Աֆղան կիներ Աֆղան կիներ 

Կարդինալ Հոլլերիք. Արեւմուտքը Աֆղանիստանին նուիրեց երազներ բայց ոչ օգնութիւններ։

Եւրոպական Միութեան եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու յանձնախումբի նախագահը ապա կոչ ուղղեց ամէն ճիգ դափելու ի նպաստ մարդկային կեանքերու փրկութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Եւրոպական Միութեան եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու յանձնախումբի (COMECE) նախագահ Կարդինալ Ժան Քլոտ Հոլլերիք Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադառնալով Աֆղանիստանի մէջ տիրող ցաւալի կացութեան մեղադրեց Արեւմուտքը, որ երազներ եւ յոյսեր նուիրեց Աֆղան ժողովուրդին` որոնք այսօր այլեւս գոյութիւն չունին։ Ան մեղադրեց նաեւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Աֆղանիտասի մէջ որդեգրած աշխարհաքաղաքականութիւնը եւ քննադատեց եւրոպական քաղականութեան վերաբերմունքը, որ հակուած է արտահանելու արժէքներ, որոնք ապա չեն կիրարկուիր եւ որ այժմ կը բացառեն երկրէն փախչող աֆղանցիներուն մարդասիրական միջանցքներու հնարաւորութիւնը:

Եւրոպական Միութեան եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու յանձնախումբի նախագահը ապա կոչ ուղղեց ամէն ճիգ դափելու ի նպաստ մարդկային կեանքերու փրկութեան։

Ան Աֆղանիստանի մէջ տիրող մարդկային ողբերգութեան պատճառը վերագրեց Արեւմուտքին որ Աֆղան կիներուն ու մանաւանդ երիտասարդ կիներուն նուիրեց երազներ ու խոստացաւ աւելի լաւ ապագայ մը, որ այժմ անյայտացած է։ Կարդինալ Հոլլերիք խօսեցաւ նաեւ Աֆղանիստանի մէջ Արեւմուտքի քաղաքականութեան ձախողութեան մասին որ չկարողացաւ լաւապէս կազմաւորել ու կազմակերպել երկրին զանազան կառոյցները սկսեալ անոր բանակէն։

Այն հարցումին թէ արդեօք կարելի է երկխօսութիւն հաստատել Թալեպաններուն հետ Կարդինալ Հոլլերիք նշեց` թէ ինք չի կրնար այս հարցին պատասխանը տալ, բայց ըսաւ Ան ես կը մտածեմ թէ Աստուած կը գործէ իւրաքանչիւր մարդու մէջ ու թէ ամէն մէկ մարդու մէջ կայ բարի բան մը, ուստի կարելի է միշտ ձգտիլ երկխօսութեան։

«Այս մէկը քրիստոնէական, կաթողիկէ մօտեցում մըն է, տեսնել թէ Սուրբ Հոգին կը գործէ համայն աշխարհին մէջ» յայտնեց Եւրոպական Միութեան եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու յանձնախումբի նախագահը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/08/2021, 08:00