհիապատիւ Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի նախագահեց Սուրբ եւ Անմահ պատարագին ու խաղողօրհնէքի արարողութեան։

Մէկ օր առաջ 13 օգոստոսի երեկոյեան Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան մէջ տեղի ունեցաւ Վերափոխման տօնին նուիրուած համերգ կատարողութեամբ Արծիւեան երգչախումբին։

Սուրբ զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Արհիապատիւ Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան մեկնաբանեց Պօղոս առաքեալի Գաղտէացիներու (Գաղտ. 4:4-5) թուղթէն քաղուած հետեւեալ հատուածը. «Բայց երբ ժամանակը լրացաւ, Աստուած իր Որդին ղրկեց, որ կնոջմէ եղաւ ու օրէնքի տակ մտաւ, որպէսզի օրէնքի տակ եղողները փրկէ եւ որպէսզի մենք որդեգրութիւն ընդունինք»:

«Այս համարը նոր կտակարանի ամենահին գրութիւններէն է ( 57Ք.Ե.), որ կը յիշէ Մարիամը եւ կը պարզէ անոր ունեցած իւրայատուկ դերը փրկագործութեան ծրագրին մէջ» ըսաւ Գերապայծառ Տէրը աւելցնելով որ «Ս. Կոյս Մարիամ՝ Աստուածամայրն ու Աստուածածինը, մարդկային պատմութեան անզուգական եւ եզակի այն անձնաւորութիւնն է, որու կը պարտինք մեր Փրկիչին մարդեղացումը»:

«Ըստ աւանդութեան, երբ Մարիամ հոգեվարքի մէջ, աշակերտները աստուածային ներշնչումով մը վերադարձան իրենց առաքելութենէն, աղօթելու իրենց մօր համար: Պետրոս եկաւ Հռոմէն. Յովհաննէս՝ Եփեսոսէն. Թովմաս՝ Հնդկաստանէն. Անդրէաս՝ Պարսկաստանէն. Յակոբոս՝ Երուսաղէմէն. Թադէոս՝ Րուհայէն, Բարթողոմէոս՝ Հայաստանէն. Սիմոն նախանձայոյզ՝ Կիպրոսէն. Յուդան, ոչ Իսկարիովտացի՝ Կիլիկիայէն եւ ուրիշներ անոր մահէն ետք հասան: Երբ գերեզման գացին Կոյսին մարմինէն օրհնութիւն ստանալու համար, զայն հոն չգտան: Այս էր պատմութեան հզօր դէպքը: Քրիստոս իր մայրի երկնային փառքերու մէջ վերափոխեց, որպէսզի հոնկէ ըլլայ ան մեր բարեխօսը, օգնականը, պաշտպանը եւ փաստաբանը» ըսաւ ապա Պատարագիչ առաջնորդը մատնանշելով «Եկեղեցւոյ աւանդութեան մէջ վերափոխման տօնը սկսած էր յիշատակելու Դ. Դարէն սկսեալ»:

Արհիապատիւ Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան ակնարկեց ապա Հայերու մօտ վերափոխման տօնի առթիւ խաղողօրհնէքի աւանդութեան ու քարոզը եզրափակեց Սուրբ Կոյսին նուիրուած սոյն աղերսով. «Օրհնեալ ես ով շնորհքներով լեցուն, մայր եւ թագուհի տիեզերքի. այս ինչ մեծ օրհնութիւն ես մեզի: Ով մայրը մեր Տիրոջ՝ եղիր պաշտպան եւ բարեխօս մեր երկրին համար, որպէսզի ազատագրուի չարի ժանիքներէն: Այդ ժամանակ զաւակներդ անգամ մը եւս ուրախանան, եւ փառաբանեն զԱստուած այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս. ամէն»:

Խաղողօրհնէքը Սուրբ Փրկիչ ժողովրդապետութեան մէջ։
Խաղողօրհնէքը Սուրբ Փրկիչ ժողովրդապետութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/08/2021, 20:37