Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի տարեդարձը Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի տարեդարձը 

Լիբանանին ի նպաստ Քարիթաս Իտալիայի դրամահաւաքը կը շարունակուի։

Ի տես ողբերգական կացութեան Իտալիոյ Քարիթասը զօրակցութեան կոչ ուղղած է մօտիկ ըլլալու համար Լիբանանի Եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

4 օգոստոս 2020-ին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն մէկ տարի ետք, որ պատճառեց 200 զոհ եւ աւելի քան եօթը հազար վիրաւորներ ու այլ 300 հազար մարդիկ մնացին անտուն Լիբանանը կը շարունակէ մնալ անել վիճակի մէջ ու տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային ճգնաժամին աւելցաւ նաեւ Քովիտ19-ի պատճառած առողջապահական տագնապը ու այս բոլորը բնակչութիւնը մատնեցին յետին աղքատութեան , անօթութեան եւ յուսահատութեան։

Ի տես ողբերգական այս կացութեան Իտալիոյ Քարիթասը զօրակցութեան կոչ ուղղած է մօտիկ ըլլալու համար Լիբանանի Եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին, յայտարարելով որ «Emergenza Libano - Լիբանանի մէջ արտակարգ վիճակ» բնաբանով դրամահաւաքը պիտի շարունակուի, որուն միջոցաւ պիտի շարունակուին նաեւ Քարիթասին Լիբանանի մէջ ձեռնարկած գործունէութիւնները, դիմագրաւելու համար լիբանանցիներուն ապրած տագնապալի ու ողբերգական իրավիճակը։

Քարիթասին Լիբանանի մէջ իրականացուած ծրագիրներու մասին յաւելեալ տեղեկութիւնները կարելի է գտնել հետեւեալ հասցէին վրայ www.caritas.it

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/08/2021, 10:02