Գերմանիոյ մէջ ողողումներու հետեւանքները Գերմանիոյ մէջ ողողումներու հետեւանքները 

Բարթողոմէոս Ա. Անշարժ չի մնանք արարչագործութեան կործանման ու անոր տառապանքին դիմաց։

Եկեղեցւոյ կեանքը շօշափելի յարգանք է արարչագործութեան նկատմամբ ինչպէս նաեւ վայր ու եղանակ անձի մշակոյթի եւ զօրակցութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք` Բարթողոմէոս Ա, մէկ սեպտեմբերին նշուող Արարչագործութեան հոգատարութեան նուիրուած աղօթքի օրուան առթիւ հրապարակած պատգամին մէջ հրաւէր կ՛ուղղէ աղօթելու, որպէսզի յաղթահարենք առողջապահական ճգնաժամին հետեւանքները եւ լուսաւորուին աշխարհի ղեկավարներուն մտքերը, որպէսզի անոնք չի շարունակեն յարատեւել, արտադրութեան եւ սպառումի, բնական պաշարներու սպառիչ շահագործման սկզբունքներու տնտեսական կեանքի կազմակերպման մէջ, ինչպէս պատահած է նախահամաճարակեան ժամանակաշրջանին։

Քովիտ19 ի հայող «ապատեղեկատուութիւնը»

Պատրիարքը կը քննադատէ նաեւ Քովիտ19 ի հայող «ապատեղեկատուութիւնը» զայն նմանեցնելով կլիմայական փոփոխութիւններուն հայող ապատեղեկատուութեան, դիտել տալով թէ այս ուղղութեամբ կայ պատասխանատուութեան մեծ կարիք։

Բարթողոմէոս Ա կը յիշեցնէ թէ համաճարակին կանխարգիլումի ուղղութեամբ առնուած քայլերը կը կազմեն «Եկեղեցւոյ հովուական հիմնական պատասխանատուութիւն», կարեւոր նկատելով նաեւ բոլորին ու մասնաւորապէս աղքատներուն պատուաստ մատակարարելու հրամայականը։

Անտարբերութիւնը անարգանք է Աստուծոյ դէմ

Կ. Պոլսոյ Պատրիարքին համար «անըմբռնելի է անշարժ մնալը», «անտարբերութիւնը հանդէպ մեր նմաններուն, որոնք կը տառապին արարչութեան կործանումին համար Աստուծոյ նկատմամբ անարգանք է եւ Անոր պատուիրաններուն անտեսում է» կը շեշտէ Ան, հաստատելով, որ «այնտեղ ուր յարգանք կայ արարչագործութեան նկատմամբ ու սէր Աստուծմէ սիրուած մարդուն հանդէպ, այնտեղ Աստուած ներկայ է»։

Եկեղեցւոյ կեանքը ստեղծագործութեան նկատմամբ յարգանք է և մարդկանց խնամքի վայր

Պատրիարքը կը մատնանշէ ապա Աստուածաբաններու պաշտօնական յանձնախմբի մը ստեղծման, որուն պարտականութիւնն է պատրաստել թղթածրար մը հայող ժամանակակից աշխարհին մէջ Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ վկայութեան, անոր ընկերային առաքելութեան ու հաւատքի վրայ ընկերային հետեւանքներուն։

Ան ապա կը շեշտէ թէ բնութեան հետ բարեկամական վերաբերմունքը այնպէս ինչպէս նաեւ մարդ անհատի սրբութեան ճանաչումը, «ծէսէն ետք ծէս մըն են», որոնք կը կազմեն Եկեղեցւոյ Սուրբ Հաղորդութեան իրականութեան կենսական չափանիշերը։

Եկեղեցւոյ կեանքը արդարեւ շօշափելի յարգանք է արարչագործութեան նկատմամբ ինչպէս նաեւ վայր ու եղանակ անձի մշակոյթի եւ զօրակցութեան։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/08/2021, 09:00